«Աստուած իր ծրագիրը կը փոխէ եթէ մենք մեր ընթացքը չփոխենք»:                  

 

   Թեպէտ Աստուծոյ ծրագիրն է գեղեցիկ ապագայ մը շնորհել մարդուն, փրկել եւ ազատել զայն, բարին գործել անոր համար, եւ սակայն, եթէ մարդը յամառի իր անզիղջ անապաշխար ընթացքին մէջ մնալ, Աստուած իր բարի ծրագիրը ի գործ պիտի չդնէ անոր կեանքին մէջ: Աստուածաշունչը բազմաթիւ կերպերով նո’յն այս իրողութիւնը կը հաստատէ:

   Աստուած Երեմիա մարգարէին բերնով կ’ըսէ.- «Եթէ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ, ու պիտի կորսնցնեմ, բայց եթէ այն ազգը, որուն մասին խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել: Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել» (Եր 18.7-10):

   Համաձայն այս խօսքին, Աստուած ո’չ միայն կը փափաքի «տնկել» եւ «շինել» մարդ արարածը, այլեւ որոշում առած է զանիկա «տնկելու եւ շինելու»: Չսպասենք որ Աստուած մեզ վերականգնէ երբ մենք վերականգնելու փափաք չունինք: Չակնկալենք որ Աստուած մխիթարէ մեզ երբ մենք մեղքի կեանք մը ապրելով սուգի կը մատնենք մեր հոգիները: 

     Աստուած Երեմիա մարգարէին ճամբով կը յայտնէ որ իր նպատակը մեղքի մէջ ինկած մարդը վերականգնելն է, բայց եթէ մեղքի տիղմին մէջ թաւալող մարդը մերժէ Աստուծոյ գալ մաքրուելու համար մեղքի տիղմէն, Աստուած պիտի «պատժէ» զայն թոյլ տալով որ աւելի՝ մխրճուի մեղքի տիղմին մէջ: Երբ Աստուած թոյլ տայ որ մարդը դառնայ ստրուկը մեղքին՝ ատիկա արդէն անոր համար պատիժ կը սեպուի: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ.- «Քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել» (Հռ 1.28): Աստուած չի պարտադրեր մարդուն զինք ճանչնալ: 

   Դարձի եկող մարդը կ’ազատի պատիժէն: Ասոր լաւագոյն օրինակը կը տեսնենք Յովնանի մարգարէութեան մէջ: Երբ Յովնան Աստուծոյ հրամանով 

գնաց եւ Նինուէցիներուն ըսաւ, որ Աստուած քառասուն օր ետք իրենց քաղաքը պիտի կործանէ, «Նինուէցիները հաւատացին Աստուծոյ եւ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան»: Իսկ Նինուէի թագաւորը ըսաւ.- «Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ եւ թող դադրի անիրաւութիւն գործելէ. Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ եւ չկորսուինք»: Երբ Աստուած տեսաւ որ Նինուէցիները «Իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց անոնց վրայ, եւ այն չարիքը որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ» (Յվհ 3.1-10): 

   Ինչպէս կը տեսնէք, եթէ հրաժարինք մեր չար գործերէն, Աստուած ալ պիտի հրաժարի իր բարկութիւնը մեր վրայ թափելու իր «ծրագիրէն»: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ Աստուած «բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան» (Հռ 2.8): Աստուած օրհնութիւն պիտի չվերապահէ անիծեալ կեանք մը ապրող մարդուն համար: 

   Աստուծոյ սպառնալիքները պայմանական են: Աստուած կը ջնջէ մեր պարտամուրհակին վրայ արձանագրուած պատիժները եթէ երբեք ներումի համար իրեն դիմենք: Լաւ է ապաւինիլ Աստուծոյ բարութեան, բայց եթէ երբեք ապաւինինք Աստուծոյ բարութեան եւ սկսինք չարիք գործել՝ Աստուած երբեք ալ բարի որոշումներ պիտի չառնէ մեր նկատմամբ: Աստուած բարի ու ներող է ըսելը մեզ չի փրկեր: Աստուած մեզ կը փրկէ երբ իրեն դառնանք: Նո’յնը կը հաստսատէ Սաղմոսագիրը.- «Ո՛վ Տէր, դո’ւն բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամէնուն նկատմամբ, որոնք քեզի կը կանչեն» (Սղ 86.5): 

   Այս բոլոր ըսուածներէն պէտք չէ հետեւցնենք այն, որ Աստուծոյ բարի ըլլալը պայմանաւորուած է մեր բարի ըլլալով: Աստուած բարի է եւ բարի պիտի մնայ իրեն դառնանք կամ ոչ: Յիշեցէք որ Աստուած Ադամին եւ Եւային փրկութեան խոստում մը տուաւ երբ Ադամ եւ Եւա զշջումի կամ ապաշխարութեան նուազագոյն տրամադրութիւն անգամ ցոյց չէին տուած (Ծն 3.15): Աստուածաշունչի գիրքերէն որեւէ մէկուն մէջ չենք կարդար որ Ադամ եւ Եւա զղջացին կամ ապաշխարեցին: 

   Աստուած փրկութիւն խոստացաւ երբ փրկութի՜ւն աղաղակող չկար: Աստուած փնտրեց Ադամն ու Եւան երբ անոնք կը փորձէին փախչիլ իրմէ եւ պահուըտիլ «պարտէզին ծառերուն մէջ» (Ծն 3.8): Աստուած այսօր ալ կը շարունակէ փնտռել պատմութեան բոլոր Ադամներն ու Եւաները, իսկ անոնք իրենց յատուկ ծառեր շինած են, որոնց ետին կը փորձեն պահուըտիլ ամէնուրէք Աստուծմէ: 

   Երբ կը հեռանաք Աստուծմէ, ձեր գլխուն եկած չարիքներուն պատճառն ու պատասխանատուն դուք կ’ըլլաք եւ ո’չ թէ Աստուած: Նոյնը Երեմիա մարգարէն կ’ըսէ.- «Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր քու Տէր Աստուածդ ձգելով, երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր» (Եր 2.17): Աստուծմէ հեռանալը աղիտաբեր է:            

    Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Աստուածասիրութիւն եւ մարդասիրութիւն» նիւթի մասին:

  Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան:   Ամէն: