«Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» – 2

 

 Յովհաննու Աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Ես եմ կեանքը» (Յհ 11.25): Եթէ Քրիստոս է կեանքը եւ եթէ Քրիստոս է կեանքի արարիչն ու տուիչը, այդ կը նշանակէ որ զՔրիստոս ունեցող մարդը՝ կեա՛նք ունի, Աստուծոյ շո՛ւնչը ունի, Աստուծոյ Հոգի՛ն ունի, Աստուծոյ գթութիւնը ունի: 

  Աստուած իր Որդիին միջոցաւ կեա՛նք շնորհեց մեղքով մեռած մարդկութեան, նո՛ր կեանք, յաւիտենակա՛ն կեանք, յաղթո՛ղ կեանք: Հոն ուր չկա՛յ Քրիստոս՝ հոն չկա՛յ կեանք ու կենսունակութիւն, հոն չկա՛յ յաղթութիւն եւ անմահութիւն:

   Առանց Որդիին ո’չ ոք կեանք ունեցաւ կամ պիտի ունենայ: Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ.- «Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի, եւ այդ կեանքին աղբիւրը Որդին ինքն է: Հետեւաբար, ով որ Աստուծոյ Որդին իր մէջ ընդունած է՝ այդ կեանքը ունի. իսկ ով որ չունի Որդին՝ յաւիտենական կեանք ալ չունի» (Ա.Յհ 5.11):

   Քրիստոս ո’չ միայն աղբիւրն է կեանքի, այլեւ կեանքն իսկ է: Ի’նքն է կեանք տուողը եւ ի’նքն է տրուած կեանքը: Այս իմաստով, ժառանգել յաւիտենական կեանքը, կը նշանակէ ժառանգել Քրիստոսի անձը, եւ այդ Անձին մէջ թաքնուած ամբողջ սէրն ու սրբութիւնը, ամբողջ փառքն ու գեղեցկութիւնը, ամբողջ զօրութիւնն ու խաղաղութիւնը: 

   Յաւիտենական կեանքը նոյնինքն Աստուծոյ կեանքն է: Ուստի յաւիտենական կեանքը ժառանգելը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ կեանքին մասնակցիլը: Ան որ ունի Յիսուս-կեանքը իր սրտին մէջ՝ իր սիրտը կը դառնայ բաբախուն, զօրութեամբ լեցուն, յոյսով եռուն, եռանդով զեղուն: Սիրտ մը որուն մէջ Յիսուս-կեանքը կը բնակի՝ կը վերածուի խնկաբոյր տաճարի, նո՛ր Բեթլեհէմի, սիրոյ աղբիւրի, սրբութեան սեղանի: Սիրտ մը որ իր դռները կը բանայ Յիսուսի կենսագործող ներկայութեան դիմաց՝ կը դառնայ երկինքէն աւելի մաքուր, աստղի նման անհպելի, ձիւնէն աւելի սպիտակ, կրակէն աւելի ջերմ:

   Մէկը որ սիրտը կը բանայ Յիսուսի սիրտէն հոսող սիրոյն դիմաց՝ այդ սիրով կ’աճի, կը մեծնայ, կը բիւրեղանայ, կը կայտառանայ, կը թարմանայ ու կը զուարթանայ: Յիսուսի սիրտէն հոսող սիրոյն դիմաց՝ մարդուն սիրտը կը վերածուի երգի’ ու երգարանի, քաղցրալից սկիհի, փառաբանութեան խորանի, լուսաճաճանչ արեգակի: 

   Քրիստոս է կեանքը որովհետեւ Քրիստոս յաղթեց մեղքին ու մահուան: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ իսկական մահը մարմնաւոր չէ, այլ հոգեւոր մահը: Մեղքի կեանքը ապրող ու սիրող մարդը՝ հոգեւորապէս մեռա՛ծ մարդ է: Անառակ որդին հոգեւորապէս մեռած մըն էր այնքան ատեն երբ հեռու կը մնար իր հօրմէն, բայց երբ իր հօրը վերադարձաւ, հայրը ըսաւ.- «Իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ…» (Ղկ 15.24): 

   Յիշենք Ադամի օրինակը: Աստուած անոր պատուիրեց.- «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, որովհետեւ այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն 2.16-17): Հո՛ս նաեւ խօսքը հոգեւոր մահուան մասին է, փաստօրէն այն օրը որ արգիլեալ ծառին պտուղէն կերան՝ մարմնապէս չմեռան:

   Ադամ պատուիրանազանց գտնուելէ ետք, Աստուած զինք փնտռեց եւ ըսաւ.- «Ո՞ւր ես»: Եւ անիկա պատասխանեց.- «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, որովհետեւ մերկ էի ու պահուըտեցայ» (Ծն 3.10): Այստեղ խօսքը հոգեւոր մերկութեան մասին է: 

   Ադամ Աստուծոյ դէմ մեղանչելէ ետք, մերկացաւ ու զրկուեցաւ այն սիրալիր կեանքէն որ ունէր ու կը վայելէր Աստուծոյ հետ, մերկացաւ Աստուծոյ պաշտպանարար եւ առաջնորդող ներկայութենէն, մերկացաւ անմահութեան եւ սրբութեան պատմուճանէն: Ադամ իր մեղանչումէն ետք, սկսաւ փախիլ ու խուսափիլ Աստուծոյ ներկայութենէն, եւ ասիկա փաստ մըն է, որ ան կորսնցուցած էր իր հոգեւոր կենսունակութիւնը: Աստուծոյ ներկայութիւնը կենսաւորող ու կենսագործող ներկայութիւն է: Աստուծոյ ներկայութենէն խուսափիլը ապացոյց մըն է որ մենք Քրիստոսով չենք ծածկած մեր մերկութիւնը եւ չենք հաշտուած իր հետ: 

   Առակաց Գիրգին մէջ Տէր կ’ըսէ.- «Զիս գտնողը կեանք կը գտնէ ու Տիրոջմէ շնորհք կը ստանայ: Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ: Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն» (Առ 8.35-36): Այս բառերը եւս ցոյց կու տան որ մեղք գործելը՝ մեր հոգիները անիրաւել  է եւ կեանքի փոխարէն մահը սիրել է: «Զիս գտնողը կեանք կը գտնէ»: Հետեւաբար գտա՞ծ էք Քրիստոս՝ ձեր կեանքը:

   Առանց Քրիստոսի մա՛հ է ձեր բաժինը: Առանց Քրիստոսի խաւա՛ր է ձեր կեանքն ու յաւիտենականութիւնը: Ձեր եւ յաւիտենականութեան միջեւ քայլ մը միայն կայ: Այդ քայլը մարմնաւոր մահն է: Զգոյշ եղէք որ չըլլայ թէ պարտադրուի ձեզի այդ քայլը առնելու, եւ դուք յաւիտենականութեան անցնիք առանց Քրիստոսի: Գերեզմանէն անդին Քրիստոսէ զատ ուրիշ պաշտպան չունիք: Գերեզմանէն անդին զՔրիստոս ունենալու համար իբրեւ պաշտպան ու պահապան, պէտք է այսօր իսկ յանձնուիք իրեն:      

  Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Ես եմ աշխարհի լոյսը» նիւթի մասին:

  Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան:   Ամէն: