«Հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի»

 

Մատթէոսի աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի»: (Մտ 25.36): Որո՞նք են հիւանդները: Զանոնք կարելի է բաժնել հինգ խումբերու.-

1- Հիւանդները բոլոր անոնք են՝ որոնք հեռու են եկեղեցիէն, աղօթքէն, Աստուծոյ խօսքէն, Քրիստոսի մարմինէն եւ արիւնէն, Սուրբ Հոգիին ներգործութենէն եւ ամէն բանէ որ զիրենք կրնայ մօտեցնել Աստուծոյ: Եկեղեցիին պարտականութիւնն է այցելել իրենց տուներուն մէջ նստած եւ հաւատացեալներէն ու հոգեւոր հովիւներէն մոռցուած, անտեսուած եւ չայցելուած անհատներուն եւ զիրենք առաջնորդել եկեղեցի եւ եկեղեցւոյ ընդմէջէն՝ Աստուծոյ: 

2- Հիւանդները անոնք են՝ որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգին տրտմած, ուրիշներուն կողմէ իրենց կրած նեղութիւններուն եւ նախատիքին պատճառով: Դաւիթ մարգարէն կ’ըսէ.- «Նախատիքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. գթացող մը փնտռեցի բայց չկար, եւ մխիթարութիւն տուողներ որոնեցի բայց չգտայ» (Սղ 69.20): Ուրիշը նախատել եւ անարգել, կը նշանակէ կոտրել անոր սիրտը: Քննադատող եւ դատապարտող լեզուն կործանիչ ու քանդիչ է: Քրիստոնեաներուս կոչումն է քաջալերող եւ մխիթարող լեզու ունենալ, գթացող եւ կարեկցող սիրտ ունենալ: Հիւանդին հոգ տանիլը, կոտրած սիրտ եւ տրտմած հոգի ունեցողները վերականգնելն ու վերաշխուժացնելն է: 

3- Հիւանդ մարդը յուսահատ մարդն է: Քիչ չէ թիւը այն մարդոց որոնք կը փորձեն պայքարիլ մեղքի դէմ, եւ սակայն, Չարին կողմէ իրենց ստացած նետահարումներուն իբրեւ հետեւանք՝ յուսահատ գետին կ’իյնան եւ ալ չեն ուզեր ոտքի կանգնիլ ու պայքարիլ: Հիւանդին հոգ տանիլ, կը նշանակէ նեցուկ կանգնիլ եւ պատերազմակից դառնալ բոլոր անոնց՝ որոնք մեղքին դէմ իրենց մղած պայքարին մէջ հետզհետէ սկսած են ընկրկիլ եւ նահանջել: Մեր առաքելութիւնն է Քրիստոսով զօրացնել տկարները եւ սորվեցնել անոնց որ պէտք չէ ընկճուիլ փորձութեանց դիմաց: Փորձիչը՝ սատանան տեղի կու տայ երբ ընդիմադիրներու հանդիպի:   

4- Հիւանդ մարդը սխալ հոգեւոր սնունդ ստացող մարդն է: Ինչպէս սխալ դեղ ստացող մարդը հիւանդ ու անհանգիստ կ’ըլլայ ֆիզիքապէս, այնպէս ալ սխալ, անճիշդ եւ մոլորեցուցիչ հոգեւոր ուսուցումներու ուշադրութիւն դարձնող մարդը՝ հոգեւորապէս հիւանդ կ’աճի: Մեզմէ պահանջուածը այն է, որ ճշմարտութենէն մոլորածները առաջնորդենք Քրիստոսի առողջ եւ առողջացուցիչ ուսուցումներու կաթին:

5- Կասկած չկայ որ հիւանդ մարդը նաեւ ֆիզիքապէս հիւանդ մարդն է: Նախապէս յիշուած չորս կէտերուն նման այս կէտը նաեւ նո’յնքան արժէք եւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Աստուծոյ համար: Ֆիզիքապէս հիւանդները Քրիստոսի խնամքին անժանացան, ինչպէս յիշուած է Մատթէոսի Աւետարանին մէջ.- «Մարդիկ իրեն բերին այն հիւանդները, որոնք կը տառապէին զանազան ցաւերէ եւ բարդութիւններէ, ինչպէս նաեւ դիւահարներ, լուսնոտներ, անդամալոյծներ եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք» (Մտ 4.24): 

   Քրիստոս թելադրեց մեզի նոյնը ընել, երբ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ իր աշակերտներուն ըսաւ հետեւեալը.- «Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, չար ոգիները հանեցէք: Ձրի արիք, ձրի ալ տուէք» (Մտ 10.8): 

    Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» նիւթի մասին:

  Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան:   Ամէն: