«Մեր աջ երեսը ապտակողին միւս երեսն ալ պէ՞տք է դարձնենք»:
Խորհրդածութիւնը քաղուած է Վաղինակ Վրդ. Մէլոյեանի «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» գիրքէն:
Մատթէոսի աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Մի հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր»: (Մտ 5.3»): Այս համարը Աստուածաշունչի ամէնէն պարզիմաստ համարներէն մէկն է, բայց զարմանալիօրէն յաճախ ատիկա սխալ բացատրուած եւ մեկնաբանուած է մարդոց կողմէ:
«Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր». այս խօսքին իմաստն ու նշանակութիւնը պարզ կը դառնայ եթէ երբեք աչքի առջեւ ունենանք զինք նախորդող խօսքը.- «Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին»:
Հիմնական դասը որ Քրիստոս կ’ուզէ այստեղ մեզի սորվեցնել այն է, որ մարդ արարածը պէտք չէ փորձէ վրէժխնդիր ըլլալ անձնապէս: Ո’չ Հին Կտակարանը եւ ո’չ ալ Նոր Կտակարանը կը խօսին անձնական վրէժխնդրութեան սկզբունքին մասին: Ընդհակառակը, անոնք բազմիցս կը շեշտեն որ վրէժխնդրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի (Բ.Օր 32.35, Ես 34.8):
Դարձեալ Մատթէոսի աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ» (Մտ 5.38): Քրիստոսէ առաջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի ժամանակակից Հրեաներ այս բառերուն ետին անձնական վրէժխնդրութեան սկզբունքի մը հաստատումն էր որ կը տեսնէին: Ճշմարտութիւնը սակայն տարբեր էր: Աստուծոյ պահանջածը իր ժողովուրդէն չարիքը չարիքով չհակադարձելն էր: Աստուած կ’ուզէ մեզի սորվեցնել որ մեր աչքը հանողին աչքը հանելով ո’չ յաղթանակ է որ ձեռք ձգած կ՛ըլլանք եւ ո’չ ալ արդարութիւնն որ տիրած կ’ըլլայ:
Նման խիստ օրէնքի մը տըւչութեամբ, Աստուած հիմնական մէկ նպատակ կը հետապնդէր՝ հեռո’ւ պահել մարդը չարիք գործելու իր տրամադրութենէն: Արդարեւ, չենք կրնար ուրանալ որ նման օրէնք մը կը սանձէ եւ կը զսպէ չարագործ մարդուն չարաբոյր ախորժակը: Չարագործ մարդը եթէ ուզէ դիմացինին աչքը հանել, նախ բնականօրէն պիտի մտածէ որ ի’ր ալ աչքը պիտի հանեն, եւ այս մտածումը, պատճառ կ’ըլլայ որ հրաժարի դիմացինին աչքը հանելու իր չար մտադրութենէն: Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր իր նմանին ակռան փշրել եթէ երբեք գիտնար որ իր ալ ակռան պիտի փշրուի:
Բայց Քրիստոսի մեզի սորվեցուցածը այն չէ, որ չարիքէ հեռու կեանք որպէսզի չարիքի չհանդիպինք: Քրիստոս երկու քայլ առջեւ գնաց իր ուսուցումին մէջ: Առաջին քայլը կը տեսնենք երբ կ’ըսէ.- «Մի’ հակառակիր քեզի չարիք ընողին»: Քրիստոս անոխակալութեան սկզբունք մըն էխ որ կը հաստատէ այստեղ: Մէկու մը աչքը հանելը չարիք մըն է: Նման արարքի մը կատարումը որեւէ ձեւով չ’արդարացուիր: Մեզի հակառակողին հակառակիլը՝ անոր մակարդակին իջնել է: Բամբասողին բամբասելը՝ բամբասող դառնալ է: Չարիք ընողին չարիք ընելը՝ չարագործութիւն է: Զարեհ Արք. Ազնաւորեան խօսելով վերոյիշեալ համարին մասին կ’ըսէ.- «Երբ մէկը չարիք կ’ընէ, յստակ կը դառնայ որ ան բարիին գիտութիւնը եւ ծանօթութիւնը չունի, բարիին զօրութիւնը չի գիտեր: Մեզի չարիք գործողին դէմ չարիք որդեգրել եւ նոյն ձեւի պատասխան տալ, կը նշանակէ ուրանալ այդ բարիքը»:
Երկրորդ քայլը կը տեսնենք տուալ համարին երկրորդ կէսին մէջ.- «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր»: Քրիստոս չի գոհանար չարիք գործողին չհակառակիլ թելադրելով, այլ քայլ մը եւս առջեւ կ’երթայ եւ կը պատուիրէ ի պահանջեալ հարկին զիջում կատարել ըսելով. «Միւս երեսդ ալ դարձուր անոր»: Այս խօսքը բառացիօրէն պէտք չէ հասկնալ: Քրիստոս ինքն իսկ իր այս խօսքը բառացիօրէն չհասկցաւ: Յիշեցէք որ երբ Յիսուս Հաննա քահանայապետին առջեւ կանգնած էր եւ համարձակութեամբ կը խօսէր, քհանայապետին «սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած էր, ապտակ մը զարկաւ Յիսուսի»: Յիսուս իր միւս երեսը չդարձուց եւ ո’չ ալ լուռ կեցաւ, ընդհակառակը, ձեւով մը արդարութիւն է որ պահանջած եղաւ երբ ըսաւ.- «Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես ինծի» (Յհ 18.23):
Մտաբերեցէք նաեւ Պօղոս առաքեալին օրինակը: Երբ ան Ատեանին առջեւ կանգնելով իր անձին վերաբերեալ վկայութիւն մը տուաւ, «Անանիա քահանայապետը սպասաւորներուն հրամայեց որ անոր բերանին զարնեն» (Գրծ 23.2): Պօղոս լուռ չկեցաւ եւ ո’չ ալ ապտակող սպասաւորին ըսաւ.- «Հաճիս անգամ մը եւս զիս ապտակէ», այլ իր աչքերը յառելով Անանիա քահանայապետին, ըսաւ.- «Թող Աստուած քեզի զարնէ, ճերմկցուած պատ. նստեր ես՝ Օրէնքով զիս դատելու համար, եւ ապօրէն հրաման կու տաս որ զարնե՞ն ինծի» (Գրծ 23.3):
Առաքեալին ընդվզումը հարկաւ միայն իր ապտակուելուն համար չէր, այլ նաեւ Օրէնքի խախտումին եւ անարգումին համար էր: Եթէ երբեք ո’չ քրիստոնէութեան հիմնադիրը՝ Քրիստոս եւ ո’չ ալ քրիստոնէութեան մեծագոյն տարածիչը՝ Պօղոս, ապտակուելով լուռ կեցան կամ խնդրեցին որ անգամ մը եւս ապտակուին, մենք նաեւ, միշտ չէ որ լուռ պէտք է կենանք երբ մեր իրաւորնքը կը խլեն, երբ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրեն եւ երբ աղքատը կ’ոտնակոխեն:
Քրիստոնեայ մարդը կոչուած է ըլլալու ձայնը արդարութեան, շեփորահարը ճշմարտութեան: Պատահեցաւ որ Քրիստոս ապտակուի եւ լռէ եւ պատահեցաւ որ ապտակուի եւ արդարութիւն պահանջէ: Պօղոս առաքեալ նաեւ, երբեմն լռեց, երբեմն բարկացաւ եւ յանդիմանեց, երբեմն թելադրեց եւ սաստեց: Այս իրողութիւնը կը պարզէ, որ քրիստոնեայ մարդը պէտք է գիտնայ թէ երբ պէտք է լռէ եւ երբ պէտք է խօսի, երբ պէտք է խաղաղ մնայ եւ երբ պէտք է տագնապի:
Հետեւաբար, «միւս երեսդ ալ դարձուր» խօսքով, Քրիստոս լռութեան եւ անտարբերութեան կոչ մը չէ որ կ’ուղղէ մեզի, ո’չ ալ տկարանալու եւ վախնալու հրաւէր մըն է որ կը կարդայ, այլ պարզապէս, չարին չընդիմանալու, զիջում ընելու, ներողամիտ կեցուածք ունենալու, եւ չարին բարիով յաղթելու թելադրանք մըն է որ կ’ընէ:
Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Այն ծնողը որ կը սիրէ իր զաւակը՝ թող զայն մօտեցնէ Քրիստոսի» նիւթին մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն:
