Եկեղեցւոյ Յանձնախումբեր
Տիկնանց Յանձնախումբ
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը հիմնուած է 1994-ին, եւ միչեւ օրս աշխոյժօրէն կը գործէ հետեւեալ դասաւորումով՝
- Եկեղեցւոյ այլ յանձնախումբերու հետ գործակցութիւն եւ օժանդակութիւն (Festival, Ս. Գէորգի Տօնակատարութիւն, Պարահանդէս):
- Հոգաբարձութեան նախաձեռնած զանազան ձեռնարկներու կազմակերպութիւն (Ս. Ծնունդի եւ Զատկուայ Խթումի ճաշկերոյթ, Բարեկենդան, Միջինք, Զուարթ Երեկոյ):
- Մայրերու եւ Հայրերու օրուայ առթիւ յատուկ յիշատակութիւն:
- Ծնունդի եւ Ս. Զատկուայ առթիւ, Արմաւենիներով պատրաստուած խաչեր եւ Աւագ
- Մասի պատրաստութիւն եւ Ս. Խորանի ծաղիկներու ապահովում:
- Կիրակի օրերու սուրճի եւ անուշեղէնի սպասարկութիւն:
Այս բոլոր աշխատանքները կը համադրուին հերթական ժողովներով եւ հանդիպումներով:
«Շողակաթ» Դպրաց Դաս Երգչախումբ
- Դպրաց Դասի ղեկավար՝ Բրշ. Վարուժան Սրկ. Մարգարեան
- Դպրապետ՝ Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Կիւլոյեան
- Երգեհոնահար՝ Տիկ. Էլսա Վարդիվառեան-Դանիէլեան
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ «Շողակաթ» դպրաց դասը կորիզը կը հանդիսանայ եկեղեցական արարողութիւններուն: Դպրաց Դասին նպատակն է ծանօթանալ եւ օժանդակել եկեղեցւոյ արարողական կեանքին ու գործունէութեան, քաջալերել անդամները սերտելու Հայ եկեղեցւոյ երաժշտութիւնն ու պատմութիւնը, ծէսերը, վարդապետութիւնն ու աւանդութիւնները:
Դպրաց դասէն կ՛ակնկալուի նաեւ Դպրապետին, Հոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցաբար, ըստ կարելւոյն օժանդակել եկեղեցւոյ յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ քաջալերել գաղութիս անդամները որպէսզի Եկեղեցւոյ տրատու անդամներ դառնան, ինչպէս եւ մասնակցիլ Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնած Դպրաս Դասերու համագումարներուն եւ տօնակատարութիւններուն:
Մաս կազմելու համար եւ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ հեռաձայնեով՝ 450-688-6795 թիւին եւ ընտրել # 101
Բանկալի Յանձնախումբ
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Բանկալի Յանձնախումբը հիմնուած է 1994-ին եւ մինչեւ օրս աշխոյժօրէն կը գործէ:
Յանխնախումբը կը մասնակցի եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն: Կը կատարեն Մոմի սեղանի հսկում եւ Պնակի հաւաք, ինչպէս նաեւ՝ Հոգեհանգիստի նուիրատուութեան արձանագրութիւն եւ գանձում: Կը հսկեն Եկեղեցւոյ ֆիզիքական կազմածներու իրավիճակին եւ ըստ կարիքի կը կատարեն նորոգութիւն (աթոռ, նստարան, մոմ, այլ):
Կը հսկեն Եկեղեցիէն ներս պատշաճութեան եւ խճողումի պարագային՝ տեղերու դասաւորման:
Երտասարդաց Յանձնախումբ
Եկեղեցւոյս Երիտասարդական յանձնախումբը կը հանդիպի երկշաբաթեայ դրութեամբ ստանալով հոգեւոր դաստիրակաութիւն: Երիտասարդները նաեւ կը մասնակցին Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած դասախօսական սեմինարներուն ինչպէս նաեւ տարեկան ուխտագնացութեան գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւին: Յանձնախումբը կը կատարէ նաեւ բարեսիրական գործունէութիւն, տարէցներու այցելութիւն, տնազուրկներու ճաշի բաշխում եւ այլ:
Կոլֆի Մրցաշարքի Յանձնախումբ
Տասամեակէ մ’աւելի գործող այս յանձնախումբը, կը կազմակերպէ Եկեղեցւոյս «Կոլֆ»ի Մրցաշարքը:
Նկարչական Յանձնախումբ
Մաս կազմելով եկեղեցւոյս դաստիարական բաժնին, գծանկարչական դասընթացքներ կը տրուին մանուկներու եւ պատանիներու, որոնց աշխատանքները կը ցուցադրուին շրջանի աւարտին: Անոնք որոնք կը փափաքին արձանագրուիլ, կրնան կապուիլ Տիկին Մելանի Գույումճեանի հետ ՝ 514-806-2512 կամ Տիկին Լենա Աբրահամեանի հետ՝ 514-928-9910 թիւերուն:
Եկեղեցւոյս նկարչական դասընթացքի աշակերտներու ցուցահանդէս 2023
Եկեղեցւոյս նկարչական դասընթացքի աշակերտներու ցուցահանդէս: Մայիս 2023