Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Տարեկան Ամանորեան Հաւաք

Հիւրընկալութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյս բաժանմունքներու եւ յանձնախումբերու ամանորեան եւ գնահատման հաւաքը, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս:
Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ, Արժ. Տէր Յակոբ Քհնյ. Գեադայեան ողջոյնեց ու բարձր գնահատեց եկեղեցւոյս կամաւորներու բանակը, շեշտելով կարեւորութիւնը նուիրական ծառայութեան, կառոյցի մը բարգաւաճման համար:
Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Բրշ. Զաւէն Սրկ. Տէր Սահակեան, կազմին անունով երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ անձնակազմին բոլոր եկեղեցանուէր գործակից կամաւորներուն, որոնք անխնայ իրենց ներդրումը կը բերեն Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ապա՝ Տէր Հօր հետ միասին, յատուկ յուշանուէրով, պատուեցին Տիար Լեւոն Տէր Ադամեանը, իր երկարատեւ տարիներու ծառայութեան համար իբրեւ Լաւաի Հայ Կեդրոնի տնօրէն:
Շնորհակալութիւն՝ Տիար Վաչէ Ճապարեանին, նկարներուն համար:
Աստուած օրհնէ եւ պահպանէ մեր բոլոր նուիրեալ կամաւորները: