«Սուրբ Պատարագը՝ յիշատակ Քրիստոսի»
Այս խորհրդածութիւնը քաղուած է Վաղինակ Վրդ. Մէլոյեանի «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» գիրքէն:
Քրիստոս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց Վերջին Ընթրիքի ընթացքին (Ղկ․ 22.14-23). այնպիսի ժամանակ մը՝ երբ ան կը պատրաստուէր իր աշակերտները ձգելով հեռանալ այս աշխարհէն Ֆիզիքապէս։ Ինչպէս երբ մարդ մը պիտի բաժնուի իր սիրելիներէն բան մը կու տայ անոնց որպէսզի անով միշտ յիշեն զինք, այնպէս ալ Քրիստոս երբ պիտի բաժնուէր իր աշակերտներէն, իրմէ բան մը տուաւ, աւելի ճիշդ՝ ինքզինք տուաւ անոնց եւ անոնց ընդմէջէն մեզի, որպէսզի միշտ յիշենք զինք, զօրանանք իր ներկայութեամբ եւ լեցուինք իր սիրով։
Քրիստոս հացն ու գինին օրհնելէ եւ իր աշակերտներուն տալէ ետք ըսաւ.- «Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար» (Ղկ․ 22.19)։ Քրիստոս իր այս խօսքով, խնդրանք մը չէր որ կը ներկայացնէր, այլ՝ հրահանգ էր որ կու տար։ «Կատարեցէք» բացատրութիւնը մեզ կը դնէ պարտականութեան եւ պարտաւորութեան մը առջեւ։ Խորհուրդին կատարումը մեր ազատ կամքին թողուած չէ։ Եկեղեցականները չէ՛ որ պիտի որոշեն եթէ Սուրբ Պատարագ մատուցանել կ՚ուզենք կամ ոչ։ Սուրբ Պատարագ մատուցանելը ո՛չ նախնտրութեան եւ ո՛չ ալ նախասիրութեան հարց է, այլ աստուածային հրահանգ ու պահանջք է։
Այդ հրահանգը ի գործ դնողները առաջին հերթին առաքեալները իրենք պիտի ըլլային։ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումով կ՚աւարտի Հին Կտակարանի քահանայական պատմութիւնը եւ սկիզբ կ՚առնէ Նոր Կտակարանի քահանայական պատմութիւնը։ Առաքեալները Հաղորդութեան խորհուրդին առաջին քահանաները եղան, զՔրիստոս ունենալով իբրեւ առաջին եւ յաւիտենական քահանայապետ։ Պէտք է յիշել նաեւ որ Աստուծոյ վերջնական նպատակն ու ծրագիրն ալ, մեզ քահանաներու թագաւորութեան մը վերածելն է (Ա.Պտ․ 2.9, Յյտ 1.6)։ Աստուած իր այս նպատակը պիտի յաջողցնէ երբ իր Որդին երկրորդ անգամ յայտնուի: Յովհաննէս առաքեալ Յայտնութեան Գիրքին մէջ կ’ըսէ.- «Երանելի՜ եւ սո՜ւրբ են անոնք՝ որ բաժին ունին՝ առաջին յարութեան մէջ: Երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի ասոնց վրայ. հապա անոնք պիտի ըլլան Աստուծոյ ու Քրիստոսի քահանաները, եւ հազար տարի պիտի թագաւորեն անոր հետ» (Յյտ․ 20.6)։
Իսկ՝ «Յիշատակիս համար…» բացատրութիւնը, բնականօրէն չի՛ նշանակեր յիշատակումը անցեալին պատահած դէպքի մը եւ կամ անցեալին պատկանող դէմքի մը։ Քրիստոս մեր կողմէ յիշուիլ չէ որ կ՚աղաչէ։ Իր յիշատակը միշտ վառ պահել չէ որ խնդրէ։ «Յիշատակիս համար» բացատրութեամբ, Քրիստոս կը պահանջէ մեզմէ որ յիշենք եւ յիշեցնենք ամբողջ աշխարհին խաչելութեամբ իր իրագործած փրկութիւնը։ Ան կ՚ուզէ որ պատմենք իրարու իր անչափ սիրոյն մասին. այն սիրոյն մասին՝ որ զինք խաչ բարձրացուց։ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ կը յանձնարարէ ըսելով.- «Ամէն անգամ որ այս հացը կ’ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ իր երկրորդ գալուստը: Այնուհետեւ՝ ո’վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ
Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ’ըլլայ» (Ա.Կր․ 11.26.27)։
Մեր կոչումն է (սիրելի՛ ընթերցող), որ ամէն անգամ երբ հաղորդուինք Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով, յիշե՛նք եւ յիշեցնե՛նք ուրիշներուն նաեւ, որ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար՝ մեզ դարձնելու համար որդիները Աստուծոյ։
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն:
