Սիրելիներ,

Նախապէս յայտարարած էինք մեր Կաղանդի խնճոյքի երեկոյի նախաձեռնութիւնը Դեկտեմբեր 24ին: Հոգաբարձութիւնս կուգայ ձեր բոլորին տեղեկացնելու, որ սոյն ձեռնարկը չեղարկուած է նկատի ունենալով Արցախի կորուստն ու Արցախահայութեան իրավիճակը: Առ այդ մեր փափաքն է, փոխան ձեռնարկի մուտքի նուէրին, կատարել սրտափուխ Նուիրատուութիւն օժանդակելով Արցախահայութեան կարիքներուն: Կրնաք կապուիլ Եկեղեցւոյ գրասենեակ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կամ կատարելու ձեր նիւթական աջակցութիւնը:  Հեռ՝ 450-688-6795 #101

Շնորհակալութիւն ձեր համագործակցութեան

Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն

Նուիրատուութիւն/Donations