Մտածողութեան Փոփոխութիւնն ու Ճշմարիտ Աղօթքը

 

«Անհրաժեշտ է, որ հաւատացեալը իր մտածողութեան կերպը փոխէ, այսինքն՝ ներքնապէս փոփոխութիւն կրէ եւ իր ամբողջ մտածողութիւնը

Աստուծոյ վրայ կեդրոնացնէ, որովհետեւ այս արարքին մէջ կը կայանայ Աստուծոյ ծառայութիւնը»:

Հարկ է, որ հաւատացեալը Աստուծմէ խնդրէ, որ Ան իր սիրտը փոխելով՝ փոխէ նաեւ իր կեանքի նպատակներն ու ընթացքը՝ դառնէն դէպի քաղցր, եւ յիշէ նաեւ, թէ ի’նչպէս ան բժշկեց կոյր մարդը, արիւնահոսութենէն տարապող կինը, որ պարզապէս Քրիստոսի հագուստին քղանցքին դպչելով՝ ստացաւ բժշկութիւնը. եւ թէ ի’նչպէս փոխեց առիւծներուն եւ կրակին բնութիւնը: Աստուած Ի’նքն է բացարձակ Արդարութիւնն ու Բարութիւնը, եւ Իրեն նմանը չկայ: Անհրաժեշտ պայման է, որ մեր ամբողջ մտածողութիւնը Անոր վրայ կեդրոնացնենք եւ ուրիշ բանի մասին չմտածենք, այլ ակնկալութեամբ սպասենք եւ մեծ յոյսով եւ վստահութեամբ նայինք անոր:  

   Թող որ մեր միտքը նմանի այն մարդուն, որ ի մի կը հաւաքէ կորսուած մանուկները: Նոյնպէս ալ մեր միտքը թող ի մի հաւաքէ այն մտածումները, որ մեղքը ցրուած էր, եւ առաջնորդէ զանոնք, որ տուն վերադառնան: Հաւատացեալ մարդը յարատեւ ծոմապահութեամբ եւ մեծ սիրով կը սպասէ Տիրոջ, որպէսզի գայ եւ ճշմարտապէս ի մի հաւաքէ իր մտածումները: Եւ այնքան ատեն որ ապագան մութ եւ անապահով է, այդ պատճառով ալ հաւատացեալը իր յոյսը Աստուծոյ առաջնորդութեան վրայ պէտք է դնէ, արդար ու ճշմարիտ յոյսով լեցուն ըլլայ եւ յիշէ, թէ ի’նչպէս Ռախաբ օտարներու մէջ ապրելով հանդերձ՝ հաւատաց Իսրայէլի Աստուծոյն եւ արժանի համարուեցաւ մասնակից դառնալու Աստուծոյ կողմէ հին ժողովուրդին տրուած խոստումներուն եւ արժանիքներուն, մինչ իսրայէլացիներ իրենց զգացումներուն եւ կիրքերուն գերին դառնալով՝ իրենց սրտերուն մէջ Եգիպտոս վերադարձան: Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Ռախաբ, օտարներու մէջ բնակելով հանդերձ, ո’չ մէկ վնասի հանդիպեցաւ, այլ իր հաւատքը զինք արժանացուց բաժին ունենալու իսրայէլացիներու ժառանգութենէն, նոյնպէս ալ մեղքը ո’չ մէկ ձեւով կրնայ վնասել անոնց, որոնք հաւատքով եւ յոյսով կը սպասեն Փրկիչին, որ երբ գայ, պիտի փոխէ անոնց մտածումները եւ զանոնք դարձնէ աստուածային, երկնային եւ արդար: Այն ատեն, առանց ցրուածութեան եւ խանգարումի, հոգին պիտի գիտնայ ճշմարիտ աղօթքին իմաստն ու զօրութիւնը: Լսեցէք’, թէ ի’նչ կ’ըսէ Տէրը Եսայի մարգարէի միջոցաւ.- «Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, երկաթէ նիգերը պիտի խորտակեմ» (Ես 45.2), ինչպէս նաեւ՝ Երկրորդ Օրինաց Գիրքին մէջ կ’ըսէ.- «Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես… եւ սրտիդ մէջ ըսես, թէ այն ազգերը ինձմէ շատուոր են եւ թէ ի՞նչպէս կրնամ զանոնք հալածել» (Բ.Օր 15.9, 7.17):

   Եթէ ծուլութեան եւ մեղանչական ու շփոթ առաջնորդող մտածումներու հետեւանքով մեր հոգիները չթուլցնենք ու չտկարացնենք, այլ մեր մտածումներն ու մտքերը ամենայն հաւատքով հաւաքելով՝ Աստուծոյ վրայ կեդրոնացնենք, անկասկա’ծ որ ան մեզի պիտի գայ եւ մեզ ի մի պիտի խմբէ:

   Այն՝ ինչ որ զԱստուած կը հաճեցնէ եւ իւրաքանչիւր ծառայութիւն՝ որ իրեն կ’ընծայուի, այդ բոլորը սրտին մէջ կը գտնուին: Արդ, աշխատեցէք’ հաճեցնել զԱստուասծ՝ ամէն ատեն իրեն նայելով եւ ձեր ներաշխարհին մէջ անոր գալուստին սպասելով: Փնտռեցէք զԱստուած ձեր մտածումներուն մէջ, ճշդեցէք ձեր կամքն ու մտադրութիւնը, որպէսզի միշտ դէպի իր կողմը ուղղուիք: Եւ այն ատեն պիտի տեսնէք, թէ ան ի’նչպէս ձեզի կու գայ եւ ձեր մէջ կը հաստատէ իր բնակութիւնը (Յհ 14.23): Ձեր մտածումները հաւաքելով՝ ո’րքան խնդրեք իր ժամանումը, նոյնքան եւ աւելի սիրով, բարութեամբ, ողորմութեամբ եւ խոնարհութեամբ ան ձեզի պիտի գայ եւ ուրախութիւն ու հանգստութիւն պիտի պարգեւէ: Ան կը նայի մեր մտքի մտածումներուն ու ցանկութիւններուն, եւ կը տեսնէ, թէ մենք ինչպէ’ս զինք կը խնդրենք, ամբողջ սրտով, մտքով եւ հոգիո՞վ, թէ անտարբերութեամբ եւ ծուլութեամբ:

   Եւ Աստուած երբ մեր խնդրանքին մէջ մեր նախաձեռնութիւնը կը տեսնէ, այն ատեն ինքզինք կը յայտնէ, օգնութեան ձեռք կ’երկարէ մեզի, յաղթանակ կ’ապահովէ եւ մեզ կը փրկէ մեր թշնամիներէն: Ան նախ կը նայի զինք խնդրելու եւ իրեն սպասելու մեր կերպին, թէ ի՞նչ աստիճանի սիրով եւ անդադրում յոյսով լեցուն է մեր հոգին, յետոյ միայն կը սորվեցնէ մեզի ճշմարիտ աղօթքն ու սէրը, որ նոյնինքն՝ Քրիստոս Տէրն է: 

   Եւ այնպէս՝ ինչպէս մանուկը առանձինն չի կրնար ինքզինքին հոգ տանիլ ու իր պէտքերը կատարել, այլ միշտ իր նայուածքը դէպի իր մօրը յառած՝ կ’աղաղակէ ու կու լայ, մինչեւ որ մայրը սիրով դէպի իր կողմը շարժի եւ զինք իր գիրկը առնէ, նոյնպէս ալ հաւատացեալ հոգիները, որոնք իրենց յոյսը միայն Տիրոջ վրայ դրած կ’ըլլան եւ ամէն արդարութիւն անոր կը վերագրեն:

   Ինչպէս որ ճիւղը առանց որթատունկին կը չորնայ, նոյնպէս ալ ան՝ որ առանց Քրիստոսի կ’ուզէ արդարանալ: Եւ այնպէս՝ ինչպէս գողը, որ դռնէն չի’ մտներ, այլ ուրիշ տեղէ մը կ’ուզէ ներս սպրդիլ, նոյնը կ’ընէ նաեւ այն մարդը, որ ինքզինք կը փորձէ արդարացնել՝ առանց Արդարացնողին:

   Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: 

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան