Սուրբ Եփրեմի խրատները բաժնուած են զանազան գլուխներու, այսօր պիտի անդրադառնանք հեզութեան եւ խորամանկութեան  մասին:

* Առաջին՝ Հեզութեան մասին:  

   Երանելի եւ շատ երանելի է ան, ով իր մէջ հեզութիւն ունի: Անոր մասին մեր Տէրը եւ Սուրբ Փրկիչը, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ըսած է.- «Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մտ. 5,5): 

 

   Եւ ի՞նչն է աւելի երանելի այդ երանութենէն, ի՞նչն է մեծ այդ աւետիսէն, ի՞նչն է պայծառ այդ ուրախութենէն՝ դրախտի երկիրը ժառանգելէ:

 

   Ուստի լսելով, թէ որքան մեծ գանձեր կը խոստանայ այդ աւետիսը, նախանձախնդի’ր եղէք այդ վաստակին համար: 

 

   Աճապարեցէ’ք մտնել այդ առաքինութեան պայծառութեանը մէջ, սրտով խանդավառուեցէ’ք եւ որքան որ ուժ ունիք, ջանացէ’ք, որ ձեզմէ ոչ ոք այդ երկրի ժառանգութենէն արտաքսուած չ’ըլլայ, որպէսզի յետոյ անմիտ զղջումով դառնաղէտ չ’արտասուէք:

 

   Աճապարեցէ’ք հեզութիւն ձեռք ձգել՝ ինչպէս Եսայի Մարգարէն Սուրբ Հոգիի միջոցաւ կ’ըսէ.- «Բայց ես սա մարդոց պիտի նայիմ, կ’ըսէ Տէրը, այսինքն՝ դժբախտին, ընկճուած հոգի ունեցողին, եւ իմ խօսքէս վախցողին» (Ես. 66.2): Կարելի՞ է արդեօք չսքանչանալ այս աւետիսով: Քանզի ի՞նչն է աւելի փառաւոր քան այս պատուէրը: Ուրեմն նայեցէք որ ձեզմէ որեւէ մէկը չկորսնցնէ այդ երանութիւնը, այդ ուրախութիւնն ու զուարճութիւնը:

 

  Այդ պատճառով փութացէ’ք հեզութիւն ձեռք ձգել, որովհետեւ հեզը զարդարուած է ամէն բարի գործերով:

 

   Հեզը եթէ նոյնիսկ նեղացած է, ուրախ է, եթէ նոյնիսկ վշտացած է, շնորհակալ է, իր սիրով՝ զայրացկոտները կը խաղաղեցնէ, հարուածները իր վրայ վերցնելով՝ կը մնայ անսասան, վիճաբանութեան ընթացքին՝ հանգիստ է, ուրիշներու գորոզամտութիւնը զինք չի վիրաւորէր, նուաստացումներու մէջ ուրախ է, արժանիքներէն չի մեծամտանար, չի պարծենար, բոլորի հետ խաղաղութեամբ կ’ապրի, ամէն գործի պատրաստ է, միշտ գովասանքի արժանի է եւ բոլորը զինք կը գովեն: 

   Ան հեռու է խորամանկութենէ, ինչպէս նաեւ՝ կեղծաւորութիւնէ եւ շողոքորթութիւնէ:

 

   Ան չի ծառայէր խորամանկութեան, չ’ենթարկուիր նախանձին, կը խրտշի եւ կը գանի չարախօսութենէն, չի հանդուրժեր զրպարտութիւնը, կը գանի եւ կը պժգայ բամբասողներէն: 

   Երանելի հարստութիւն է հեզութիւնը: Ամէն մարդ զինք կը փառաբանէ:   

 

* Երկրորդ՝ խորամանկութեան մասին: 

    Եւ այսպէս, պէտք է արտասուել եւ արձունք թափել անոնց համար, որոնք հեզութիւն չունին իրենց մէջ, այլ դաշինք կնքած են խորամանկութեան հետ, որովհետեւ անոնք արժանի են ծանրագոյն դատավճիռի, ինչպէս ըսուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ.- «Որովհետեւ չարագործները շուտով պիտի կորսուին, մինչդեռ Տիրոջ վստահողները երկիրը պիտի ժառանգեն» 

(Սղ. 37.9) 

   Մեր Տէրը խորամանկները կը նուաստացնէ, ինչպէս ըսած է Մատթէոսի Աւետարանին մէջ.- «Բարի մարդը իր սրտի բարի գանձէն բարիք կը հանէ, իսկ չար մարդը իր սրտի չար գանձէն՝ չարիք» Մտ. 12.35):

 

   Որովհետեւ սարսափելի է նենգութեան դեւը՝ սատանան, ուստի զգուշացէ’ք, որպէսզի ձեզմէ որեւէ մէկը անոր մէջ իյնալով, անարգանքի եւ անպատուութեան չ’ենդարկուի: Քանզի նենգամիտը երբեք խաղաղութեան մէջ չ’ապրիր, այլ մշտապէս խռովայոյզ է եւ միշտ դիւրաքռքիր, դաւադրութեան եւ զայրոյթի մէջ է, միշտ կը հետապնդէ իր մերձաւորը, միշտ հայհոյասխօս է, կը նախանձի, կը մրցակցի, միշտ անողոք եւ անհաշտ է, երբ հրաման ստանայ կը հակաճառէ, բարի խորհուրդէ ետք չարը կը գործէ, կնքուած պայմանները կը խախտէ, զինք սիրողին կը ծաղրէ, յաջողութիւն արձանագրողէն դժգոհ է, խրատները բանի տեղ չի դներ, հեզերը իրմէ կը հեռացնէ, մեծահոգիները կը ծաղրէ, կողմնակի անձերու առջեւ կեղծաւորութիւն կ’ընէ, մէկը միւսին կը բամբասէ, վէճերու սիրով կը մասնակցի, մարդը դիւրագռգրութեան կը հասցնէ, պատրաստ է չարախօսութեան, ուրիշներու մասին հաճոյքով վատ բաներ կը խօսի, պատրաստ է վիրաւորելու, զօրեղ է շատախօսութեան մէջ, ջանադիր է ուրիշները հարուածելու, խռովութիւն կազմակերպելու առաջնահերթ է, իսկ սաղմոսերգութեան մէջ տկար, պահքի մէջ՝ անզօր, ոչ մէկ բարի գործի համար ո’չ ուժ ունի, ո’չ ալ ընբռնողութիւն, հոգեւոր զրոյցներու ընդունակ չէ:  

   Այսպիսով՝ այդ մարդը շատ արցունքներու արժանի է եւ անոր համար կը խնդրենք ձեզմէ, զգոյշացէ’ք անոնց նենգ դաւադրութիւններէն: 

 

   Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: