«Ի՞նչ կը նշանակէ ծառայել Աստուծոյ»
Խորհրդածութիւնը քաղուած է Վաղինակ Վրդ. Մէլոյեանի «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» գիրքէն:
Աստուծոյ ծառայելը իւրաքանչիւր մարդու կոչումն է, բայց միաժամանակ պարտաւորութիւնը: Երբեմն մարդիկ Աստուծոյ անունով կը գործեն, բայց իրենց գործն է որ կը գործեն եւ ո’չ թէ Աստուծոյ: Աստուծոյ ծառայելը՝ Աստուծոյ կամքին հնազանդիլն է: Իսկ Աստուծոյ կամքը միշտ ալ դիւրիւն չէ կատարելը: Կրնայ պատահիլ որ Աստուծոյ կամեցածը մեր կամեցածին հակառակը ըլլայ:
Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ մենք ուզենք Աստուծոյ խօսքը քարոզել Գանատայի մէջ, մինչ Աստուած ուզէ մեզ ուրիշ երկիր մը ղրկել իր խօսքը այդտեղ քարոզելու համար: Ահաւասիկ երկու կամքերու բաղխում: Հո’ս է որ ցոյց պէտք է տանք, թէ մենք իսկապէս Աստուծո՞յ է որ կը ծառայենք, թէ՝ Աստուծոյ անունով մեր անձին է որ կը ծառայենք: Դիւրիւն ու հաճելի է Աստուծոյ խօսքը տարածել հոր ուր մենք կ’ուզենք, հոն ուր մեզ փառաբանողներ կան:
Ընդհանրապէս մարդիկ կը սիրեն ծառայել Աստուծոյ, ծառայելով իրենց սիրած միջավայրին մէջ եւ իրենց սիրած մարդոց: Բայց պէտք չէ մոռնանք որ Աստուծոյ իրաւունքն է որոշել մեր ծառայութեան դաշտը, ինչպէս նաեւ մարդիկը՝ որոնց պէտք է ծառայենք: Ինչպէս զինուորը իր ուզած տեղը եւ իր ուզած մարդոց չէ որ ծառայութիւն կ’ընէ, այլ իր զօրավարին ուզած տեղն ու ուզած մարդոց, այնպէս ալ մենք իբրեւ զինուորները Քրիստոսի, պատրաստ պէտք է ըլլանք երթալու հոն՝ ուր ինք կը կամենայ եւ ծառայելու անոնց՝ որ ինք կ’որոշէ: Հարց չէ թէ մենք որո’ւ կը ծառայենք, որովհետեւ որու որ ալ ծառայենք, Աստուծոյ է որ ծառայած կ’ըլլանք եւ Աստուած ինքն է որ մեզի պիտի հատուցանէ: Պօղոս առաքեալ խօսքը ուղղելով ծառաներուն կ’ըսէ.- «Ծառանե’ր, ամէն բանով հնազանդեցէ’ք ձեր տէրերուն: Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ո’չ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ’ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ’ուզեն շահիլ, այլ՝ անկեղծ սրտով, Տիրոջ հանդէպ ձեր ունեցած պատկառանքէն մղուած: Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց: Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսին է որ կը ծառայէք» (Կղ 3.22-24):
Շատե՜ր կը վազվզեն ու կ’աշխատին պարզապէս մարդոց հաճութիւնը սիրաշահելու համար: Մարդիկ որքան ալ աշխատին, տքնին, յոգնին, ոչինչով կ’օգտուին եթէ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար չէ որ կ’ընեն իրենց գործը: Ինչ բարի գործ որ կը կատարենք, պէտք է նկատի առնել որ Աստուծոյ կամքն է որ կատարած կ’ըլլանք: Իսկ Աստուծոյ կամքը կատարողը՝ իր արժանի հատուցումը պիտի ստանայ:
Աստուծոյ իսկական ծառան ան է որ իր կեանքին ղեկը կը յանձնէ Աստուծոյ եւ թոյլ կու տայ որ ան առաջնորդէ զինք կամ ղրկէ զինք հոն ուր կը փափաքի: Աստուծոյ յանձնուած մարդուն կեանքին մէջ ամէն ինչ Աստուած ինքն է որ կ’որոշէ կամ որոշել կ’ուզէ: Այս ընելու համար, Աստուած իր զաւակներէն կը պահանջէ ամբողջական ինքնայանձնում եւ բացարձակ վստահութիւն: Երբ Աստուած հարց տուաւ.- «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», Եսայի մարգարէն իսկոյն պատասխանեց.- «Զի’ս ղրկէ» (Ես 6.8): Մարգարէն Աստուծոյ չըսաւ.- «Զիս հոս կամ հոն ղրկէ», այլ՝ պարզապէս պատրաստա-կամութիւն յայտնեց երթալու հոն՝ ուր Աստուած կ’ուզեր զինք ղրկել:
Երբ կը խօսինք Աստուծոյ ծառայելու մասին, խօսած չենք ըլլար Աստուծոյ օգտակար դառնալու մասին: Նախ պէտք է գիտնալ որ երբ Աստուած մեզմէ ծառայութիւն կը պահանջէ, կը պահանջէ ո’չ թէ որովհետեւ պէտք ունի մեզի, այլ որովհետեւ կ’ուզէ պատուել մեզ:
Ինչպէս ծառայի մը համար պատիւ է թագաւորի մը գործակից ըլլալը, այնպէս ալ մեզի համար պատիւ է Աստուծոյ ծառայ ըլլալը: Աստուած կ’ուզէ որ ծառայենք իրեն որովհետեւ ան կ’ակնկալէ իր զաւակներէն որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն փրկութեան տարածման աշխատանքին եւ ծառայելը մեզ արժանի կը դարձնէ վարձատրութեան:
Աստուած կ’ուզէ որ աշխատինք իր փառքին համար, իր սիրոյն տարածման համար, իր կամքին ծանուցման եւ կատարման համար, իր թագաւորութեան մարդոց սրտին ու կեանքին մէծ հաստատման համար, որպէսզի մեզ վարձատրէ: Ասիկա պատճառ մը պէտք չէ ըլլայ սակայն, որ Աստուծոյ ծառայենք վարձատրուելու ակնկալութեամբ եւ նպատակով: Երբ վարձատրուելու նպատակով ծառայենք, ծառայութեան մեր սիրոյ ոգին կը վերածուի ստրուկի հոգեբանութեան:
Երբ կ’աշխատինք Աստուծոյ փառքին համար, երբեք պէտք չէ ունենանք այն մտածումը թէ մենք Աստուծոյ համար բան մը ըրինք կամ կ’ընենք: Այն ինչ որ կ’ընենք, Աստուած ինքն է որ կ’ընէ մեր անձերուն ընդմէջէն: Առանց Աստուծոյ գործակցութեան մենք ոչինչ կրնանք ընել: Յովհաննու աւետարանին մէջ Յիսուս ըսաւ.- «Առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ 15.5):
Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ մենք «Աստուծոյ գործակիցներն ենք»: Հոն ուր չկայ աստուածային գործակցութիւն, հոն չի կրնար աստուածային ծրագրի իրագործում ըլլալ: Ահա թէ ինչո’ւ առաքեալը կը վկայէ թէ Աստուած ինքն է որ «ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագիրին ու կամքին» (Եփ 1.11): Երբ Աստուած «ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագիրին ու կամքին» մեր ընդմէջէն ու մեր ձեռքով, այդ չի նշանակեր որ մեզմով պայմանաւորուած է իր ծրագիրին ու կամքի իրագործումը: Մենք ինչ որ կ’ընենք՝ կ’ընենք շնորհիւ այն ոյժին որ մեր մէջ կը գործէ զօրեղապէս:
Աստուած ծառայութիւն չի պահանջեր ու չ’ընդունիր մեզմէ եթէ չենք յանձնուած իրեն: Եթէ իսկապէս կը սիրենք Աստուծոյ ծառայել, վստահ ըլլանք որ Աստուած առիթներ եւ պատեհութիւններ պիտի ստեղծէ որ ծառայենք իրեն:
Յաջորդին պիտի անդրադառնանք « Աստուած չի ծածկեր մարդուն մեղքը» նիւթին մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն:
