Շաբաթ, 9 Մարտին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Սեբաստիոյ քառասուն նահատակ երիտասարդ զինուորներուն տօնը, որոնք «մանուկ» կը կոչուին

(մանուկ թէ՛ «երիտասարդ» եւ թէ՛ «զինուոր» կը նշանակէ գրաբարով)

Ս. Քառասնից մանկանց տօնը յիշատակումն է Դ. դարու սկզբնաւորութեան նահատակուած քառասուն վկաներու, որոնք Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն եկած քրիստոնեայ զինուորներ էին ու կը ծառայէին Սեբաստիոյ մէջ հաստատուած հռոմէական կայսերական գունդին:

Լիկիանոս կայսեր հրամանով Կեսարիոյ դուքսը՝ Լիւսիաս հալածանքներ կը ծաւալէ քրիստոնեայ զինուորներուն դէմ, անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց հաւատքին, կը բանտարկուին եւ դատական ատեան կը հանուին: Անոնք քարկոծման կ’ենթարկուին, սակայն Աստուծոյ հրաշքով, արձակուած քարերը հակառակ ուղղութեամբ կը տեղան եւ կը վիրաւորեն դատաւորն ու պահակագունդի զինուորները։

Այնուհետեւ, իբրեւ պատիժ, ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը, անոնք կը նետուին Սեբաստիոյ մօտ լիճը մը: Անոնցմէ միայն մէկը չդիմանալով տանջանքներուն, դուրս կ’ելլէ ջուրէն, կը փորձէ փրկութիւն գտնել լճափին կառուցուած տան մը մէջ, սակայն կը մեռնի ու կը զրկուի երկնային կեանքէն: Առաւօտուն, երեսուն եւ ինը նահատակները կ’երեւին լուսէ պսակներով:

Պահապան զինուորներէն մէկը, տեսնելով հրաշքը, դարձի կու գայ եւ կամովին կը նետուի լիճ՝ պսակակից դառնալով անոնց: Անոնց նշխարները կ’ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ, ուր կը կառուցուի «Քառասուն Մանկունք» քառասուն գմբեթանի տաճարը, որ կանգուն կը մնայ մինչեւԼենկթիմուրի արշաւանքը:

Քառասուն Մանկանց պատմութիւնը կը յորդորէ քրիստոնեայ հաւատացեալը՝ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական հաւատքին եւ դէմ դնել ամէնէն ծանր դժուարութիւններուն, երկնային պսակին արժանանալու համար: