Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարան
Ցգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՝ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը: Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՛ընդունիր փոքրիկ մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ: (Մր 10. 13-16)
Կիրակի 10:30 – 12:00
1929-ին Համաշխարհային Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ամերիկեան ընկերութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է Լիբանանի մէջ: Այս խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին: Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսը Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողոկոսը նշանակած էր ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Սոյն խորհրդաժողովին որոշում առնուած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններ հիմնել, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ: Որպէս տնօրէն ընտրուած է Պրն. Լեւոն Զէնեան, որ անմիջապէս սկսած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններու համար ուսուցիչներ պատրաստել եւ ծրագիրներ մշակել: 1930Յունիսին, Սահակ Բ. Կաթողոկոս, կոնդակներու եւ նամակներու միջոցաւ շեշտած ու բացատրած է Կիրակնօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին մէջ: Նոյն տարուան ընթացքին Կիրակնօրեայ վարժարանները սկսած են գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ:
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը հիմնուած է 10 Հոկտեմբեր 1999-ին, Թարգմանչաց տօնին առթիւ:
2024 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
2023 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
registration for sunday school