Առաջնորդ եւ Առաջնորդարան

Առաջնորդարան

Առընթեր եւ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Ամերիկայի Հայոց Թեմը հիմնադրուեցաւ 1958 թուականին, ծառայելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Գանատայի:

Նկատի առներլով եկեղեցիներու աճը, Ամերիկայի Հայոց Թեմը բաժնուեցաւ երկու մասերու, Արեւմտեան Թեմ եւ Արեւելեան Թեմ (Գանատա եւ ԱՄՆ):

Տարիներու ընթացքին, հիւսիւհայկական համայնքները մեծանում էին, աւելի շատ եկեղեցիներ կառուցուեցան: Արեւելեան Ամերիկայի Առաջնորդարանը դարձեալ երկու մասի բաժնուեցաւ՝ այս անգամ 2002-ին հիմնելով Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը։ Առաջին Առաջնորդ ընտրուեցաւ ԳԵրշ. Տէր Խաժակ Արք. Յակոբեանը։

Առաջնորդներ՝

Գերշ. Տէր 
Խաժակ Արք. Յակոբեան
(2002 Մայիս – 2014 Մայիս)

Գերշ. Տէր
Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան
(2014 Մայիս – 2016 Փետրուար)

Գերշ. Տէր
Բաբգէն Արք. Չարեան
(2016 Մայիս – Ներկայ)

Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

Աւազանի անունով Յակոբ, ան ծնած է Պէյրութ 1965ին, Լիբանան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայաշէնի (Պէյրութ) Ազգ. Թորգոմեան Վարժարանին մէջ։

1976ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը՝ Անթիլիաս, որուն հնգամեայ Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք ձեռնադրուած է սարկաւագ։ Իսկ ընծայարանի եռամեայ Աստուածաբանական եւ հայագիտական դասընթացքը աւարտելէ ետք, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1984ին, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի եւ վերակոչուած Տ. Բաբգէն Աբեղայ։ Այնուհետեւ դպրեվանքին մէջ վարած է ուսուցչութեան եւ հսկողութեան պաշտօններ։ Նոյն տարիներուն ուսուցիչ եղած է նաեւ Թռչնոց Բոյնի եւ Ազգ. Թորգոմեան վարժարաններուն մէջ։

1989ին «Հայ Հոգեւորականութեան Կորուստը Մեծ Եղեռնին» նիւթը որպէս աւարտաճառ ներկայացնելէ ետք, ստացած է վարդապետական աստիճան ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ։

Վանական իր ծառայութիւններուն ընթացքին (1986-1993) վարած է նաեւ Գաւազանակրութեան պաշտօն եւ եղած է անձնական քարտուղար Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետին։ Նոյն տարիներուն վարած է նաեւ քահանայից դասընթացքի վարիչի պաշտօնը եւ եօթը տարիներ պաշտօնավարած է Ազգ. Աբգարեան վարժարանէն ներս, դասաւանդելով հայագիտական ու կրօնագիտական առարկաներ։

1993-1996 տարիներուն եղած է առաջին հոգեւոր հովիւը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, կեդրոն ունենալով Շարժա քաղաքը, հովուելով նաեւ Տուպայի եւ Ապու Տապիի հայ գաղութները, միաժամանակ դասաւանդելով տեղւոյն հայկական միօրեայ վարժարաններուն մէջ։

1996ին կը դառնայ հոգեւոր խորհրդատուն Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)։

1996-2002 տարիներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ներս, իբրեւ հոգեւոր հովիւ Սան Ֆրանսիսկոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Միաժամանակ եղած է Թեմի Կրօնական Ժողովի ատենապետ։

1998ին Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետու-թեան աստիճան, ձեռամբ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

2002-2004 Սեպտեմբեր, ծառայած է Բերիոյ Թեմէն ներս (Սուրիա), իբրեւ Առաջնորդական Փոխանորդ Ճէզիրէի, կեդրոն ունենալով Գամիշլի քաղաքը։ Ապա 2004 Օգոստոսին, Սպահանի Թեմի Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է Առաջնորդական Տեղապահ Սպահանի Հայոց Թեմին։

Սպահանի Հայոց Թեմի 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը, գումարուած՝ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի կամարներուն տակ, 28 Յունուար 2005ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ ուղարկուած եռանուն ցանկէն միաձայնութեամբ կ՚ընտրէ Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ։

2006 Յունիսին, Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ։

2014-ին, Սպահանի Հայոց Թեմի մԷջ կը նշուի սրբազան հօր քահանայութեան 30-ամեակը եւ առաջնորդութեան 10-ամեակը։ Նոյն օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ կը ստանայ Արքութեան տիտղոս։

2004-2016, 12 երկար տարիներ կը վարէ Սպահանի Հայոց Թեմի եւ հարաւային իրանահայութեան Առաջնորդական պաշտօնը։

14 Մայիս 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան ընտրուեցաւ Առաջնորդ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի։

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան