Մեծ Պահքի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի՝ քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն (Ղկ. 18.1-8), ուր կը պատմուի անիրաւ դատաւորին առակը, որ կը մերժէր այրի կնոջ դատը տեսնել, սակայն կնոջ յարատեւ դիմումներուն տեղի տալով՝ ի վերջոյ կ’որոշէ ընդունիլ կնոջ դատը։

Այս առակը մեզի կը յիշեցնէ աղօթքի մէջ յարատեւելու անհրաժեշտութիւնը եւ կը յորդորեն մեղքով արատաւորուած մարդկային մեր բնութիւնը սրբելու, մաքրելու՝ վերջին Դատաստանի դատապարտութենէն ազատելու եւ արդարանալու նպատակով։

Աստուծոյ պէտք է անձանձրոյթ աղօթել, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ դուռը զարնել ու բնաւ չյուսահատիլ, ապաւինելով Անոր անաչառութեան, գթառատութեան եւ ողորմածութեան, բայց մանաւանդ քաջ գիտնալ, որ Աստուծոյ յուսացողը բնաւ անհատոյց եւ անպատասխան չի մնար։