Երանութիւններու Մասին

 

Մատթէոս աւետարանիչի միջոցով մեզը հասած Քրիստոսի Լեռան քարոզի «Երանի»ներու շարքի այս ոսկեհիւծ խօսքը կը կազմէ աստուածաստեղծ մարդու գոյավիճակի կորիզը, որու վախճանը, նպատակը երկնքի Արքայութիւնն է:

Դարերով Սուրբ Գրքի մեկնաբանները ջանացած են բացատրել ու մեկնաբանել Լեռան քարոզը, որը ամբողջ Աւետարանի սիրտը կը նկատուի: Իր բովանդակութեամբ այնքան հարուստ ու խորիմաստ այս բաժինը Խրիմեան Հայրիկը կոչած է «Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից», որովհետեւ այն կորիզն է Քրիստոսի վարդապետութեան եւ ամփոփումը քարոզներու:

Ութը «երանի»ները ութը ճշմարտութիւններ կը յայտնեն մեզի կամ կը ներկայացնեն ութը յատկանիշներն անոնց, որոնք Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդները պիտի ըլլան:

«Երանի»ներու շարքը Երկինքի Արքայութեան քաղաքացիները ըլլալու պայմանները կը յայտարարէ: Յիսուս այս «երանի»ներով Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդ դառնալու սկզբունքները կը յայտնէ: Ով որ այս սկզբունքներուն համաձայն կեանք չ’ունենար չի կրնար Արքայութեան մէջ տեղ ունենալ:

Որեւէ երկիր, որեւէ քաղաքացիութիւն իրեն յատուկ պայմաններն ունի. մենք որպէսզի կարենանք քաղաքացիներն ըլլալ այսինչ երկրին՝ այդ երկրին պայմանները պէտք է լրացնենք:

Արդ, Յիսուս սկիզբէն կը պատգամէ եւ կ’ըսէ, թէ ով որ Երկինքի Արքայութեան քաղաքացի կ’ուզէ ըլլալ, այս պայմանները պէտք է լրացնէ:

Եւ պայմաններէն առաջինը կ’ըսէ.- «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է Երկինքի Արքայութիւնը»:

Ով որ նիւթական հարստութեան վրայ կը դնէ իր յոյսը, չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ նիւթին կապուած է. իսկ ով որ իր յոյսը կը դնէ Աստուծոյ վրայ, նիւթէն կրնայ հրաժարիլ առանց սիրտի որեւէ կսկիծ ունենալու եւ առանց երկմտանքի: Աղքատները աւելի հնարաւորութիւնը ունին Աստուծոյ կամ Յիսուսի կոչը լսելու եւ Անոր հետեւելու: Ասիկա չի նշանակեր, թէ նիւթապէս աղքատները մեքենականօրէն երանելի են: Յիսուսի ըսածը այդ չէ: Անոր միտքը՝ աղքատը հարուստին հակադրելը չէ, ոչ ալ Յիսուս ըսել ուզած է, թէ նիւթականով հարուստը երանելի չէ: Ո՞վ ըսաւ, թէ այն աղքատը, որ Աստուծոյ չի յուսար՝ երանելի է: Ո՞վ ըսաւ, թէ այն աղքատը, որ չ’ուզեր Աստուծոյ մօտենալ, Աստուծոյ փրկութեան կանչը լսել, երանելի է:

Պայմաններէն երկրորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն»:
Բացատրելով բարեպաշտի հասկացողութիւնը, ըսենք որ անիկա այն անձն է, որ ո’չ միայն իր սեփական կարիքներուն հանդէպ զգայուն է, այլ նաեւ՝ ուրիշներու կարիքներուն. ան իր շրջապատի կամ մարդկային ընկերութեան չարիքները կը տեսնէ եւ անոնց դարմանումը կ’ուզէ: Բայց ան միաժամանակ գիտէ որ աշխարհի չարիքները միայն մասնակիօրէն կարելի է դարմանել, եւ թէ անոնք ամբողջապէս երբէք պիտի չդարմանուին մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ: Երբ անիկա գայ եւ կատարելապէս հաստատուի այս աշխարհի վրայ՝ բոլոր չարիքներն արմատախիլ պիտի ըլլան, ինչպէս որոմի առակով Յիսուս ըսած է:

Պայմաններէն երրորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն Երկիրը»:
Հեզութիւնն իրեն հոմանիշ ունի խոնարհութիւնը: Բայց պզտիկ տարբերութիւն մը կայ երկուքին միջեւ: Հեզութիւնը այն յատկանիշն է, որ մարդը կրնայ ունենալ ծնունդէն. ան բնութեամբ կամ խառնուածքով հեզ կ’ըլլայ: «Հեզ»ը Նոր Կտակարանին մէջ նաեւ «ազնիւ» թարգմանուած է: Հեզութիւնը, ուրեմն նկարագրի ազնուութիւն է: Աւելցնենք, որ հեզութիւնը մարդոց հետ յարաբերութեան վերաբերող նկարագրային յատկանիշ է աւելի, քան թէ Աստուծոյ հետ: Խոնարհութիւնը թէեւ իմաստով մօտիկ է հեզութեան, բայց տարբեր է անկէ: Խոնարհութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ մենք գիտակցաբար եւ կամաւորաբար ձեռք կը բերենք: Մենք խոնարհ չենք ծնիր, այլ՝ խոնարհ կ’ըլլանք: Երբ կ’ըսենք «կ’ըլլանք», ըսել կ’ուզենք, թէ մեր գիտակցութեամբ եւ ուզելով կը մերժենք չար տրամադրութիւններ ունենալ, մանաւանդ կը մերժենք հպարտութեան տրամադրութիւնը, եւ գիտակցաբար ու կամաւորաբար կը դառնանք խոնարհ: Եւ խոնարհութիւնը աւելի Աստուծոյ հետ յարաբերութեան վերաբերող բարոյական յատկանիշ է, քան մարդոց հետ: Խոնարհութեան ճամբան հեզութեան ճամբուն կը միանայ:

Յաջորդին պիտի շարունակենք «Երանի»ներու շարքը:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան