Սուրբ ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻի հոգեւոր խրատները
Սուրբ Եփրեմի խրատները բաժնուած են զանազան գլուխներու, այսօր պիտի անդրադառնանք ժուժկալութեան եւ անժուժկալութեան մասին:
* Առաջին՝ ժուժկալութեան կամ չարքաշութեան մասին:
Երանի՜ անոր, ով ժուժկալ է, քանզի ժուժկալութիւնը էապէս մեծ առաքինութիւն է: Սակայն նայինք թէ ան ինչի վրայ կը տարածուի, ինչի մէջ կը գնահատուի եւ ինչի մէջ կը պահանջուի:
Այսպէս՝ կայ լեզուի ժուժկալութիւն, այսինքն՝ շատ չխօսիլ, տիրապետել լեզուին, խօսքով չվիրաւորել, չզրպարտել մէկը միւսին, չբամբասել եղբօրը եւ գաղտնիքներ չբանալ:
Կայ լսողութեան ժուժկալութիւն, այն է՝ տիրապետել լսողութեանը եւ դատարկ ըսի-ըսաւներու ուշադրութիւն չդարձնել:
Կայ տեսողութեան ժուժկալութիւն, այսինքն տիրապետել տեսողութեանը, հայեացքը չուղղել կամ ուշադիր չնայիլ բոլոր հաճելի բաներու կամ ոեւէ անպարկեշտ բանի:
Կայ դիւրագրգռութեան ժուժկալութիւն, այն է՝ տիրապետել բարկութեան եւ չբորբոքիլ:
Կայ փառքի ժուժկալութիւն, տիրապետել սեփական ոգիին, չտենչալ փառաբանութեան, փառք չփնտրել, չերազել գովեստներու մասին:
Կայ խորհուրդներու ժուժկալութիւն՝ որոնք պէտք է արմատախիլ ընել Աստուծոյ երկիւղով, չտարուիլ գայթակղութիւն յարուցանող խորհուրդներով:
Կայ ուտելու ժուժկալութիւն՝ տիրապետել ինքն իրեն եւ չփնտռել առատօրէն մատուցուող կերակուրներ, չուտել անժամանակ, չտարուիլ որկրամոլութեան ոգիով:
Կայ խմելու ժուժկալութիւն՝ տիրապետել ինքն իրեն եւ չերդալ խնճոյքներու, եւ հաճոյք չստանալ գինիներու հաճելի ժամերէն: Առանց կարիքի գինի չխմել, չփնտռել զանազան ըմպելիքներ, չափէն աւելի չօգտագործել ոչ միայն գինին, այլեւ ջուրը:
Կայ ժուժկալութիւն արատաւոր հեշտասիրութեան մէջ՝ տիրապետել զգացմունքները, չտարուիլ պատահաբար բռնկող ցանկութիւններէն: Հաճոյք չստանալ այն բաներէն՝ որոնց հանդէպ աւելի ուշ ատելութիւն կը ծնի, եւ չկատարել մարմնի կամքը, այլ Աստուծոյ երկիւղով սանցել կիրքերը:
Քանզի ան է իսկապէս ժուժկալ, ով անմահ բարիքներ կը փափաքի եւ միտքը հեռացնելով անոնցմէ, կը պժգայ մարմնական ցանկութիւններէն, կը գանի հեշտասիրութենէն, գերի չի դառնար մարմնի արտաքին տեսքին, չի հրապուրուիր գեղեցկութիւններէն եւ գովասանքի խօսքերէն:
Ով որ ճշմարտապէս արի ու ժուժկալ է եւ ինքզինք կը պահպանէ անսահման երանութեան համար, ան ժուժկալ է իր բոլոր խորհուրդներուն մէջ, եւ կը յաղթահարէ ամէն ցանկութիւն՝ աւելի լաւը փափաքելով եւ գալիքի երկիւղով:
* Երկրորդ՝ անժուժկալութեան մասին:
Ով որ ժուժկալ չէ եւ իր մէջ չկայ ժուժկալութիւն, ան կը դառնայ անպարկեշտութեան որսը: Անժուժկալը նաեւ հեշտասէր է:
Անժուժկալը հաճոյք կ’ստանայ շատախօսութենէ եւ դատարկաբանութենէ: Անոր հաճելի կը դառնայ դատարկախօսութիւնը եւ ուտելիքներու քաղցրութիւնը, ան իր խիզախութիւնը ցոյց կու տայ շատակերութեան եւ շատ խմելուն մէջ, կը հրապուրուի ունայն հաճոյքներով, կը հակի դէպի անմաքուր խորհուրդներ, փառքը կը փնտռէ, կ’երազէ մեծարանքի մասին:
Կը զուարճանայ կիներու հետ հանդիպումէն, կը տարուի անոնց գեղեցկութենէն, կը հիանայ դեմքի բարետեսութենէն, կը հմայուի մարմնի վայելչակազմութենէն: Տեսածը վերյիշելով կ’երազէ, ան մտքով յստակ կը պատկերացնէ կանանց դէմքերը, ձեռքերու շփումը, մարմիններու գրկախառնումները, անդամներու հպումները, կրքոտ արտայայտութիւնները աչքերու խաղը, հագուստներու շքեղութիւնը, մարմնի հաճելիութիւնը, հանդիպումներու ժամանակն ու տեղը եւ այն ամէն ինչ որ կը ծառայէ իր հաճոյքներուն: Ահա թէ ինչ է, որ անժուժկալը վառ գոյներով կը պատկերացնէ իր մտքին մէջ՝ հակիլով դէպի այդ խորհուրդնեը:
Այս պատճառներով, տեսնելով որ ինչպիսին են ժուժկալութեան պտուղները եւ ինչպիսին են անժուժկալութեան հունձքը, հեռո’ւ մնացէք վերջինէն եւ կառչեցէք ժուժկալութեանը: Քանզի մեծ է ժուժկալութեան վարձքը եւ անոր մեծութիւնը:
Այդ պատճառով երանի՜ անոր, ով իսկապէս ժուժկալութիւն ձեռք բերած է: Երանի՜ անոր, ով հաստատուած է առաքինութեան մէջ:
Երանի՜ անոր, ով Աստուծոյ թաքուն անհաճոյ բաներ չէ ըրած եւ կը ծառայէ Անոր ամենայն ճշմարտութեամբ:
Երանի՜ անոր, որ չի տարուիր ունայն խորհուրդներով:
Ամէնքդ ջանացէք հաճելի ըլլալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, որ Իր զօրքին մէջ անդամագրած է ձեզ, որպէսզի ձեզմէ ոչ մեկը չմերժուի իր անփութութեան եւ անհոգութեան համար:
Եւ վերջապէս երանի՜ անոնց, որոնք համարձակ կերպով պիտի կանքնին Դատաւորին առջեւ, եւ Աստուծոյ ձեռքէն պիտի ընդունին սրբազան պարգեւը:
Բայց վա’յ անոնց, որոնք ամօթահար կ’ըլլան ատելի եւ անարժէք գործերու համար:
Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: