Մեր Եկեղեցին
Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղիցիին, հիմքը դրուեցաւ 1993 թուականին: Օրին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Աշճեանի կողմէ վաւերացուեցաւ 1994 Յունուարին: Իր հիմնադրութեան օրէն իսկ Եկեղեցիս սպասարկած է Լաւալահայ գաղութին զանազան միջոցներով, ըլլալով առաջին Հայ կրօնական հաստատութիւնը Լաւալի մէջ:
Անցեալի Հովիւներ

Արժ. Տէր
Հրանդ Աւագ Քհնյ. Երէցեան (Անդրանիկ Հովիւ)

Արժ. Տէր
Հրայր Աւագ Քհնյ. Նիկոլեան

Արժ. Տէր
Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան

Հոգշ. Տէր
Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան
Ս. Գէորգ Քաջամարտիկ Զօրավար
Ս. Գէորգը Կապադովկիացի բարեպաշտ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակ էր: Զինուորագրուելով հռոմէական բանակին՝ իր ցուցաբերած քաջութեան եւ հաւատարմութեան շնորհիւ կարճ ժամանակամիջոցին կ՛արժանանայ հազարապետութեան պատիւին:
Կայսրի հրաւիրած խորհրդակցութեան ժամանակ կ՛ընդիմանայ քրիստոնեաները հալածելու անոր ծրագրին՝ բացայայտելով իր քրիստոնեայ ըլլալը: Կայսրը, զարմացած ու ապշած տեղի ունեցածին, բանտարկել կ՛ուտայ սուրբին՝ ենթարկելով անլուր չարչարանքներու: Ս. Գէորգի քարոզներու շնորհիւ շատերը դարձի կու գան: Անոնց մէջ էր Ալեքսանդրիա թագուհին:
Կախարդի մը կը պատուիրեն, որ երկու բաժակ դեղ պատրաստէ սուրբը դարձի բերելու համար: Առաջին բաժակը խմելէ ետք սուրբը պիտի մտափոխուէր, իսկ երկրորդէն ետք՝ մեռներ: Բայց Գէորգ առ Աստուած ունեցած իր հաւատքի շնորհիւ կը խմէ երկու բաժակներն ալ եւ ի զարմանս բոլորին՝ կենդանի կը մնայ: Ան նաեւ յարութիւն կու տայ մեռեալի մը:
Կայսրի բազմաթիւ թախանձանքներէ ետք, Գէորգը վերջապէս կը համաձայնի կուռքերուն զոհ մատուցել: Սակայն հասնելով կռատուն կը ջարդէ բոլոր կուռքերը՝ ցոյց տալով անոնց սուտ եւ սին ըլլալը: Այս յանդուգն արարքի համար Դիոկղետիանոս կայսրը 303 թուականին զլխատել կու տայ Ս. Գէորգին: