«Ե’ս եմ ճշմարտութիւնը»:
Կը շարունակենք «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» խորհրդածութիւններու շարքը:
Աշխարհ լի է կեղծիքներով ու կեղծաւորներով, սուտերով եւ ստախօսներով, այս բոլորը տեսնելով՝ ճշմարտութիւնը սիրող ու փնտռող հաւատացեալ մարդուն հոգին կը տոչորի, եւ աւելի ուժգնօրէն կը փարի ոտքերուն անոր որ յայտարարեց.- «Ե’ս եմ ճշմարտութիւնը» (Յհ 14.6):
Քրիստոս ի’նքն է ճշմարտութիւնը: Առանց Քրիստոսի եւ Քրիստոսէ հեռու՝ ամէն բան սուտ ու դատարկ է, ամէն բան փուճ ու կեղծ է: Քրիստոսէ հեռու եղող մարդը՝ ճշմարտութենէն է որ հեռու կ’ըլլայ: Եթէ սիրենք ճշմարտութիւնը՝ զՔրիստոս է որ սիրած կ’ըլլանք: Եթէ հալածենք ճշմարտութիւնը՝ Քրիստոսի սիրտն է որ արիւնած կ’ըլլանք: Եթէ քարոզենք ճշմարտութիւնը՝ զՔրիստոս է որ փառաւորած կ’ըլլանք:
Ան որ կը հաւատայ Աստուծոյ գոյութեան կամ ան որ կը հաւատայ թէ Աստուած ճշմարիտ է՝ պատուած ու մեծարած չ’ըլլար զԱստուած: Ի՞նչ օգուտ երբ կը հաւատանք թէ Աստուած ճշմարիտ է ու ճշմարտութիւն, բայց մեր կեանքն ու գործը անհունօրէն հեռո՛ւ են ճշմարիտէն ու ճշմարտութենէն: ԶԱստուած փառաւորած կ’ըլլանք միայն ա՛յն ատեն՝ երբ փորձենք իր Որդիին ճշմարիտ սիրոյ կեա՛նքը ապրիլ երկրի վրայ:
Այո՛, ճշմարի՛տ էր ու է Յիսուսի սէրը, ճշմարի՛տ է անոր տագնապը, ճշմարի՛տ է անոր զօրութիւնն ու զոհողութիւնը, ճշմարի՛տ է անոր խաչն ու խաչելութիւնը, ճշմարի՛տ էին Գեթսեմանիին պարտէզին մէջ անոր թափած քրտինքներն ու արցունքները, ճշմարի՛տ է աշխարհ բերած իր փրկութիւնը մեզի համար, ճշմարի՛տ է անոր սէ՛րը մեզի հանդէպ, անոր մա՛հը մեր սիրոյն ու մեր փոխարէն, անոր յարութի՛ւնը մեր կեանքին մէջ:
Ո՞ւր է Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը մեղքի աշխարհէն յարութիւն առած քրիստոնեաներուս կեանքին մէջ: Ո՞ւր է Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Աստուծոյ ճշմարտութեան հաւատացողներուս կեանքին մէջ: Ո՞ւր է մեր կեանքերուն մէջ Աստուծոյ ճշմարտութեան Հոգին, այն Հոգին՝ որ մեր յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ կը դարձնէ ճշմարիտ, իրաւական, խորունկ եւ ջերմ:
Եթէ Քրիստոս ի’նքն է ճշմարտութիւնը, ապա ճշմարտութեան վկան՝ քրիստոնեայ մարդը ի’նք պէտք է դառնայ: Ա’յս է հրահանգը Քրիստոսի.- «Իմ վկաներս պիտի ըլլաք» (Գրծ 1.8): Ի՜նչ աւելի գեղեցիկ ու գերիվեր բան կայ քան ըլլալ վկա՛ն ճշմարտութեան, վկա՛ն Փրկիչ Էմմանուէլին, վկա՛ն Քրիստոսի զօրութեան ու յաղթանակին:
Բայց վայ մեզի եթէ երբեք ճշմարտութեան համար վկայելու կանչուածներս սո’ւտ խօսինք, ստութեան կեա՛նք ապրինք, անօրէնին կողքին եւ անօրէնութեան կողմնակից ըլլանք: Առակաց Գիրքին մէջ Աստուած կ’ըսէ.- «ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր» (Առ 14.5): Ինչպէս կրակէն կարելի չէ ջուր դուրս բերել, այնպէս ալ Սուրբ Հոգիին «մաքուր ջուրով» մաքրուած քրիստոնեայէն ստութիւն պէտք չէ դուրս գայ: Քանի որ քրիստոնեայ մարդը վկա՛ն է Քրիստոսի ճշմարտութեան, ստութեամբ լի այս աշխարհին մէջ, բնական երեւոյթ է որ ան կրնայ հալածանքի ենթարկուիլ: Անբնականը եւ անընդունելին սակայն այն է՝ որ քրիստոնեայ հաւատացեալը իր հաւատակից եղբօր կամ քրոջ կողքին չի կենար երբ կը տեսնէ անոր հալածուիլը ի խնդիր ճշմարտութեան:
Ան որ իսկապէս ճշմարտութեան վկան է, ան մնայուն կերպով պատրաստ պէտք է ըլլայ եւ ակնկալէ բաղխում ունենալ այս աշխարհին հետ: Ընդհարում ու անհամաձայնութիւն ունենալը աշխարհին հետ՝ անխուսափելի է: Մեզի կը մնայ քաջութիւնը ունենալ ոտքի՛ կանգնելու ի խնդիր ճշմարտութեան: Որպէսզի կարենանք ճշմարտութեան համար քաջութեամբ ոտքի կանգնիլ, բացարձակ պայման է նորոգուած ըլլալ Քրիստոսի խաչով: Քրիստոս ի՛նքն է որ մեր մէջ ապրելով, զօրութիւն կու տայ մեզի բարձրաղաղակ յայտարարելու ճշմարտութիւնը: Ո’չ ոք կրնայ Քրիստոսի պարգեւած ազատութեան վկա՛ն ըլլալ երբ ինք ստրուկ մըն է մեղքին:
Քրիստոսով ազատագրուող մա՛րդը միայն կրնայ հսկայ վկան դառնալ հոգեւոր ազատագրութեան: Իսկ Քրիստոսով ազատագրուելու համար պէտք է ճանչնալ ճշմարտութիւնը, ինչպէս Տէրը կ’ըսէ Յովհաննու Աւետարանին մէջ.- «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յհ 8.32): Ի՞նչն է ազատաբեր այն ճշմարտութիւնը որ մարդը պէտք է ճանչնայ: Մարդը պէտք է գիտնայ որ առանց Քրիստոսի ինք առ յաւէտ կորսուած մըն է: Պէտք է զՔրիստոս ճանչնայ ու յայտարարէ իբրեւ մէկ ու միակ ճամբան փրկութեան:
«Ե’ս եմ ճշմարտութիւնը» յայտարարող աստուածորդին սուտ չի խօսիր: Ան ինչ որ կը յայտնէ եւ ինչ որ կ’ըսէ՝ ճշմարիտ են: Ճշմարիտ են ապագային վերաբերեալ իր բոլոր ըսածները: Ճշմարիտ են յաւիտենական կեանքին ու դժոխքին կապակցաբար իր բոլոր հաստատումները: Ճշմարիտ են իր համբերատարութեան, իր սիրոյն եւ իր քաղցրութեան մասին իր խօսածները:
Հաւատացէք իր խօսքերուն եւ կանչեցէք զինք: Սաղմոսներու գիրգին մէջ ըսուած է.- «Տէրը մօտ է այն ամէնուն… որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն» (Սղ 145.18): Ուստի ճշմարտութեամբ կանչեցէք Տիրոջ, այսինքն՝ ձեր ամբողջ սրտով եւ հոգիով փափաքեցէք Աստուծոյ Որդիին յանձնուիլ եւ իր փառքին համար աշխատիլ:
Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Ես եմ կեանքը» նիւթի մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն:
