30 Ամեակ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Ողջոյնի Խօսք
«Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ» Ղուկ. 19։46
Քրիստոս պատուիրեց որ իր ներկայութեամբ երբ կը հաւաքուինք այդ հաւաքը – Եկեղեցին – ըլլայ աղօթքի նպատակով։ Իր ներկայութեամբ կատարուած աղօթքը կը վերածուի բուժիչ ներգործութեան, կը վերափոխէ մարդոց սրտերը, կազմակերպ կը դարձնէ հաւաքականութեան մը կեանքը եւ ճշմարիտ տեսլականի մէջ կը պահէ ազգի մը ապագան։
30 տարիներէ ի վեր, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Եկեղեցին այդ աղօթքի վայրը դարձած է իր համայնքի, ժողովուրդի եւ բոլոր հաւատացեալներու համար։ Այս եկեղեցւոյ մէջ աղօթքով պսակուած եւ հայկական բոյն կազմած են մեր երիտասարդները, աղօթքով մկրտուած են նորածին մանուկները, յուղարկաւորուած են մեր տարեց հայորդիները։ Հաւաքական աղօթքներով Ս. Պատարագի հացը դարձած է Տիրոջ կենսատու մարմինը իսկ գինին՝ Նոր Ուխտի արիւնը՝ որով կը միանանք Քրիստոսին։ Աղօթքով համայնքի հաւատացեալներու տուները լեցուած են Քրիստոսի ծննդեան եւ Ս. Յարութեան աւետիսներով։ Աղօթքով կազմակերպուած են համայնքի ժողովական կեանքը մեր ծուխի ընկերային կեանքը կենսաւորող հայակերտ ձեռնարկները։
Հետեւաբար, կրնանք ըսել որ 30 տարիներ շարունակ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն եղած է մեր հայրերու աւանդած Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ հաւատքը բուժիչ եւ վերափոխիչ իրականութիւն դարձնել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Այս ամէնը իրականացնելու համար 30 տարիներէ ի վեր ազգանուէր եւ հայու ինքնութիւնը սիրող եւ այդ ինքնութեամբ ապրող անձիք զոհողութիւն կատարած են՝ իրենց անձնական ժամանակէն, ընտանեկան կեանքէն, նախասիրութիւններէն եւ կառուցած մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Անոնք համոզուած էին որ տալով եւ տրուելով է որ կը նմանինք Քրիստոսին եւ իր սուրբերուն։
Տալով եւ զոհողութեամբ է որ կեանքը իմաստ կ’ունենայ, նամանաւանդ հայու կեանքը։ Տալն ու ծառայելն է գերագոյն սիրոյ նշանը։ Կրնաս տալ առանց սիրելու, բայց չես կրնար սիրել առանց տալու։ Այս զոհողութեան օրինակը Քրիստոս ինքը տուաւ խաչի վրայ իր կեանքը տալով, որովհետեւ մեզի շատ կը սիրէր։ «Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք։» Յով. 13։34-35
Յիսուս երբ տեսաւ որ այրի կինը իր վերջին լուման կը դնէ տաճարի գանձանակին մէջ, շատ սիրեց այս արարքը։ Աշակերտներու ուշադրութեան հրաւիրեց ըսելով որ «այս այրին իր ամբողջ ունեցուածքը դրաւ» Ղուկ 21։4, որովհետեւ իր վստահութիւնը եւ յոյսը Աստուած էր։ Եթէ Աստուծոյ տունը շէն մնայ, մեր կեանքը շէն կը մնայ։ Մեր եկեղեցին մեր բոլորիս ազգային գանձանակն է, ուր մենք կու գանք դնելու ժամանակ, ներուժ, տաղանդ, վստահութիւն, ծառայութիւն եւ սէր որ յարատեւ ծաղկուն մնայ Աստուծոյ տունը եւ հայու կեանքէն չպակսի աղօթքի շունչը։
Մեծ գնահատանք եւ պատիւ բոլոր հիմնադիր եւ Ծառայող ազգայիններուն, նուիրեալներուն, սպասաւորներուն, ըլլան հովիւներ, սարկաւագներ, դպիրներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, բարերարներ, ովքեր 30 տարիներէ ի վեր իրենց անխոնջ աշխատանքով շէն կը պահեն Ս. Գէորգ Եկեղեցին։
30-ը դեռ սկիզբն է մեր երիտասարդ ծուխին, որուն տակաւին երկար տարիներու կանաչ ճանապարհ կը սպասէ։
Մենք բոլորս համախմբուած, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Ս. Գէորգ Զօրավարի բարեխօսութեամբ պիտի հարթենք այդ ճանապարհը եւ այդ մեծ օրհնութիւնը փոխանցենք գալիք սերունդներուն, որ Տիրոջ տունը հայու համար յաւիտեան աղօթքի տուն մնայ։
Սիրով եւ Օրհնութեամբ
Տ. Յակոբ Քհնյ. Գեադայեան
Հոգեւոր Հովիւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ