Հոգիին կրակն ու Քրիստոսի մեր սիրոյն կատարած զոհագործութիւնը 3

«Քրիստոնեայ հաւատացեալի սրտին մէջ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կը նմանի կրակի:

Ի՞նչ են այն բաները, որոնց կարիքը ունինք եւ որոնց միջոցաւ կրնանք զանազանել սրտին մէջ ծնունդ առնող մտածումները»

   

   Հին Կտակարանին մէջ Աստուած Մովսէս մարգարէին կը հրամայէ, որ պղնձեայ օձ մը շինէ եւ զայն անապատին մէջ ձողի մը վրայ ամրացնելով՝ բարձրացնէ, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կիզող օձերէն խայթուին, երբ հաւատքով նային անոր՝ բժշկուին: Մովսէս Աստուծոյ կամքին համաձայն շինեց ատիկա, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք երկրաւոր մտահոգութիւններով, կռապաշտութեամբ, պիղծ ցանկութիւններով եւ ամէն տեսակի չարութեամբ անդամալուծուած են, կարենան այդ միջոցաւ իրենց մտահաեացքը դէպի վեր՝ երկնաւոր երեւոյթները ուղղել եւ որոշ ատեն մը իրենց ուշադրութիւնը ստորին բաներէ հեռացնելով՝ դէպի աւելի վեր եւ վեհ իրականութիւններու վրայ կեդրոնացնեն: Այսպիսով, անոնք աստիճանաբար եւ կամաց-կամաց յառաջանալով դէպի վեր կը բարձրանան, որպէսզի ճանչնան ու սորվին անոր մասին, որ գերազանցապէս գերիվեր է, քան ստեղծագործութիւնը:

 

   Ան աղքատ ըլլալ կը թելադրէ մեզի, ինչպէս նաեւ մեր ամբողջ ունեցուածքը ծախելով՝ աղքատներուն բաժնել, որպէսզի ժամանակ մը ետք, նոյնիսկ եթէ պատահի, որ մտածումներովդ ուզես դէպի վար իջնել, այսինքն՝ դէպի աշխարհիկ ու երկրաւոր երեւոյթներու կառչիլ փափաքիս, ապա, ատիկա անհնար ըլլայ: Այս պատճառով, կը սկսիս սիրտդ քննել եւ խօսիլ մտածումներուդ հետ՝ ըսելով.- «Երբ երկրի վրայ ոչինչ ունինք, ապա եկէք սրտով դէպի երկինք ուղղուինք, հո’ն՝ ուր է մեր հարստութիւնը, աշխատանքն ու շահը»: Ասպիսով, սիրտդ կը սկսի իր հայեացքը դէպի վեր բարձրացնել եւ երկնային բաները խնդրել. եւ  այդպէս ընելով է, որ կը սկսիս հոգեպէս աճիլ:

 

   Ձողին վրայ ամրացուած պղնձեայ օձը բժշկութիւն կը շնորհէր անոր, որ կիզող օձերէն կը խայթուէր: Անշունչ եւ անկենդան օձը, կը չէզոքացնէր կենդանի օձերուն կիզող մահացու թոյնը: Ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ խորհրդանիշը Քրիստոսի փրկարար ու բժշկարար մարմինին: Այն մարմինին, որ սուրբ Կոյս Մարիամէն առաւ, խաչին վրայ զոհեց եւ անշարժ կերպով անոր վրայ ամրացուց: Խաչին վրայ գամուած ու մեռած Քրիստոսի մարմինը յաղթեց օձին ու սպաննեց այն վիշապը, որ սրտին մէջ կը սողայ ու կը բնակի: Մեծ հրաշք մըն է տեսնել, որ մեռած օձը կը սպաննէ շնչաւորը: Եւ այնպէս՝ ինչպէս Մովսէս մարգարէ պղնձեայ օձը շինելով՝ նոր բան մը ըրաւ, այդպէս ալ մեր Տէրը՝ Քրիստոս, սուրբ Կոյս Մարիամէն առնելով նոր բան մը շինեց եւ մարմնաւոր այս մարմինը հագաւ, փոխանակ երկինքէն իրեն համար մարմին մը բերելու: Եւ երկնային Հոգին մտնելով մարդկային բնութեան մէջ, այնտեղ գործեց եւ այդպիսով զայն աստուածութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ դրաւ: Ինչպէս որ Աստուած, Մովսէս մարգարէին ապրած ժամանակէն բացի, ուրիշ ատեն երկրի վրայ պղնձեայ օձ շինել չհրամայեց, նոյնպէս ալ Յիսուս Քրիստոսի անմեղ ու անարատ մարմինէն զատ ուրիշ մարմին չյայտնուեցաւ աշխարհի մէջ: Որովհետեւ, երբ առաջին Ադամը պատուիրանազանց եղաւ, անխտիր մահը տիրեց իր բոլոր զաւակներուն վրայ, եւ այդ պատճառով ալ Տէրը մարմնաւորապէս աշխարհ եկաւ եւ իր խաչուած մարմինով՝ յաղթեց կենդանի ու շնչող օձին: 

 

   Այս զարմանալի երեւոյթը «Գայթակղութիւն է հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար»: Սակայն ի՞նչ կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ.- «Մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ հրեաներէն ու յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը» (Ա.Կր 1.23-24, 2.2), «որովհետեւ կեանքը կը գտնուի խաչին վրայ գամուած ու մեռած մարմինին մէջ: Հո’ս է զոհագործութիւնն ու փրկութիւնը: Հո’ս է լոյսը»: 

    Աստուած մարդոց հանդէպ բարի, սիրող եւ ողորմած է: Ան իր խոստումներուն մէջ հաւատարիմ է, երբ մենք մինչեւ վերջ, առանց յուսահատութեան կը խնդրենք:       

 Փառք իր ամենառատ գթութեանը, Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: 

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան