Քրիստոնէական Դաստիարակչական – Գրադարան

Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր ճիւղերէն մէկն է:

Հայ Եկեղեցին եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, միշտ նեցուկ կանգնած եւ յատուկ կարեւորութիւն տուած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան: Աստուածաշունչը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան խորհուրդներու դաստիարակչական գործին մէջ կեդրոնական տեղը կը գրաւէ: Աստուածաշունչի կողքին, Առաքելական աւանդութիւնը, բարոյական արժէքները, մեր հայրերէն մեզի հասած հոգեւոր ժաօանգութիւնները նաեւ դաստիարակչական ժրագիրին մաս կը կազմեն:

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդը իր գործունէութեամբ, մեր ժողովուրդի զաւակներու բոլոր տարիքներուն ուղղութիւն կու տայ, աւելի մօտէն կը ծանօթացնէ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանաքին, աւանդութիւններուն, սուրբերուն ու տօներուն՝ թէ՝ հայազգի եւ թէ ալ համաքրիստոնէական: Կը համադրէ Աստուածաշունչի սերտողութիւններ, բանախօսութիւններ, դասախօսութիւններ եւ հրատարակութիւններ:

Գանատայի Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդը համագործակցաբար Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, տակաւին, տարբեր տեսակի ծրագիրներ եւս կը մշակէ.-

– Իր պատրաստած ուղեցոյցին համաձայն, մօտէն կը հետեւի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու կարիքներուն: Անոնց համար կը պատրաստուի համապարփակ ծրագիր, որ կ՛օժանդակէ տեսուչներու եւ ուսուցիչներու աշխատանքներուն: Կը հետապնդուի նաեւ՝ դասագիրքի եւ այլազան դասարանային աշխատանքային տետրակներու կազմութեան եւ ուսուցիչներու ուղեցոյցի պատրաստութեան ծրագիրներ:

  • Երիտասարդական տարեկան Համագումարներ եւ հաւաքներ:
  • Դպրաց Դասերու Համախմբում (Սեմինար):
  • Ուսուցչական Միօրեայ Սեմինար:
  • Մանուկներու Փառատօն:
  • Մանկապատանեկան արուեստի մրցանք:
  • Գարնանային ճամբար:

Այս աշխատանքները կը կատարուին որպէսզի մասնակիցները հայկական միջավայրի մէջ ստանան քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն:

ՏԵՍԱԴԱՐԱՆ

Երիտասարդաց Զրոյց – Դուն Հարուստ ես

Youth Talks – You are Rich 10/11/2023

Ամուսնութեան Խորհուրդը They Mystery of Marriage 25/06/2023

Տղան Աղջիկը եւ Մատանին The Boy, the Girl and the Ring 24/06/2023

Շիտակ Անձը The Right Person 24/06/2023

Ես եմ Լոյսը աշխարհի I am the Light of the World 28/10/2022