Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնը, Շաբաթ 16 Դեկտեմբերին
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի յիշատակը կը տօնուի ամէն տարի Յիսնակի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող շաբաթ օրը: Այս կը նշանակէ թէ Սուրբ Յակոբի տօնը կը յիշատակենք Դեկտեմբեր 12-18 օրերուն մէջ հանդիպող Շաբաթ օրը:Սուրբ Յակոբ ծնունդով ասորի էր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին՝ Պարթեւական տոհմէն: Անոնք միասին դաստիարակուած էին Կեսարիոյ մէջ: Ս. Յակոբ որոշ ժամանակ ապրած էր Պարսկաստանի արքունիքին մէջ, սակայն հետագային կ’ընտրէ ճգնաւորի կեանքը եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կ’ուղղուի Մծբին քաղաքի վանքերէն մէկը՝ Մարուգէ ճգնաւորին մօտ: Երբ ան լեռներէն իջաւ մարդոց մօտ, տեղեկացաւ թէ Մծբինի շրջակայքի բնակիչները թէեւ դարձի եկած են, սակայն ծաղրանքով կը վերաբերին համաշխարհային ջրհեղեղին եւ Նոյեան տապանի պատմութեան: Հետեւաբար Սուրբը ճամբայ ինկաւ դէպի Արարատ լեռ: Ան կ’ուզէր գտնել տապանէն կտոր մը եւ բերել ժողովուրդին անոնց անհաւատութիւնը փարատելու համար: Բայց լեռան գագաթը չհասած, Սուրբը կը քնանայ եւ Տիրոջ հրեշտակը հրաշքով մը Նոյեան Տապանէն խաչացեւ կտոր մը կը բերէ եւ կը դնէ Անոր գլխուն տակ:
Մասնակցած է Նիկիոյ մէջ կայացած տիեզերական ժողովին 325 թուականին: Մծբինի աթոռին համար ձեռնադրուած է եպիսկոպոս: Այս մասին մարգարէացած էր Մարուգէ ճգնաւոր:
Հայ մատենագրութեան մէջ յայտնի են իր 22 ճառերէ բաղկացած «Զգօն» գիրքը: Ս. Գրիգոր Նարեկացին հիացող մը եղած է Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, որուն նուիրած է իր ներբողական գրութիւններէն մէկը:
Սուրբ Յակոբին նուիրուած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» անունով գեղեցիկ շարական մը գրուած է: Այս շարականը հաւանաբար գրուած է այն դէպքին առիթով ուր կը պատմուի թէ պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը աշխարհածաւալ իր արշաւանքներուն ընթացքին կը հասնի Մծբին ու զայն կը պաշարէ 70 օրեր շարունակ: Շնորհիւ Ս. Յակոբի քաղաքին ներսէն կազմակերպած միջոցառումներուն, ան անկարող կ’ըլլայ գրաւելու Մծբինը: