Մատթէոսի աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս»:

Որո՞նք են օտարականները: Նիւթը բաժնուած է հինգ կէտերու մէջ.-

   1- Օտարականները այն մարդիկն են, որոնք մեղքի պատճառով օտարացան Աստուծոյ արքայութենէն, անոր սէրէն եւ ընկերակցութենէն, անոր սփոփարար ներկայութենէն, անոր շնորհած պաշտպանութենէն եւ պահպանութենէն, անոր զօրութենէն եւ զօրակցութենէն:

   Մարդիկ նախապէս իբրեւ սիրելի զաւակները Աստուծոյ, կ’ապրէին անոր ներկայութեան մէջ եւ ամբողջապէս կը վայելէին անոր սէրը: Մեղքը մարդիկը խորթացուց Աստուծոյ եւ դուրս շպրտեց զանոնք անոր ներկայութենէն եւ օտարական դարձուց զանոնք Աստուծոյ եւ իրարու: Մէկը պէտք էր որ մեզ վերստին դարձնէր մեր երկնաւոր Հօր եւ հաշտեցնէր անոր հետ: Եւ այդ մէկը եղաւ Քրիստոս, որ իր սո’ւրբ արիւնով սրբեց մեր մեղքերը եւ մեզ հաշտեցուց մեր երկնաւոր Հօր հետ: Ուրեմն, օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ օգնել անոր որ դառնայ Աստուծոյ սիրոյն, դառնայ իր Հօրենական տունը: Օտարա-կանը ընդունիլ, կը նշանակէ ջանալ վերականգնել Աստուծոյ եւ իր միջեւ այն Հօր եւ որդիական յարաբերութիւնը որ նախապէս կար երբ մեղքը չկար: 

2- Օտարական մարդը իր ինքնութիւնը կորսնցուցած մարդն է: Մեղքով մարդը օտարացաւ ինքնիր բնութեան, հեռացաւ իր արմատներէն, կորսնցուց իր աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը, եւ զանոնք կորսնցնելով՝ կորսնցուցած եղաւ իր ինքնութիւնը: Ահա թէ ինչո’ւ Աստուծոյ Որդին մարդկային մեր բնութիւնը առաւ, որպէսզի վերադարձնէ մարդը իր ճշմարիտ բնութեան, իր իսկական ինքնութեան, եւ վերականգնէ անոր մէջ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը: 

   Այս ճշմարտութիւնը պարզելու համար էր որ Քրիստոս պատմեց կորսուած դրամին առակը: Փոշիին մէջ կորսուած դրամը կը պատկերացնէ մեղքին մէջ կորսուած մարդը, իսկ դրամը փնտռող կինը՝ նոյնինքն Քրիստոս: Անցեալին դրամներուն վրայ Հռոմի կայսրին պատկերը կ’ըլլար: Ինչպէս երբ մէկը գտնէր կորսուած դրամը, կը մաքրէր անոր վրայի փոշին որպէսզի կայսրին պատկերը յայտնաբերէր, այնպէս ալ Քրիստոս աշխարհ «եկաւ կորսուածը փնտռելու» եւ անոր մէջ վերստին յայտնաբերելու Աստուծոյ պատկերը: Ուրեմն, օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ օգնել անոր որ դառնայ իր ինքնութեան, իր աստուածային պատկերին եւ նմանութեան: 

3- Ելից Գիրքին մէջ ըսուած է.- «Օտարականը մի’ նեղէք, վասն զի օտարականին սիրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք» (Ել 23.9): Ո՞վ է այն հաւատացեալը որ Քրիստոսով դո’ւրս եկած է Եգիպտոսէն՝ այսինքն իր անապաշխարութեան վիճակէն, եւ չի ճանչնար օտարականին, այսինքն՝ տակաւին իր անապաշխար վիճակին մէջ յամեցող մարդուն սիրտին վիճակը: Քրիստոսով մեղքի պատճառած տառապանքէն ազատողը պարտի հասկացողութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ՝ որոնք տակաւին զուր տեղ կը շարունակեն իրենց սեփական ճիգերով ձերբազատիլ մեղքի հեղձուցիչ ներկայութենէն: 

   Աստուծոյ առաջնորդութեամբ դուրս եկա՞ծ էք Եգիպտոսի գերութենէն, այլ խօսքով, ազատա՞ծ էք մեղքի ստրկութենէն:  Մեղքը ձեզ օտար մը դարձուցա՞ծ է Աստուծոյ հետ եւ զԱստուած ձեզի: Ձեր եւ Աստուծոյ միջեւ փոխադարձ ճանաչողութիւն կա՞յ, թէ օտարութիւնն է որ կը տիրէ ձեր սրտերուն մէջ: Հոն ուր փոխադարձ ճանաչողութեան հարց կայ, հոն չի’ կրնար օտարութեան հարց ծագիլ, հոն չի’ կրնար խորթութեան մասին խօսք ըլլալ: Հոն ուր փոխադարձ ճանաչողութեան պարագայ կայ, հոն մտերմութիւնն է որ կ’իշխէ, սէրն է որ կը թագաւորէ, անկեղծութիւնն է որ կը բոցկլտայ:

4- Օտարականը նաեւ տառապած ու վշտակիր մարդն է: Վշտակիր մարդը ընդունիլը, լոկ խօսքով անոր վշտակցիլը չէ, այլ օգնելն է անոր դուրս գալու վիշտի անդունդէն: Տանջուած օտարականը ո’չ դասախօսի պէտք ունի եւ ո’չ ալ խրատողի: Ան իր ձեռքէն բռնողի պէտք ունի: Ան զինք ոտքի կանգնեցողի պէտք ունի: Օտար մարդը մի’շտ վախի մէջ կ’ըլլայ, մի’շտ մտահոգ կ’ըլլայ: Օտար մարդը մի’շտ անվստահութեան եւ անապահովութեան զգացումներով շրջապատուած կ’ըլլայ: Օտար մարդը ենթակայ է լքուելու եւ մոռցուելու:       

    Մեզմէ ո՞վ այս փուլերէն չ՛անցնիր երբ կ’ապրի օտար երկրի մը մէջ եւ շրջապատուած է արտասովոր բնաւորութիւն ունեցող մարդոցմով: Ուրեմն, օտարականը ընդունիլ, կը նշանակէ ապահովութիւն ներշնչել անապահովութեան զգացումով գերուածին, հոգ տանիլ մտահոգին, հետապնդել իրաւունքը՝ իրաւազրկուածին, դատը՝ անարդարութեան զոհ գացածին: 

5- Ի վերջոյ, օտարականը նաեւ կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկը, որ մեր հաւատքէն տարբեր հաւատք եւ մեր համոզումներէն տարբեր համոզումներ ունի: Պէտք չէ օտարականի աչքով նայինք մեզմէ տարբեր եղողներուն եւ երեւցողներուն, գործողներուն եւ մտածողներուն: Քրիստոնեայ մարդը իր նմանները ընդունող մարդ պէտք է ըլլայ: Աղքա’տ է իր նմանները աղքատ սեպողը: Խե’ղճ է իր եղբայրները խեղճ նկատողը: 

   Անապաշխար եւ անզիղջ մարդը օտարական մըն է Աստուծոյ համար: Օտարական մարդը երկինք պիտի չմտնէ: Օտարական մարդը պիտի ուրացուի Աստուծոյ կողմէ, ինչպէս ըսուած է Մատթէոսի աւետարանին մէջ.- «Բնա’ւ ձեզ չեմ ճանչնար» (Մտ 7.23): Ի՜նչ ահաւոր բան է ուրացուիլ Արարիչին կողմէ: Որո՞ւ պիտի աղաղակենք երբ մարդոց աղաղակները Լսողը փակէ իր ականջները մեր աղիողորմ ճիչին առջեւ: Նման անել կացութեան չմատնուելու համար, ապաշխարութեամբ դառնանք Աստուծոյ եւ ան որդիի յատուկ պատմուճան պիտի շնորհէ մեզի:

    Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի» նիւթի մասին:

  Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան:   Ամէն: