Սուրբ ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻի հոգեւոր խրատներ
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, Յիսուս Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն համար ըսած է.-
«Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք, սակայն մի’ ընէք ինչ որ իրենք կ’ընեն»: (Մտ. 23:3)
Սուրբ Եփրեմ ասորիի խրատները բաժնուած են զանազան գլուխներու: Այսօր պիտի անդրադառնանք Աստուծոյ երկիւղի եւ անվեհերութեան մասին:
Առաջին՝ Աստուծոյ երկիւղի մասին:
Երանելի է այն մարդը, ով իր մէջ ունի Աստուծոյ երկիւղը: Սուրբ Հոգին է որ կը բարեբանէ զայն: Սաղմոսներու գիրքին մէջ ըսուած է.- «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տիրոջ երկիւղը ունի, եւ մեծ հաճոյքով անոր պատուէրները կը կատարէ»: (Սաղմ. 111:1)
Ով որ կը վախնայ Տիրոջմէն. ան իրապէս պաշտպանուած է բոլոր թշնամական հնարքներէն եւ խոյս կու տայ բոլոր դաւերէն: Ով որ իր մէջ ունի Աստուծոյ երկիւղը, ան բարեյաջողութեամբ կը փրկուի չարանենգ թշնամիի դիտաւորութիւններէն: Թշնամին ոչ մէկ բանով չի կրնար որսալ զինք, քանզի երկիւղով ան իրմէ կը վանէ մարմնական հաճոյքները:
Երկիւղ ունեցողը մտքով այս ու այն կողմը չի թռչիր, քանզի կը սպասէ իր Տիրոջը, ինչպէս Տէրը ըսած է Մարկոսի Աւետարանին մէջ.- «Որպէսզի չըլլա՛յ որ յանկարծ գայ եւ ձեզ քնացած գտնէ: Արդ, ինչ որ ձեզի կ’ըսեմ, բոլորին կ’ըսեմ. Արթո’ւն կեցէք»: (Մր. 13: 36)
Ով որ իր մէջ ունի Աստուծոյ երկիւղը, ան անհոգ չ’ըլլար, քանզի մշտապէս կ’ըզգաստանայ: Ով որ երկիւղի մէջ է, չափէն աւելի քունով չի տարուիր, քանզի արթուն կը մնայ եւ կը սպասէ իր Տիրոջ գալուստին: Ով որ երկիւղի մէջ է, անհոգ չի կրնար մնալ, որպէսզի չբարկացնէ իր Տիրոջը:
Ով որ երկիւղի մէջ է, չի ծուլանար, քանզի միշտ կը հոգայ իր ստացուածքները, զգուշանալով որ դատապարտանքի չենթարկուի:
Ով որ երկիւղի մէջ է, ան միշտ կը գերադասէ այն, ինչ որ հաճոյ է Աստուծոյ եւ այդպէս կը նախապատրաստուի, որպէսզի երբ Տէրը գայ՝ զինք գովաբանէ բազմաթիւ բաներու համար:
Այսպէս Աստուծոյ երկիւղը շատ բարիքներու աղբիւր կը դառնայ բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ապրին անոր մէջ:
Երկրորդ՝ Անվեհերութեան մասին:
Ով որ իր մէջ չունի Աստուծոյ երկիւղը, ան պաշտպանուած չէ սատանայական յարձակումներէն: Ով որ իր մէջ չունի Աստուծոյ երկիւղը, ան մտքով կը դեգերի եւ անհոգ է բարիին հանդէպ: Կը քնանայ չափէն աւելի եւ չի հոգար իր գործերու մասին: Ան պիղծ, լկտի եւ անառակ բաներու գործիքը կը դառնայ: Կը զուարճանայ այն ամէնով, ինչ որ իրեն հաճելի է, որովհետեւ չի վախնար Տիրոջ գալուստէն: Ան կը պարծենայ իր կիրքերով, կը սիրէ հանգիստը, կը փախչի չարչարանքներէն, կը խուսաբի խոնարհութենէն եւ կը գովաբանէ ամբարտաւանութիւնը:
Ի վերջոյ կու գայ Տէրը եւ զայն կը գտնէ Իրեն համար անհաճոյ զբաղմունքներու մէջ եւ կը պատժէ զայն ամէնայն խստութեամբ, եւ կը մատնէ զայն յավերժական խաւարին:
Այսպիսի մարդուն ո՞վ նզովեալ կամ անիծեալ չի համարեր:
Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: