«Այն ծնողը որ կը սիրէ իր զաւակը՝ թող զայն մօտեցնէ Քրիստոսի»

Խորհրդածութիւնը քաղուած է Վաղինակ Վրդ. Մէլոյեանի «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» գիրքէն:  

 

      Եթէ երբեք կը կարծենք որ մեր սէրն է որ արտայայտած կ’ըլլանք մեր զաւակներուն նկատմամբ տալով անոնց ինչ որ կ’ուզեն ու կը փափաքին, ասիկա զանոնք սիրել չեղաւ, այլ զանոնք կործանել: Ծնողներ իրենց զաւակներուն պէտք չէ տան ու արտօնեն ինչ որ անոնք կ’ուզեն ու կը սիրեն, այլ պէտք է տան ու արտօնեն միայն այն՝ ինչ որ օգտակար է անոնց: Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ կ’ըսէ.- «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ: Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ չ’օգներ ուրիշներու հաւատքը ամրապնդելու» (Ա.Կր 10.23):   

 

   Կեանքի մէջ շատ բաներ կան որ կրնանք ընել որոնք սակայն օգտակար չեն: Եթէ մէկը ուզէ շատակերութիւն ընել՝ արգիլող չկայ, բայց մեզմէ ո՞վ չի գիտեր շատակերութեան վնասները: Եթէ մայր մը ուզէ իր զաւակին արգիլել որ եկեղեցի յաճախէ կամ Սուրբ Գիրք կարդայ՝ մէկը չի կրնար պահանջել իրմէ որ փոխէ իր վերաբերմունքը, բայց դարձեալ, ո՞վ չի գիտեր որ այդ մայրը դէպի ամբողջական կործանում կ’առաջնորդէ իր զաւակը, ո՞վ չի գիտեր որ ան պատասխանատու է Աստուծոյ առջեւ, իր զաւակին առջեւ, եւ բոլոր այն մարդոց առջեւ՝ որոնց գայթակղութեան պատճառ դարձած է ու կը դառնայ:

 

   Յիշեցէք Հեղի քահանային օրինակը: Ան իր զաւակներուն՝ Ոփնիին ու Փեհէնէսին նկատմամբ իր ցուցաբերած անտարբեր ու անհոգ վերաբերմունքին պատճառով՝ գայթակղութեան պատճառ դարձած էր ամբողջ ժողովուրդին համար: Աստուածաշունչը կը պարզէ որ Հեղի քահանան երբեք խիստ չէ եղած իր զաւակներուն հանդէպ: Ան նոյնիսկ չէ սանձած ու չէ յանդիմանած զիրենք երբ անոնք խախտած ու անարգած են աստուածադիր օրէնքներն ու պատուիրանները: Առաջին Թագաւորաց Գիրքին մէջ Աստուած Հեղի քահանային կ’ըսէ.- «Իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կանարգես եւ քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես, որպէսզի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը դուք ձեզ գիրցնէք» (Ա.Թգ 2.29): 

   Հաւանաբար հայրական «սէրէն» մղուած, Հեղի քահանան չէ ուզած իր զաւակները հեռացնել քահանայական պաշտօնէն. բայց այսպիսի սխալներու լռելը՝ սիրոյ կամ բարեացակամութեան արտայայտութիւն չէ, այլ՝ բացարձակ անպատասխանատուութեան եւ անտարբերութեան արտայայտութիւն: Մայր մը կամ հայր մը պէտք չէ լռեն իրենց զաւակին սխալին, մանաւանդ եթէ երբէք այդ սխալը ուղղուած է Աստուծոյ դէմ: 

 

  Ոփնիին եւ Փեհէնէսին սխալն ու մեղքը ուղղուած էր Աստուծոյ դէմ. նոյնինքն Հեղի այս բանը կը հաստատէ ըսելով.- «Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կ’որոշէ, բայց եթէ մարդ մը Տիրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ» (Ա.Թգ 2.25): Իր զաւակին աստուածանարգութեան նկատմամբ հանդուրժողութիւն յայտնաբերող մայրը՝ անհանդուրժելի կը դառնայ Աստուծոյ համար: 

 

   Ծնողներ իրենց ծնողական պարտականութիւնը լիովին կատարած կ’ըլլան միայն այն ատեն՝ երբ առաջնորդեն իրենց մանուկները մանուկներու մեծ սիրահարին՝ Յիսուսի մօտ.- «Ձգեցէ’ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի’ ըլլաք անոնց» (Մտ 19.14): Ի՜նչ ցաւալի բան է հանդիպիլ այնպիսի’ ծնողներու որոնք չեն ուզեր որ իրենց զաւակները իրենց կանուխ տարիքէն յանձնուին Քրիստոսի՝ այն տրամաբանութեամբ կամ առարկութեամբ, որ իրենց զաւակները պիտի չկարենան վայելել իրենց մանկութիւնը, իրենց երիտասարդութիւնը, իրենց կեանքերը: Անոնք չեն անդրադառնար որ Քրիստոսի հետ ըլլալն ու ապրիլը մեծագոյն հաճոյքն է, գերագոյն վայելքն է: Քրիստոսէ հեռու ոչինչ կրնայ հաճելի ըլլալ: 

 

   Ո՞վ ըսաւ որ Քրիստոսի յանձնուող մարդը կը դժբախտանայ: Փորձառո՞ւ մէկը: Քրիստոսի հետ ապրած ու անոր սիրոյն մէջ աճա՞ծ մէկը: Ո’չ մէկ անձ որ ապրած է Քրիստոսի հետ եկած է այն եզրակացութեան որ Քրիստոսի յանձնուիլն ու անոր հետ ապրիլը աղէտ է: 

 

   Դիտեցէք մարդկային կեանքի փորձառութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ բոլոր այն ծնողները որոնք յանձնուած են Քրիստոսի՝ քաջալերած են նաեւ որ իրենց զաւակները յանձնուին, իսկ անոնք որոնք չեն յանձնուած Քրիստոսի՝ փորձած են նաեւ արգելք հանդիսանալ իրենց զաւակներուն այդ քայլը առնելու: 

 

   Իսկապէս իր զաւակը սիրող մայրը կամ հայրը, ամէն բանէ առաջ պէտք է ապահովեցնէ յաւիտենականութիւնը իր զաւակին: Իսկ զաւակին յաւիտենականութիւնը ապահովեցնելու միակ կերպը զայն Քրիստոսի ծանօթացնելն է: Քրիստոսէ հեռու չկա’յ ապահովութիւն: Ոեւէ մայր կամ հայր իր սեփական ճիգերով թող ի զուր տեղ չփորձէ ապահովութեան եւ  վստահութեան զգացում ներշնչել իր զաւակին: Ապահովութեան զգացումը մեր զաւակներուն մօտ հանդէս չի գար երբ անոնց անունով մեծ գումարներ դիզենք դրամատուներու մէջ, ո’չ ալ եթէ յարկաբաժիններ արձանագրենք անոնց անուններով: Մեր զաւակներուն ապահովութիւնն ու յաջողութիւնը կախեալ չէ անոնց ունեցած նիւթականէն, կարելիութիւններէն, հանգստաւէտ պայմաններէն կամ գործերու առատութենէն: Մեր զաւակները ապահովութեան զգացումով կը լեցուին միայն ա’յն ատեն՝ երբ օգնենք անոնց իրենց սիրտերը բանալու Քրիստոսի շնորհքին առջեւ: 

 

   Առակաց Գիրքին մէջ կ’ըսուի.- «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւակին կ’ընէ» (Առ 3.12), ուստի, եթէ ձեր զաւակը կը սիրէք, հետեւեցէք Տիրոջ օրինակին եւ քաղցրութեամբ «խրատեցէք» ու յանդիմանեցէք զայն երբ սխալ ընթացքի մէջ ըլլայ: Խրատելը անուշ-անուշ խօսիլը չէ միայն, այլ ի պանահջեալ հարկին պատժելն է նաեւ, քաղցօրէն պատժելը: Զաւակիդ սխալ ընթացքին դիմաց մնայուն կերպով ներողամիտ ըլլալովդ կրնաս անոր յաւերժ կորստեան պատճառ դառնալ:   

 

Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Աստուած չի՛ կարծրացներ մարդուն սիրտը» նիւթին մասին:

   

     Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան:   Ամէն: