Ինչպէ՞ս Կը Կատարուի Սրբացումը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Եկեղեցւոյ կողմէ ոեւէ մէկը սուրբերու կարգին դասելու արարքը կը կոչենք սրբադասում, որ արեւմտեան եկեղեցիներուն մէջ կը կոչուի կանոնականացում canonisation: Կանոնականացումը կամ սրբադասումը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ’ եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ առաւել կամ նուազ պաշտօնականութեամբ առնուած քայլ մը՝ ճանչնալու, ընդունելու եւ տօնակատարութեամբ յիշատակելու եւ պատուելու զանոնք՝ որոնք ջերմ հաւատքով եւ կատարեալ քրիստոնեային յատուկ ինքնանուէր կեանքով մը վկայուած, աստուածային եւ մարդկային առաքինութիւններով յատկանշուած, Ս. Հոգիի ներկայութեան ծորումով փայլած եւ իրենց հաւատքին, ինչպէս եւ իրենց եղբայրներու փրկութեան համար սիրոյ գերագոյն զոհաբերութեամբ իրենք զիրենք յօժար սիրտով ընծայաբերած՝ հաւատքի տիպար օրինակներն ու ախոյեաններն են, եւ իբրեւ այդպիսին ճանչցուած ու մեծարուած են նախ ժողովրդական բարեպաշտութեան մէջ:

Բայց թերեւս անհրաժեշտ է նախ հարցում մը ընել.- Ինչո՞ւ յիշել սուրբերը: Մանաւանդ, ինչո՞ւ տօնել սուրբերը՝ յատուկ յարգանք, աղօթք եւ բարեպաշտական այլ արտայայտութիւններ կապելով անոնց անձին ու տօնին:

Երկրաւոր իր առաքելութեան վերջին օրերուն, Բաղարշակերաց տօնէն քանի մը օր առաջ, Յիսուս աշակերտներուն հետ եկաւ Բեթանիա: Այն իրիկուն Յիսուս բորոտ Սիմոնի տունը ընթրիքի հրաւիրուած էր: Եւ մինչ սեղան բազմած էին՝ իրեն մօտեցաւ կին մը, թանկագին  իւղի՝ նարդոսի շիշ մը բռնած էր ձեռքը, եւ շիշը կոտրելով՝ իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն: Անմիջապէս ամբողջ տունը անուշահոտութեամբ լեցուեցաւ: Աշակերտները զայրացան. կ’ափսոսային թանկագին իւղին այդպէս կորուստը, եւ կ’ըսէին թէ կարելի էր սուղ գինով՝ 300 դահեկանի ծախել զայն եւ դրամը աղքատներուն բաշխել: Յիսուս յանդիմանեց իրենները եւ գովեց կնոջ արարքը. «Որովհետեւ, կ’ըսէր.- աղքատները միշտ ձեր հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեր հետ չունիք»: Եւ կ’եզրակացնէր.- «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի՝ որ ամբողջ աշխարհի վրայ, ո’ւր որ ալ այս Աւետարանը քարոզուի, անոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իր յիշատակին համար»:

 Դիտեցէ’ք հիմա սուրբերու կեանքը: Նմանութիւն չէ՞ք գտներ այդ կնոջ ըրածին եւ անոնց կեանքին միջեւ, այն տարբերութեամբ, որ այդ կինը իր ունեցած հարստութիւնը՝ մեծագին իւղը կը բերէր Յիսուսի ընծայելու, մինչ սուրբերը որպէս մեծագոյն նուէր՝ իրինք զիրենք, իրենց կեանքերը ընծայեցին Քրիստոսի, եկեղեցւոյ «տունը» եւ ամբողջ աշխարհը լեցնելով իրենց կեանքերը յատկանշող Քրիստոսի գիտութեան եւ երկնային յաւիտենական կեանքի բուրմունքով (Բ. Կորնթ. 14-16): Իրենց կեանքերը ընծայեցին՝ հակառակ իրենց շրջապատին ցուցաբերած զայրոյթին եւ անհասկացողութեան, որովհետեւ զգացին թէ այդ բացառիկ շնորհքը եւ պատեհութիւնը միշտ չէր որ պիտի ունենային: Ճիշդ այդ պատճառով ալ՝ Քրիստոսի խօսքը բազմապատիկ ճշմարտացաւ նաեւ իրենց վրայ: Եւ եթէ Քրիստոս այդ կնոջ սիրոյ ընծայաբերումին առիթով ըսաւ՝ թէ անոր տուած օրինակը անբաժան պիտի մնայ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութենէն, Եկեղեցին հաւատաց եւ կը հաւատայ նոյնպէս՝ թէ ամբողջական սիրոյ ինքնընծայումով տրուած կեանքի գեղեցիկ օրինակները նմանապէս կարելի չէ’ բաժնել եկեղեցւոյ կեանքէն եւ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութենէն:

Ահա թէ ինչո’ւ եկեղեցին առաջին օրէն հետաքրքրուեցաւ, ճանչցաւ, ընդունեց, գուրգուրաց ու պահեց նուիրումի այդ հերոսներուն՝ սուրբերուն յիշատակները եւ անոնցմէ մնացած մասունքները, յարգեց զանոնք եւ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութեան կողքին իր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ տուաւ անոնց:

   Բայց ի՞նչպէս եղաւ ասիկա, եւ ի՞նչ ընթացք ու զարգացում ունեցաւ:   

Նախ նշենք որ Հին Ուխտին մէջ ալ բացառիկ յարգանք կար այն անձերուն հանդէպ, որոնք իրենց կեանքով, գործով ու խօսքով հանդէս կու գային իբրեւ Աստուծոյ մարդ կամ իբրեւ արդար, կամ իբրեւ տեսանող մարգարէ: Եւ Նոյնիսկ զանոնք իրենց կենդանութեան մերժելէ, հալածելէ եւ սպաննելէ ետք, յետ մահու անոնց գերեզմանները կը շինէին ու կը զարդարէին (տե’ս Մատթ. 23,29), այսպիսով ճանչնալով եւ ընդունելով անոնց կոչումը եւ յարգելով յիշատակը:

Նոր Ուխտի ընտրեալները աւելի շուտ եւ աւելի անմիջականօրէն այս ճանաչումը տուին անոնց՝ որոնք իրենց անձին վրայ փայլեցուցին Քրիստոսի օրինակը, Հօր Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Ս. Հոգիին բազմաճաճանչ շնորհքները: Այսպէս, երբ Ստեփանոս՝ Աստուծոյ շնորհքով ու զօրութեամբ լեցուն եւ մեծամեծ հրաշքներով փայլող նախասարկաւագը քարկոծումով նահատակուեցաւ, բարեպաշտ մարդիկ մեծ յարգանքով առին ու թաղեցին անոր մարմինը (Գործք 8, 2):  

Այս անմիջական ճանաչումին առաջին պատճառը՝ նահատակներու ցուցաբերած սիրոյն եւ համբերութեան հանդէպ հիացումն էր, այնքան՝ որ այլեւս զանոնք սոսկական մարդ չէին համարեր, այլ հրեշտակ: Քրիստոս էր որ կը գործէր անոնց մէջ եւ կարծէք Քրիստոսի կեանքին ու չարչարանքներուն օրինակն էր որ կը կրկնուէր անոնց անձերուն վրայ: 

Յաջորդին պիտի շարունակենք «Ինչպէս կը կատարուի Սրբացումը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» նիւթը:  

Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: