«Ս. Հաղորդութեան այլակերպիչ զօրութիւնը»:
Այս խորհրդածութիւնը քաղուած է Վաղինակ Վրդ. Մալոյեանի «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» գիրքէն:
Սուրբ Հողորդութեան խորհուրդին հաստատումը Քրիստոսի խորախորհուրդ մարդասիրութեան բացառիկ եւ բացարձակ արտայայտութիւնն է: Քրիստոս երկինք համբարձաւ, բայց իր մարմինն ու արիւնը թողուց երկրի վրայ՝ երկիրը երկնայնացնելու, օրհնելու, պաշտպանելու, արգասաբեր դարձնելու եւ երկինք առաջնորդելու: Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը երկինքն ու երկիրը իրարու կը կապեն: Երկնաւորն ու երկրաւորը իրարու հետ յարաբերութեան մէջ կը պահեն:
Սուրբ Հողորդութիւն ստանալը Աստուծոյ մէջ խորանալ է, դէպի աստուածայինը խոյանալ է, Աստուծոյ սրբութեամբ սրբուիլ է, ամենակալին ձեռքերուն յանձնուիլ է, մեր սիրտերուն վրայ Քրիստոսի իշխանութիւնը ճանչնալ է, մեր հոգիներուն մէջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գոյացնել է, մեր միտքերուն մէջ մեղքի հուրը շիջեցնել է, մեր միտքերուն վահանուիլն է Չարին արձակած նետերուն դիմաց:
Տակաւին, Տէր Յիսուսի մարմինն ու արիւնը ճաշակելը՝ Աստուծմով պարուրուիլ է, Սուրբ Հոգիով նորոգուիլ է, Քրիստոսի սիրոյ թեւերուն տակ ապաստան գտնել է, մեր երկնաւոր Հօր մտերմութիւնը վայելել է, Բարձրեալը բարձրացնել եւ Բարձրեալին կողմէ բարձրացուիլ է, հրեշտակներուն կողմէ երանուիլ է, երկինքի իւղով օծուիլ է, Աստուծոյ մէջ, Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ հետ առանձնանալ է:
Տէր Յիսուս լոկ ուտելիք կամ խմելիք չէ: Սուրբ Հողորդութիւնը պարզ մարդոց կը տրուի, բայց պարզ բան մը չէ: Ան Սուրբ Հոգիին բուրմունքն է մեր ներսիդին: Ամենասուրբ Երրորդութեան փառքին եւ զօրութեան, իմաստութեան եւ սրբութեան հանգչումն է մեր վրայ: Մեր սիրտերուն տաճարացումն է: Մեր հոգիներուն կենսաւորումն է: Յաւիտենական այլակերպութեան նախաքայլն է: ԶԱստուած ստանալն ու շալկելն է: Աստուծոյ զօրութեան պատգամաբեր դառնալն է: Սուրբ Հողորդութեամբ Տէր Յիսուսի սէրը կը հոսի մեր կեանքերուն մէջ, եւ իր մարդասիրութեան նման մարդասիրութիւն մը կ’ունենաք, իր անկեղծութեան նման՝ անկեղծութիւն մը, իր քաղցրութեան նման՝ քաղցրութիւն մը: Ինչպէս զուլալ ջուրով լեցուած բաժակը տարբեր եւ գերազանց արժէք ունի քան տղմոտ ջուրով լեցուած բաժակը, այնպէս ալ Սուրբ Հողորդութեան ճամբով աստուածորդիով լեցուած մարդը, տարբեր պէտք է ըլլայ աշխարհի մարդէն:
Կեանքի Հացէն ճաշակելն ու կենսատու Արիւնը ըմպելը՝ յաւիտենական կեանք ունենալ է (Յհ 6.54), Աստուծոյ մէջ բնակիլն ու Աստուծոյ բնակարան դառնալ է (Յհ 6.56), յարութեան համար նախապատրաստուիլ է (Յհ 6.54), Քրիստոսով ապրիլ ու անմահանալ է (Յհ 6.50): Երբ կը հաղորդուինք անմահ եւ անմահարար Աստուծոյ մարմինով եւ արիւնով՝ անոր անմահութիւնը կ’անցնի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, եւ մենք կը դառնանք անմահ որդիները անմահ Աստուծոյ:
Քրիստոս իր մարմինն ու արիւնը բնորոշէ իբրեւ ճշմարիտ կերակուր եւ ճշմարիտ խմելիք (Յհ 6.55): Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը յագեցում կը շնորհեն Ճշմարիտին եւ ճշմարտութեան ծարաւը ունեցողներուն: Ճշմարիտ կեանքի որոնիչներուն: Ճշմարիտ կեանքի որոնիչներուն համար ան ճշմարիտ կեանք պարգեւող հացն է: Տէրը Յովհաննու Աւետարանին մէջ ըսած է.- «Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է, ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի» (Յհ 6.51): Երկնաէջ Հա’ցը միայն կրնայ կեանք պարգեւել մարդուն հոգիին եւ կշտացնել զանիկա:
Հաղորդուիլը յաւիտենական կեանքի փափաքը մեր ներսիդին բորբոքել է: Ինչպէս ծառին վրայ հաստատուած ճիւղը կ’ըմպէ ծառէն եկած ամբողջ հարուստ աւիշը, այնպէս ալ երբ Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով կը հաղորդուինք՝ Քրիստոսի կեանքը եւ Քրիստոս իբրեւ կեանք կը հոսի մեր անձերուն մէջ՝ մեր հաւատքի երակներուն ճամբով:
Սուրբ Հողորդութեամբ Տէր Յիսուս Քրիստոսի բարեգործ ձեռքերուն նման ձեռքեր կ’ունենանք: Ձեռքեր՝ որոնք կրնան հասնիլ տառապեալին, օգնել՝ անկեալին, գրկել՝ մերժուածը եւ տալ՝ կարօտեալին:
Սուրբ Հողորդութեամբ Տէր Յիսուսի մշտաշարժ որքերուն նման ոտքեր կ’ունենանք: Ոտքեր՝ որոնք կ’առաջնորդուին դէպի Կատարեալն ու կատարելութիւնը, դէպի Ճշմարիտն ու ճշմարտութիւնը:
Սուրբ Հողորդութեամբ Տէր Յիսուսի բերանին նման բերաններ կ’ունենաք: Բերաններ՝ որոնք կը վկայեն Մեծ Վկայեալին համար, կը պատմեն անոր անպատմելի գործերուն մասին, անիծողը՝ կ’օրհնեն, հալածողին համար՝ կ’աղօթեն:
Սուրբ Հողորդութեամբ Տէր Յիսուսի աչքերուն նման աչքեր կ’ունենանք: Աչքեր՝ որոնք մարդուն մէջ Աստուծոյ գուրգուրանքին կարօտ մարդը կը տեսնեն: Աչքեր՝ որոնք կը տեսնեն՝ անտեսուածը, կը նշմարեն՝ աննշմարը:
Որքա՜ն անմեղ եւ իրատես պիտի ըլլան մեր հայեացքները երբ Աստուած ըլլայ անոնցմով նայողը: Որքա՜ն մաքուր պիտի ըլլան մեր ձեռքերը երբ աստուածորդին ըլլայ անոնցմով գործողը: Որքա՜ն արագագնաց պիտի ըլլան մեր ոտքերը բարեգործութեան ճամբուն վրայ երբ Քրիստոս ըլլայ անոնցմով քալողը:
Երբ կը ճաշակենք Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը, Անհունն Աստուած մուտք կը գործէ հունաւորներուս սրտէն ներս: Հաղորդուիլը՝ սահմանաւորներուս անսահմանօրէն բացուիլն է Անսահման Աստուծոյ առջեւ: Հաղորդուիլը՝ ժամանակաւորներուս լուծուիլն Անժամանակին մէջ եւ երկրաւորներուս պատուաստուիլն է Երկնաւորին վրայ:
Սիրելի հաւատացեալ, հաւատք ունեցիր սրտիդ մէջ երբ կը մերձենաս Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին եւ ան պիտի փոխէ կեանքդ, պիտի նորոգէ սիրտդ, պիտի կենդանացնէ հոգիդ եւ պիտի լուսաւորէ միտքդ:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն: