Փառաւոր Յանդերձը Հիմա եւ Յարութեան Ատեն
«Քրիստոնեաներուն փառքը այժմէն իսկ իրենց սրտերուն մէջ կը բնակի եւ պիտի յայտնուի յարութեան ժամանակ ու
պիտի փառաւորէ իրենց մարմինները, ըստ իրենց հաւատքին եւ սրբութեան»:
Բազմաթիւ լեզուներ կան աշխարհի մէջ եւ իւրաքանչիւր ազգ ունի իրեն յատուկ լեզուն, մինչ քրիստոնեաները նոր եւ միակ լեզու մը կը սորվին եւ բոլորն ալ մէկ իմաստութեամբ կը դաստիարակուին, զոր Աստուծոյ իմաստութիւնն է եւ ո’չ թէ այս աշխարհի կամ այս անցաւոր ժամանակի լեզուն:
Երբ քրիստոնեաները այս նոր ստեղծագործութեան մէջ կը քալեն ու կ’ապրին, այն ատեն անոնք կը ստանան երկնային նոր լուսաւորութիւն, ինչպէս նաեւ փառքեր եւ խորհուրդներ, որոնք իրենց ներքին զգայարանքներով կը սկսին տեսնել:
Բազմատեսակ ընտանի անասուններ կան՝ ինչպէս ձին, եզն ու ոչխարը, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր մարմինն ու ձայնը: Նոյնն է պարագան նաեւ վայրի անասուններուն. առիւծը ունի իրեն յատուկ մարմինն ու ձայնը, եղջերուն՝ իրը: Սողուններուն միջեւ ալ կան բազմաթիւ տեսակներ, ինչպէս նաեւ՝ թռչնազգիներու պարագային. արծիւին մարմինն ու ձայնը տարբեր է, անգղինը՝ տարբեր: Ձեւի տարբերութիւններ կան նաեւ ծովուն մէջ: Նոյնպէս, ցամաքի վրայ կան բազմաթիւ տեսակի հունտեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պտուղը: Կան նաեւ բազմատեսակ խոտեր ու բոյսեր, անոնցմէ ոմանք յայտնի են իրենց ունեցած բուժիչ եւ օգտակար յատկութիւններով, իսկ ուրիշներ ալ միայն գեղեցիկ բուրմունք կու տան: Բայց իւրաքանչիւր ծառ ներսէն դուրս կու գայ եւ կը յայտնուի անով, որ արտաքնապէս զինք կը ծածկէ եւ անով՝ որ աչքը կը տեսնէ, այսինքն՝ տերեւները, ծաղիկները եւ պտուղները: Նոյնպէս ալ սերմերը, որ ներսէն դուրս կու գան, այսինքն ա’յն ինչ որ կ’արտադրեն, եւ մենք մեր աչքերով կը տեսնենք:
Նոյնպէս ալ քրիստոնեաները, որոնք արժանի եղան այժմէն իսկ ստանալու երկնային հագուստը, անոնք իրենց հոգիներուն վրայ կը կրեն այդ հանդերձը: Եւ երբ Աստուծոյ տնօրինումով նիւթեղէն այս մարմինը կը քայքայուի եւ երկիրէն երկինք կ’անցնի, ապա այդ երկնաւոր զգեստը, որ այժմէն իսկ իրենց հոգիները կը ծածկէ եւ իրենց սրտերուն մէջ կը բնակի, զիրենք կը փառաւորէ, կը ծածկէ ու պիտի փառաւորէ նաեւ իրենց մերկ մարմինները, որոնք Տիրոջ գալստեան մեծ օրուան ընթացքին գերեզմաններէն դուրս պիտի գան: Անոնք յարութիւն պիտի առնեն իրենց երկնային աներեւելի շնորհքներով եւ այն հանդերձով, զոր քրիստոնեաներ այս կեանքին մէջ այժմէն իսկ կը ստանան:
Այնպէս՝ ինչպէս ուղտը երբ խոտ տեսնէ, կը վազէ, անյագօրէն կ’ուտէ եւ բաժին մըն ալ իր ստամոքսին մէջ կը պահէ, որպէսզի անօթութեան պահուն ստամոքսէն վերստին իր բերանը վերադարձնէ եւ ծամելով սնունդ ստանայ անկէ, նոյնպէս ալ բոլոր անոնք, որոնք երկինքի արքայութիւնը կը յափշտակեն, անոր ուտելիքէն կը ճաշակեն եւ հոգիով կ’ապրին, յարութեան ատեն այդ նոյն սնունդը պիտի ստանան, որպէսզի իրենց մարմինին իւրաքանչիւր անդամը անով ծածկուի եւ ջերմանայ:
Ինչպէս նախապէս խօսեցանք սերմերու եւ ծառերու տեսակներուն մասին, որոնցմէ շատեր նոյն արտին մէջ կը ցանուին, սակայն տարբեր պտուղ կու տան, իսկ ծառերու պարագային՝ ոմանք մեծ, ուրիշներ փոքր, բայց նոյն հողն է, որ իրենց արմատները կը խմբէ, այդպէս է նաեւ երկնաւոր եկեղեցին. անիկա մէկ ըլլալով հանդերձ, ունի անհամար հաւատացեալներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը զարդարուի իրեն յատուկ հոգիի փառքով: Որովհետեւ, այնպէս՝ ինչպէս թռչունները իրենց մարմիններէն իրենց համար «ծածկոց» դուրս կը բերեն, այսինքն՝ փետուրներ, բայց ատով հանդերձ մեծ է տարբերութիւնը թռչուններու միջեւ, անոնցմէ ոմանք գետնի մակերեսի մօտիկ կը թռչին, իսկ ուրիշներ ալ՝ երկինքի բարձունքէն, նոյնն է նաեւ մարդոց պարագան: Ինչպէս որ երկինքը մէկ ըլլալով հանդերձ, բազմաթիւ աստղեր կը պարունակէ, ոմանք աւելի փայլուն, ուրիշներ՝ մեծ, իսկ ուրիշներ ալ՝ աւելի փոքր, բայց բոլորն ալ նոյն երկինքին մէջ հաստատ կը մնան, նոյնպէս են նաեւ սուրբերը, որոնք զանազան կերպերով կապուած են աստուածային երկինքին: Այդպէս են նաեւ մարդոց մտածումները, որոնք տարբեր են իրարմէ: Սակայն երբ Հոգին կու գայ եւ կը հանգչի սրտին մէջ, ապա ան մէկ մտածում կը շինէ: Այս իմաստով, ըլլա’յ երկինքի մէջ եւ ըլլա’յ երկրի վրայ գտնուողները, բոլորն ալ նոյն եւ մէկ Հոգիին առաջնորդութեան եւ կարգաւորութեան ենթակայ են:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան