Pastor
Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Գեադայեան Տ. Յակոբ Քհն. Գեադայեան (աւազանի անունով՝ Իվան) ծնած է 1986-ին Գիւմրի, Հայաստան։ 1994-ին ընտանեօք տեղափոխուած են Էջմիածին, ուր նախակրթարանի եւ երկրորդականի կրթութիւնը շարունակած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան վարժարանէն ներս: 1999թ-ին, տակաւին պատանի, ծնողներու քաջալերանքով սկսած է ծառայութիւն բերել Էջմիածին քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ մասնակցիլ Կիրակնօրեայ դպրոցի դասընթացքներուն: Պարտաճանաչ եւ ուշիմ ծառայութեան շնորհիւ 2000թ-ին դպիր ձեռնադրուծ է` ձեռամբ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ, լուսահոգի Գերաշնորհ Տէր Գիրգորիս Արքեպիսկոպոս Բունիաթեանի:
2001 թուականին բարեյաջող յանձնելով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի ընդունելութեան քննութիւնները, տեղափոխուած է Երուսաղէմ՝ կրթութիւնը շարունակելու նպատակով: 2009-ին աւարտած է Ժառանգաւորաց Վարժարանը եւ Ընծայարանը: Նոյն տարին ձեռնադրուած է սարկաւագ` ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, (Ներկայիս Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարք )
2009 – 2010 աշխատած է որպէս Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի քարտուղար եւ համակարգիչի ուսուցիչ: Նոյն տարին համակարգիչի դասընթացքներու հետեւած է Թել-Աւիւ քաղաքի «Specter» քոլեճէն ներս: Pարեյաջող յանձնած է Micsosoft-ի կողմէ պահանջուած եօթ քննութիւնները եւ ստացած MCSE ( Microsoft Certified Systems Engineer) վկայականը:
2010 Հոկտեմբերին տեղափոխուած է Գանատա ծառայելու Գանատահայոց թեմէն ներս որպէս Երիտասարդաց եւ Քրիստոնէական բաժանմունքներու պատասխանատու: 2011-2013 ծառայութեանս առընթեր հետեւած է Երիտասարդաց Ծառայութեան (Comprehensive Youth Ministry) դասընթացքներուն` առաջարկուած Մոնթրէալի Roman Catholic Diocese-ի կողմէ: Նոյն թուականներուն ծառայած է նաեւ Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Եկեցեցւոյ մէջ որպէս պատասխանատու սարկաւագ եւ կազմակերպած է համայնքային կեանքն ու արարողութիւնները:
2013-2014թ-ը աշխատած է Մոնթրէալի մէջ գտնուող Fujitsu համակարգչային ընկերութեան մէջ, որպէս Technical Support Specialist. 2014թ-ի աշնանը կնոջ հետ տեղափոխուած է Նիւ Եօրք բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու: Մէկ տարի ուսանած է Ս. Ներսէս Ընծայարանի եւ St. Vladimir’s Orthodox Theological Seminary մէջ, հետեւելով Masters of Divinity ծրագիրին:
2016-ին վերադառնալով Մոնթրէալ, պաշտօնավարած է Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ Վարժարանէն ներս, որպէս տնօրէն:
Դեկտեմբեր 2, 2018-ին Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղեմէոս առաքեալներու տօնին, քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։ Յունիս 1, 2019 թուականէն ի վեր կը ծառայէ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ որպէս հոգեւր հովիւ։