Հոգիին կրակն ու Քրիստոսի մեր սիրոյն կատարած զոհագործութիւնը

«Քրիստոնեայ հաւատացեալի սրտին մէջ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կը նմանի կրակի: Ի՞նչ են այն բաները,

որոնց կարիքը ունինք եւ որոնց միջոցաւ կրնանք զանազանել սրտին մէջ ծնունդ առնող մտածումները»:

   

   Ենթադրենք, որ թագաւոր մը իր իշխանութեան տակ բազմաթիւ բարիքներ, հարստութիւններ եւ ծառայողներ ունի: Եւ եթէ պատահի, որ օր մը ան գերեվարուի իր թշնամիներուն կողմէ եւ ձերբակալուելով՝ երկրէն հեռացուի, ապա իրեն սպասարկող ծառաներն ալ իր գերեվարութեան ընթացքին իրեն կը հետեւին: Այսպէս պատահեցաւ նաեւ Ադամին: Աստուած զայն մաքուր ստեղծեց, որպէսզի իրեն ծառայէ ու զինք պաշտէ: Եւ ամէն բան անոր տրուեցաւ եւ Աստուած զայն բոլոր արարածներուն վրայ տէր եւ թագաւոր կարգեց…: Բայց երբ չարին խօսքը եկաւ եւ խօսեցաւ անոր հետ, Ադամ նախ իր լսողութեամբ ընդունեց այդ խօսքերը եւ ապա իր սրտին մէջ կատարեց, որուն պատճառով ալ անոնք իր ամբողջ էութեան վրայ տիրեցին: Երբ Ադամ այս ձեւով ծուղակը ինկաւ եւ գերեվարուեցաւ, ապա ստեղծագործութիւնը, որ իրեն(ց) կը ծառայէր ու կ’ընկերակցէր, իր հետ միասին կալանաւորուեցաւ ու գերեվարուեցաւ: Ադամի միջոցաւ մահը տիրեց բոլորին վրայ եւ անոր կատարած պատուիրանազանցութեան որպէս հետեւանք՝ աղաւաղուեցաւ ու ապականեցաւ մարդկութեան կատարեալ պատկերը եւ անոնք, փոխուելով՝ աստուածապաշտութեան փոխարէն կռապաշտներ դարձան: Աւա՜ղ, որովհետեւ երկրի պտուղները, որ Աստուած բարի ստեղծեց, սկսան սատանաներու ընծայուիլ: Կռապաշտութեան համար պատրաստուած զոհասեղաններուն վրայ հաց, գինի եւ ձէթ զետեղեցին: Անոնք սկսան նաեւ կենդանական զոհ մատուցել, եւ աւելին՝ իրենց տղաքն ու աղջիկները սկսան ընծայաբերել սատանաներուն (տե’ս Սղ 106.37):  

   Ահա թէ ինչո’ւ Քրիստոս աշխարհ եկաւ: Ան՝ որ մարմինն ու հոգին ստեղծեց, անձամբ եկաւ եւ խափանեց չարին գործունէութիւնն ու կործանարար արարքները, զորս կատարած էր մարդոց մտքերուն մէջ: Այդպէս ընելով՝ ան վերանորոգեց եւ մարդուն մէջ վերստեղծեց երկնաւոր պատկերը, որպէսզի զայն վերականգնելով, անգամ մը եւս Ադամ տէր եւ թագաւոր դառնայ մահուան վրայ:

   Հին Կտակարանի Օրէնքին համաձայն, Մովսէս Իսրայէլի ժողովուրդին փրկիչը կոչուեցաւ, որովհետեւ Եգիպտոսի ծառայական ստրկութենէն դուրս բերաւ զանոնք: Նոյնպէս ալ հիմա, Քրիստոս՝ ճշմարիտ Փրկիչն ու Ազատարարը, հոգիին ծածուկ բանտերը մտնելով՝ դուրս կը բերէ զայն Եգիպտոսի խաւարէն, ծանր բեռէն եւ դառն ստրկութենէն…: Այդ պատճառով ալ Ան կը հրամայէ մեզի, որ դուրս գանք աշխարհէն եւ, մա’նաւանդ՝ երեւելի ու անցաւոր այս աշխարհին մէջ աղքատ ըլլանք եւ երկրաւոր մտահոգութիւններով չծանրաբերնուինք, այլ գիշեր-ցերեկ դռան առջեւ կանգնինք ու սպասենք այն օրուան, երբ Տէրը պիտի գայ փակ սրտերը պիտի բանայ եւ իր Սուրբ Հոգիին շնորհքները հեղէ մեր վրայ:

   Եթէ մարդը իր սեփական կարողութեամբ կարենար մեղքը արմատախիլ ընել, ապա ինչո՞ւ համար Տէրը աշխարհ եկաւ: Այնպէս՝ ինչպէս աչքը առանց լոյսի չի կրնար տեսնել, իսկ մարդը առանց լեզուի չի կրնար խօսիլ, առանց ականջի չի կրնար լսել, առանց ոտքերու չի կրնար քալել եւ առանց ձեռքերու չի կրնար գործել, այդպէս ալ առանց Յիսուսի ո’չ կրնայ փրկուիլ եւ ոչ ալ՝ երկինքի արքայութենէն ներս մուտք գործել:

    Ահա թէ ինչո’ւ Քրիստոս մեզի թելադրեց, որ ձգենք արծաթ, ոսկի եւ բարեկամներ, ծախենք մեր ունեցածը, աղքատներուն բաժնենք եւ այդ ձեւով երկինքի մէջ գանձ ունենանք: Տէրը Մատթէոսի աւետարանին մէջ ըսած է.- «Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո’ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.21): Քանի Տէրը գիտէ, թէ սատանան այդ ձեւով կը տիրէ մտածումներուն վրայ՝ զանոնք ծառայեցնելով աշխարհին եւ նիւթական հետաքրքրութիւններու եւ մտահոգութիւններու…: Աստուած քու անձիդ հանդէպ ունեցած հոգատարութեան, մտահոգութեան եւ հետաքրքրութեան պատճառով, թելադրեց՝ որ ձգես ամէն բան, որպէսզի կարենաս երկնային գանձերն ու բարիքները խնդրել եւ սիրտդ պահել՝ մի’շտ զԱստուած փափաքելով: Որովհետեւ, եթէ նոյնիսկ պատահի, որ վերստին նիւթական երեւոյթներու դառնալ ցանկաս, ապա ոչինչ գտնես սեփականացնելու եւ այդ ձեւով պարտաւորուիս երկինքին դիմել, հո’ն՝ ուր դիզեցիր քու գանձդ, որովհետեւ հարստութիւնդ ուր որ է, հո’ն կ’ըլլայ նաեւ սիրտդ:

   Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան