Սուրբ ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻի հոգեւոր խրատները:

 

   Սուրբ  Եփրեմի  խրատները  բաժնուած  են  զանազան  գլուխներու,  այսօր պիտի անդրադառնանք ճշմարտութեան եւ սուտի  մասին:

* Առաջին՝ Ճշմարտութեան մասին:  

   Երանի՜ անոր, ով իր կեանքը ճշմարտութեան կը համապատասխանեցնէ եւ ոչ թէ ամէն տեսակի սուտերու որսը կը դառնայ:

 

   Երանի՜ եւ հազար երանի՜ անոր, որ ճշմարտութեան գործիչ դարձած է: Յովհաննու Աւետարանին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչ հետեւեալ վկայութիւնը կ’ընէ.- «Ով որ անոր վկայութիւնը կ’ընդունի, հաստատած կ’ըլլայ թէ Աստուած ճշմարիտ է» (Յհ. 3:33» եւ Անոր մէջ սուտ չկայ: 

 

   Եւ ո՞վ չի բարաբաներ ճշմարտութիւնը պահպանողին, քանզի ան կը հետեւի Աստուծոյ:  Ով որ ճշմարտութեան մէջ կը բնակի, ան արդարեւ հաճոյ է Աստուծոյ, բոլոր մարդկանց համար օգտակար է եւ ամէն գործի մէջ՝ շիտակ:

 

   Ճշմարիտ մարդը չի հաճոյանար ուրիշներուն, արդարադատ է, արժանիքներ եւ փառք ու պատիւ չի իւրացներ, չ’արհամարհեր տնազուրկին եւ չքաւորին, իր պատասխաններու մէջ շողոքորթ չէ, դատողութեան մէջ ճշմարիտ է, գործի մէջ՝ ջանադիր, միաբանութեան մէջ միշտ բարեզարդ է, նենգութիւն չի չանչնար, կեղծաւորութիւն չի սերեր, ան միշտ զարդարուած է բարի գործերով եւ կը ղեկավարուի միայն առաքինութեամբ: 

 

   Այսպիսով, երանի՜ անոր, ով միշտ կը ծառայէ ճշմարտութեան:

 

* Երկրորդ՝ Սուտի մասին: 

    Սակայն չարաբախտ եւ խեղճուկ է ան, ով կ’ապրի ամենայն սուտի մէջ: 

   

   Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Յովհաննու Աւետարանին մէջ կ’ըսէ.- «Դուք ձեր հօր՝ Սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ’ուզէք: Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ: Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» 

(Յհ. 8:44):  

   Ով որ կ’ապրի սուտի մէջ, ան չունի անվեհերութիւն, քանզի ատելի է եւ՛ Աստուծոյ եւ՛ մարդկանց: Եւ ո՞վ չ’արտասուէր կեանքը սուտի մէջ անցնող մարդու համար: 

   Այդպիսի մարդը ոչ մէկ գործի առթիւ խրախուսանքի արժանի չէ եւ անոր բոլոր պատասխանները կասկածելի են: Հասարակութեան մէջ զայրոյթ ու վէճեր կ’ստեղծէ եւ ընդհանրական կեանքին մէջ ալ նոյնն է, ինչպէս ժանգը՝ երկաթին մէջ: Ան անամօթ եւ լկտի սիրտ ունի եւ զայն չի պահեր եւ ծածկեր, ան յօժարութեամբ գաղտնիքներ կը լսէ եւ հեշտութեամբ զանոնք կը տարածէ, ան իր լեզուով կարող է իր կողմ բերել նոյնիսկ անոնց, ովքեր կայուն են բարութեան մէջ: 

 

  Ինքն է որ կը սկսի գործ մը, բայց ցոյց չի տար, որ ինքն է այդ գործի պատճառը: Առանց երդումի ոչինչ կ’ըսէ, եւ կը մտածէ համոզել շատախօսութեամբ: Խաբեբան բազմահնար է եւ ճարտարամիտ: Չկայ իրմէ աւելի մեծ վիշտ եւ իրմէ աւելի անարգ եւ աւելի չար անպատուութիւն: Խաբեբան ամէնքի համար զզուելի, գարշելի եւ ծիծաղելի է: 

 

   Անոր համար, ուշադի՛ր եղէք ձեր անձերուն հանդէպ, կապանքներու եւ գերութեան շղթաներու մէջ մի մնաք:   

 

   Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: