«Աստուծոյ նկատմամբ կատարեալ հաւատք»
Երբ Քրիստոս ուզեց իր աշակերտները հաւատքով թրծել, Ղուկասու աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ան ըսաւ.- «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է’ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղկ 16.10): Ի՞նչ է այս փոքրը եւ ի՞նչ է մեծը: Փոքրը այս աշխարհի բարիքներն են, որ Տէրը խոստացաւ տալ իրեն հաւատացողներուն, ինչպէս օրինակ՝ առողջութիւն, կերակուր, հագուստ եւ ամէն ինչ, որուն մարմինը որպէս անմիջական կարիք ունի: Եւ Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, որ այս բաներուն համար մենք պէտք չէ մտահոգուինք, այլ կատարելապէս վստահինք իրեն, որովհետեւ Ինք պիտի ապահովէ բոլոր կարիքները անոնց՝ որոնք իրեն կը դիմեն: Իսկ մէծը, յաւիտենական կեանքի անապական եւ անփուտ պարգեւներն են, որ մեր Տէրը խոստացաւ տալ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը հաւատան, անդադրում կերպով կը կատարեն իր սուրբ կամքը եւ իրմէ կը խնդրեն, որովհետեւ ի’նք թելադրեց ըսելով.- «Նախ դուք խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.33): Որպէսզի երկրաւոր ու ժամանակաւոր այս փոքր բաներուն միջոցաւ կարելի ըլլայ քննել ու փորձել իւրաքանչիւր անձ, տեսնելու համար, թէ ան իսկապէս կը հաւատա՞յ Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուած խոստացաւ մեզի տալ այդ բաները, ուստի մտահոգուելու չենք: Մեր միակ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլան՝ գալիք յաւիտենական ճշմարտութիւնները:
Արդ, եթէ անձը զօրեղ հաւատք ունի ժամանակաւոր բաներու գծով, ասիկա ցոյց կու տայ անոր ունեցած զօրեղ հաւատքը նաեւ անապական ու յաւիտենական երեւոյթներու հանդէպ, եւ եթէ ան ի’նչպէս իրապէս կ’աշխատի՝ խնդրելով յաւիտենական բարիքները ունենալ: Ահա թէ ինչո’ւ անհրաժեշտ է, որ Աստուծոյ խօսքին հնազանդող իւրաքանչիւր անձ ինքզինք փորձի եւ քննութեան ենթարկէ եւ կամ թոյլ տայ, որ հոգեւոր մարդիկ օգնեն իրեն այդ մարզին մէջ, որպէսզի ճշմարտապէս գիտնայ, թէ ան ո՞ր աստիճանի եւ որքան կը հաւատայ Աստուծոյ, ինքզինք ի՞նչ չափով յանձնած է անոր, թէ՝ իր հաւատքը որքանո՞վ Աստուծոյ խօսքին համաձայն է, եւ կամ՝ սոսկ իր սեփական կարիքին ապաւինած՝ կը փորձէ արդարանալ, երեւակայելով, թէ ան իր ներսիդին հաւատք ունի:
Հետեւեալն է հարցումը, որով իւրաքանչիւր մարդ ինքզինք քնութեան կ’ենթարկէ.-
Արդեօք անձը հաւատարի՞մ է փոքր ծառայութիւններուն, այսինքն՝ ժամանակաւոր բաներուն մէջ: Ի’նչպէս կը կատարուի այս քննութիւնը:
Ճշմարի՞տ է, թէ կը հաւատաք, որ ձեզի տրուած է երկինքի արքայութիւնը, ինչպէս նաեւ վերէն՝ երկինքէն՝ Սուրբ Հոգիէն ծնած էք ու Աստուծոյ զաւակ դարձած, ժառանգակից Քրիստոսի յաւիտենապէս թագաւորելու համար եւ անվախճան ժամանակներուն մէջ Աստուծոյ հետ վայելելու անպատմելի ու աննկարագրելի լոյսը: Անկասկած, «այո» պիտի պատասխանէք եւ պիտի աւելցնէք, թէ «Ատոր համար աշխարհը արհամարհած էք ու դուք ձեզ՝ Աստուծոյ ընծայած ու յանձնած»:
Այդ ատճառով ալ, այժմ քննեցէք ձեր անձը եւ տեսէք, արդեօք տակաւին երկրաւոր մտահոգութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունի՞ն ձեր վրայ, եւ թէ շատ կը մտածէ՞ք ուտելիքի, հագուստի եւ այլ տեսակի մտահոգութիւններու մասին, որպէս թէ անոնք ձեր սեփական կարողութեամբ ձեռք կը ձգէք եւ կը պատրաստուիք բոլոր ձեր պէտքերը ապահովել՝ փոխանակ վստահելու այն պատուիրանին, որ Տէրը թելադրեց՝ ըսելով, որ բնաւ չմտահոգուիք այս երկրաւոր ու ապականեալ բաներով, որ Տէրը նոյնիսկ չարերուն, գազաններուն եւ թռչուններուն կու տայ: Աստուած ձեզի պատուիրեց, որ չմտահոգուիք այդ ժամանակաւոր պէտքերով, ինչպէս Մատթէոսի աւետարանին մէջ ըսաւ.- «Մի’ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի’նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, եւ թէ ի’նչ պիտի հագնիք…, այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են» (Մտ 6.25,32):
Իսկ եթէ տակաւին այդ բաներով կը մտահոգուիք եւ կատարելապէս չէք վստահիր Աստուծոյ խօսքին, գիտցէք նաեւ, որ ցարդ չէ’ք հաւատար, որ պիտի ստանաք յաւիտենական բարիքները, որ երկինքի թագաւորութիւնն է, հակառակ անոր, որ դուք կը կարծէք, թէ կը հաւատաք, մինչ անհաւատարիմ կը գտնուիք փոքր ծառայութեանց մէջ, որոնք ձեզ կ’ապականեն: Նաեւ, ինչպէս որ մարմինը աւելի կարեւոր է, քան հագուստը (Մտ 6.25), նոյնպէս ալ հոգին աւելի կարեւոր է, քան մարմինը:
Ուստի՝ կը հաւատա՞ք, որ հոգին Քրիստոսէ կը ստանայ իր յաւիտենական վէրքերուն բժշկութիւնը, բան մը՝ որ մարդիկ անկարող են բժշկելու: Այդ վէրքը մեղքին ու ցանկութիւններուն յառաջացուցած անբուժելի վէրքն է, որուն բժշկութեան համար էր, որ Տէրը երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի բժշկէ իրեն հաւատացողներուն վիրաւորուած հոգիները եւ մաքրէ զանոնք մեղքին պղծութենէն, նեխածութենէն եւ բորոտութենէն, քանի որ Ի’նքն է միակ եւ ճշմարիտ բժիշկն ու բժշկողը:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անսահման ողորմութեանը եւ գթութեանը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան