Սուրբ ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻի Հոգեւոր Խրատները 2

 Սուրբ Եփրեմի խրատները բաժնուած են զանազան գլուխներու, այսօր պիտի անդրադառնանք համբերութեան եւ համբերութիւն չունեցողներու մասին.-

* Առաջին՝ Համբերութեան մասին:  

   Երանելի է այն, որ համբերութեան տէր է, քանզի համբերութեան մէջ յոյս կայ: Պօղոս Առաքեալ Հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ ըսած է.- «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Ս. Հոգիին միջոցաւ» (Հռոմ. 5:5): 

 

   Երանելի է այն, որ համբերութիւն ունի: Տէրը Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ըսած է.- «Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս: Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկան պիտի փրկուի» (Մտ. 10:22): 

   Եւ ի՞նչն է աւելի լաւ այս աւետիսէն:

 

   Արդեօք գիտե՞ք, թէ որքան կը գնահատուի համբերութիւնը: Համբերութիւնը առանձինն չ’ըլլար, անոր կ’ընկերանան բազմաթիւ առաքինութիւններ: Համբերողը կը հասնի ամենայն առաքինութեան: Վիշտերու մէջ ան կ’ուրախանայ, կարիքներու մէջ ինքզինք շատ վայելուչ եւ պատուական կը պահէ, իսկ գայթակղութիւններու մէջ կը զմայլի եւ կը սքանչանայ: Ան պատրաստ է հնազանդութեան, զարդարուած է երկայնամտութեամբ եւ լեցուած՝ սիրով:

 

   Վիրաւորանքներու համար ան կ’օրհէ, վէճերու ընթացքին խաղաղ կ’ըլլայ, սաղմոսերգութեան մէջ ծոյլ չէ, պահքերուն պատրաստ է, աղօթքներուն՝ համբերատար, գործերու մէջ՝ անխոտոր, պատասխաններու մէջ՝ ուղղամիտ, յանձնարարութիւնը կը կատարէ հնազանդօրէն, կեանքի ընթացքին՝ աշխատասէր եւ եռանդոտ, ծառայութիւններ կը մատուցէ սիրալիր կերպով, վարուելաձեւին մէջ՝ սիրաշահող, միաբանական համակեցութեան մէջ՝ հաճելի, խորհրդակցութիւնը՝ քաղցրաբարոյ, ջանադիր է թափառականները խնամելու մէջ, բարոյապէս անկեալները խնամելու պատրաստակամ: 

 

   Ան դժուար կացութիւններու մէջ առաջին օգնականն է, միտքը՝ արթուն եւ ամէն բանի մէջ բարի:   

 

   Համբերութիւն ձեռք բերողը, յոյս ձեռք բերած կ’ըլլայ: Քանզի ան զարդարուած կ’ըլլայ բարի գործերով: 

 

* Երկրորդ՝ Համբերութիւն չունեցողներու մասին: 

    Ձախաւեր եւ խեղճուկ է ան, որ համբերութեան տէր չէ: 

 

Եւ իրապէս վա՜յ անոր, որ համբերութիւն չունի: Ան այս ու այն կողմ կը թռչի քամիէն քշուած տերեւի պէս եւ վիրաւորանքները չի տանիր, վիշտի մէջ անհոգութեան կը մատնուի: Դիւրիւն է զինք ներքաշել վէճերու մէջ:

 

   Ուր որ պէտք է համբերել, ան կը տրտնջայ: Ուր որ հնազանդութեան կարիքը կայ, այնտեղ կը հակաճառէ:

 

   Աղօթքներու մէջ ծոյլ է: Հսկումներուն՝ տկար, պահքերուն՝ մռայլ, չարքաշութեան ընթացքին՝ անհոգ, պատասխաններու մէջ՝ դանդաղկոտ, գործերու մէջ՝ անճշդապահ, խորամանկութեան մէջ՝ յամար եւ պնդող, զբաղմունքներու մէջ՝ ինքնակամ, վէճերու մէջ քաջ եւ արի, իսկ լռութեան եւ համրութեան մէջ՝ տկար:

 

   Ան խրախուսանքի արժանի մարդոց հակառակորդն է եւ առաջադիմողներուն՝ մրցակից:

 

   Համբերութիւն չունեցողը կ’ենթարկուի զանազան զրկանքներու եւ ի զօրու չէ առաքինի դառնալու: 

   

  Պօղոս Առաքեալ Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ ըսած է.- «Ուրեմն մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, վանե’նք ամէն խոչընդոտ եւ մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ մեզ դիւրաւ կը պաշարէ, եւ համբերութեամբ պայքարինք մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ» (Եբր. 12:1):

 

   Համբերութիւն չունեցողը զուրկ է ամէն տեսակի յոյսէ: Ուստի համբերութեան տէր եղէք որպէսզի փրկուիք: 

   

   Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: