Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարան
Ցգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՝ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը: Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՛ընդունիր փոքրիկ մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ: (Մր 10. 13-16)
Կիրակի 10:30 – 12:00
1929-ին Համաշխարհային Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ամերիկեան ընկերութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է Լիբանանի մէջ: Այս խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին: Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսը Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողոկոսը նշանակած էր ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Սոյն խորհրդաժողովին որոշում առնուած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններ հիմնել, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ: Որպէս տնօրէն ընտրուած է Պրն. Լեւոն Զէնեան, որ անմիջապէս սկսած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններու համար ուսուցիչներ պատրաստել եւ ծրագիրներ մշակել: 1930Յունիսին, Սահակ Բ. Կաթողոկոս, կոնդակներու եւ նամակներու միջոցաւ շեշտած ու բացատրած է Կիրակնօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին մէջ: Նոյն տարուան ընթացքին Կիրակնօրեայ վարժարանները սկսած են գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ:
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը հիմնուած է 10 Հոկտեմբեր 1999-ին, Թարգմանչաց տօնին առթիւ:

2025 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
2024 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
2023 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025,
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի խանդավառ վերամուտ, հաճելի խաղեր եւ անակնկալներ։ Ինչպէս նաեւ «Խաչվերաց»ի առթիւ, ուսուցչաց կազմի եւ աշակերտութեան օրհնութիւն։
Բարի վերամուտ եւ յաջող ընթացք։
Ամավերջի Հանդէս 2025
registration for sunday school