Ճշմարիտ Քրիստոնեաները
«Այս երեւոյթը բացառիկ ճշգրտութիւն եւ մեծ ճանաչողութիւն կ’ընթադրէ, զանազանելու համար, թէ որո՞նք են իսկական ու ճշմարիտ Քրիստոնեաները»:
Շատեր, որոնք արդար եւ քրիստոնեայ կը թուին ըլլալ, անհրաժեշտ է, որ հոգեւոր փորձառութիւն եւ գիտութիւն ձեռք ձգած մարդիկ փորձեն զանոնք, տեսնելու համար, թէ այդ կարծեցեալ մարդիկը որպէս նշան իրենց վրայ ճշմարիտ Թագաւորին պատկերը իսկապէս կը կրե՞ն: Որպէսզի չըլլայ որ անոնք կեղծաւորաբար եւ որպէս սուտ պաշտօնեաներ՝ իրենց գիտութեամբ եւ փորձառաբար ձեռք բերած հնարքներով ապշեցնեն ու գրաւեն անփորձ եւ միամիտ հաւատացեալները, որոնք տակաւին կարողութիւնը չունին քննելու եւ յայտնաբերելու «անոնց խաբեբայութիւնները» (Բ.Կր 11.13), որովհետեւ անոնք արտաքնապէս միայն կը հագնին քրիստոնեայի կամ ճգնաւորի կերպարանքը (գառնուկի մորթը), սակայն ներքնապէս յափշտակող գայլեր են: Ինչպէս առաքելական ժամանակաշրջանին նաեւ գտնուեցան կեղծ առաքեալներ, որոնք Քրիստոսի սիրոյն որոշ տառապանքներ կրեցին եւ երկինքի արքայութեան մասին քարոզեցին, բայց անոնք ճշմարիտ առաքեալներ չէին, որոնց մասին անդրադառնալով՝ Պօղոս առաքեալ Կորնդացիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ կը գրէ.- «Իրենցմէ աւելի աշխատած եմ, իրենցմէ աւելի բանտարկուած, շատ աւելի ծեծ կերած եւ բազմաթիւ անգամներ մահուան դուռը հասած» (տե’ս Բ.Կր 11.23), պարզապէս ցոյց տալու համար, որ անոնցմէ աւելի չարչարուած է:
Ոսկին համեմատաբար շատ աւելի դիւրին կը գտնուի, քան մարգարիտն ու թանկագին քարերը, որոնք թագաւորական թագին կը վայելեն: Եւ շատ յաճախ ալ գտնուած թանկագին քարերը անյարմար կը նկատուին: Նոյնպէս ալ քրիստոնեաները երկար ժամանակ կը յղկուին, կը տաշուին, կը կազմուին եւ Քրիստոսի սուրբ պսակին վրայ կը պատրաստուին, որպէսզի սուրբերուն հետ հաղորդակից ըլլան: Փառք անոր, որ այսպէս սիրեց հոգիները, անոնց համար չարչարուեցաւ եւ զանոնք մեռելներէն յարուցանեն:
Այնպէս՝ ինչպէս քօղը դրուած էր Մովսէսի երեսին, որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդը չտեսնէ անոր լուսաւոր դէմքը, նոյն կերպով ալ այժմ քօղը դրուած է ձեր սրտերուն վրայ, որպէսզի չկարենաք նայիլ Աստուծոյ փառքին եւ տեսնել զայն: Բայց երբ այդ քօղը կը վերցուի, Քրիստոս ճառագայթելով կը փայլի եւ ինքզինք կը յայտնէ քրիստոնեաներուն, այսինքն անոնց՝ որոնք կը սիրեն զայն եւ ճշմարտապէս կը խնդրեն ու կը կանչեն զինք, ինչպէս ի’նք՝ Տէրը Յովհաննու աւետարանին մէջ կ’ըսէ.- «Ա’ն որ ունի իմ պատուիրաններս եւ կը պահէ զանոնք, անիկա’ է զիս սիրողը: Ա’ն որ կը սիրէ զիս’ պիտի սիրուի իմ Հօրմէ’ս. ու ես պիտի սիրեմ զայն, եւ զիս պիտի յայտնեմ անոր» եւ կը շարունակէ ըսելով «Եթէ մէկը սիրէ զիս՝ պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ պիտի գանք ու բնակինք անոր հետ» (Յվ 14. 21,23):
Ուստի՝ պարտինք Քրիստոսի գալ, անո’ր՝ որ բնաւ չի ստեր, որպէսզի Նոր Ուխտի խոստումը ստանանք, զոր Տէրը իր խաչին վրայ, մահուամբը նորոգեց եւ դժոխքին ու մեղքին դռները խորտակելէ ետք, հաւատացեալներուն հոգիները ազատագրեց եւ մխիթարելով դէպի երկնային այքայութիւն առաջնորդեց: Ուստի՝ իրեն հետ թագաւորենք վերին Երուսաղէմին, այսինքն՝ երկնային Եկեղեցւոյ, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն ժողովատեղիին մէջ: Եւ այն եղբայրները, որոնք հոգեւոր կեանքի երկար փորձառութիւն ունին եւ մա’նաւանդ հոգեպէս մարզուած են, անոնք կրնան մեծ սիրով եւ գթութեամբ օգտակար դառնալ անփորձ հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Մարդ պէտք է ուրախանայ ի տես այն հարստութեան եւ ժառանգութեան, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար պատրաստուած է, եւ չկայ մէկը, որ բաւարար կերպով կարենայ պատմել ու բացատրել երկնային հարստութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, ամենայն եռանդով եւ խոնարհութեամբ պէտք է ընթանանք քրիստոնէական պայքարին մէջ եւ ստանանք մեզի վերապահուած հարստութիւնն ու գանձը: Որովհետեւ քրիստոնեային բաժինն ու ժառանգը նոյնինքն Աստուած է, համաձայն մարգարէին, որ կ’ըսէ.- «Տէ’ր, դու’ն ես իմ ժառանգութիւնս, ինծի վերապահուած բաժինը» (Սղ 16.5):
Փառք Անոր, որ իր անձը կու տայ եւ քրիստոնեան մասնակից ու հաղորդակից կը դարձնէ իր սուրբ բնութեան, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան