Խորհրդանիշն ու Ճշմարիտը 3
«Պիտի շարունակենք տալ բացատրութիւններ խորհրդանշական այն բաներուն, որոնք կը կատարուէին Օրէնքին տակ»
Առաջին՝ Կրակի սիւնն ու ամպի սիւնը:
Այնպէս` ինչպէս կրակէ եւ ամպէ սիւները Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն ընթանալով զիրենք կը պաշտպանէին, նոյնպէս ալ Սուրբ Հոգին կը գօտեպնդէ, կը զօրացնէ, կը հրահրէ հաւատացեալները եւ շօշափելիօրէն մարդուս հոգին կ’առաջնորդէ:
Նոյնիսկ անդրանիկներու մահէն ետք, երբ փարաւոնն ու եգիպտացիները իմացան, որ իսրայէլացիները փախեր են, աճապարանքով իրենց կառքերը պատրաստեցին եւ անոնց ետեւէն ինկան, որպէսզի կոտորեն զանոնք: Եւ երբ գրեթէ անոնց մօտեցած էին, ամպի սիւնը, որ անոնց առջեւէն կ’ընթանար, անոնց ետին կանգնելով՝ արգելք հանդիսացաւ փարաւոնին եւ անոր բանակին, որ յառաջանար: Մինչ ամպի սիւնը խաւար էր եգիպտացիներուն համար, միւս կողմէ՝ իսրայէլացիներուն համար ան լոյս, առաջնորդ եւ պաշտպան էր:
Հետեւաբար կատարենք երեւոյթներուն հոգեւոր պատշաճեցումը:
Առաջին հերթին, երբ հոգին կը սկսի փախչիլ սատանայէն, Աստուծոյ զօրութիւնը իրեն կը մօտենայ, որպէսզի օգնէ եւ դէպի ճշմարտութիւն առաջնորդէ: Բայց հոգեղէն փարաւոնը, այսինքն՝ մեղքի ու խաւարի իշխանը, երբ կը գիտնայ, թէ հոգին իրեն դէմ ըմբոստացաւ եւ սկսաւ փախչիլ իր թագաւորութենէն, ան կը սկսի հետապնդել այն մտածումները, որոնք նախապէս իր սեփականութիւնն էին եւ կը փորձէ խաբել զանոնք, յուսալով որ անգամ մը եւս այդ հոգին իրեն կը վերադառնայ: Բայց երբ կ’անդրադառնայ, որ հոգին անվերադարձ փախուստ տուած է իր բռնատէրէն (եւ ասիկա իրեն համար շատ աւելի ծանր հարուած մըն է, քան անդրանիկներու մահը եւ ինչքերու կողոպուտը), անիկա հոգիին ետեւէն կ’իյնայ, որովհետեւ կը վախնայ, որ անոր փախուստէն ետք, իր կամքը իրագործող եւ իր չար գործերը կատարող ոչ ոք կը մնայ: Այդ պատճառով ալ, ան նեղութիւններով, փորձութիւններով եւ աներեւոյթ պատերազմներով կը յարձակի անոր վրայ: Եւ յիշեալ երեւոյթներով հոգին կը փորձուի եւ անոնց միջոցաւ ան կը յայտնէ իր սէրը Աստուծոյ նկատմամբ, որ զինք Եգիպտոսէն՝ այսինքն՝ «փորձութիւններէն» դուրս հանեց:
Երբեմն Տէրը թոյլ կու տայ, որ անձը փորձութիւններէ անցնի, տեսնելու համար, թէ հաստատ պիտի մնա՞յ իր հաւատքին մէջ եւ կամ ճշմարտապէս կի սիրէ՞ զինք: Որովհետեւ Աստուած այս ձեւով գծեց «դէպի կեանք տանող ճամբան» (Մտ 7.14), ըլլալու նեղ ու դժնդակ, դառնութիւններով եւ դժուարին փորձութիւններով լեցուն, որպէսզի անձը այս ճամբուն միջոցաւ հասնի ճշմարիտ երկիրը՝ Աստուծոյ որդիներուն քաղաքը:
Եւ երբ մարդ իր աջեւ գտնուող դժուարութիւններուն եւ մահուան սարսափին պատճառով կը դադրի իր սեփական կարողութեան վստահելէ եւ կ’ուրանայ իր անձը, այն ատեն Աստուած իր հզօր աջով եւ Սուրբ Հոգիին լուսաւորութեամբ կը պատռէ խաւարի զօրութիւնը, եւ հոգին վախազդու վայրերէն անցնելով՝ կը փրկուի այրող կրակէն:
Երկրորդ՝ Մովսէսի գաւազանը եւ խաչը:
Մովսէսի գաւազանը երկու երեսներ ունէր.-
Թշնամիներուն համար, անիկա խայթող եւ կորուստի մատնող օձ է, իսկ իսրայէլացիներուն համար՝ անիկա օգնութեան եւ ապաւինութեան գաւազան: Ճշմարիտ փայտն ալ՝ Քրիստոսի խաչափայտը, չար ոգիներուն համար մահ է, իսկ մեզի մանար՝ օգնութիւն, ապաւէն եւ ճշմարիտ ապաստան է, որուն մէջ կը գտնենք մեր հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը:
Հին Կտակարանի խորհրդանշական երեւոյթները կը մատնանշէին ներկայի ճշմարտութիւնները, որովհետեւ Հին ժամանակի աստուածապաշտութեան ծառայութիւնը պատկերն ու շուքն էր ներկայի աստուածապաշտութեան: Թլփատութիւն, Վկայութեան խորանը, Տապանակ Ուխտին, Մանանան, Ոսկեայ Սափորը, քահանայութիւնը, խունկը, լուացումները եւ ամէն ինչ, որ կը կատարուէր Իսրայէլի Օրէնքին ու մարգարէութիւններուն մէջ, կը մատնանշէին Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած հոգին, որ ինկաւ ստրկութեան եւ խաւարի դառն իշխանութեան լուծին տակ:
Երրորդ՝ Կատարեալ հարսը՝ կատարեալ Փեսային համար:
Աստուած հաղորդակցիլ ուզեց մարդկային հոգիին հետ եւ զայն իրեն հետ որպէս թագաւորի հարս նշանել, լուալ ու մաքրել ամէն պղծութենէ: Ան նաեւ ուզեց, որ հոգին փառահեղ լոյսով փայլի՝ սեւութեան եւ ամօթի փոխարէն. ուզեց զայն մահէն կեանքի կոչել ու բժշկել իր անկումէն, ինչպէս նաեւ՝ երկար թշնամութենէն ետք, խաղաղութիւն շնորհելով՝ հաշտեցնել իրեն հետ:
Մարդը ստեղծուած ըլլալով հանդերձ, Աստուած զայն որպէս հարս կը նշանակէ թագաւորին Որդիին, իր աստուածային կարողութեամբը զինք իրեն կը միացնէ եւ իր առատ շնորհքովը կը փոխէ, կ’աճեցնէ, կը զարգացնէ եւ կատարեալ հասունութեան կ’առաջնորդէ, մինչեւ որ անբիծ, անարատ եւ անմեղադրելի հարս մը ըլլայ:
Նախ իրմով կը ծնի զայն, ապա աստիճանաբար իր շնորհքով կ’աճեցնէ՝ մինչեւ որ հասնի իր սիրոյ կատարեալ հասակին: Եւ քանի որ ի’նք է կատարեալ Փեսան, այդ պատճառով ալ զայն իբրեւ կատարեալ հարս իր հարսանեկան սուրբ հաղորդակցութեանը մէջ կ’առնէ, որ խորհրդաւոր, սուրբ եւ անարատ հաղորդակցութիւնն է: Եւ այն ատեն Փեսան անոր հետ կը թագաւորէ յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան