Սուրբ ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻի հոգեւոր խրատներ
Ով էր Սուրբ Եբրեմ Ասորին:
Ծնած է 306 թուին, Մծբին քաղաքին մէջ, ասորի ընտանիքէ մը, որ կ’զբաղուէր հողագործութեամբ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մծբինի մէջ, ուր մկրտուած է իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Մծբնացիին ձեռքով: Ան իր ուսումը ստացած է քրիստոնէական մշակոյթի նշանաւոր կեդրոն՝ Եդեսիոյ «Պարսից» դպրոցին մէջ: Ըստ աւանդութեան՝ ան Յակոբ Մծբնացիին ուղեկցած է Նիկիա եւ 325-ին անոր հետ մասնակցած՝ Ա. Տիեզերական ժողովին: Տասը տարիէն աւելի ապրած եւ ստեղծագործած է Եդեսիոյ մէջ, ուր գրած է իր առաջին գործերը եւ ունեցած՝ բազմաթիւ աշակերտներ:
Պարսից Սասանեան Շապուհ Բ. թագաւորին՝ (311-380) քրիստոնեաներուն նկատմամբ գործադրած հալածանքներէն խուսաբելու համար՝ 360-ական թուականներուն իր աշակերտներուն եւ քրիստոնեայ հայրենակիցներուն հետ տեղափոխուած է Մծբին: Յակոբ Մծբնացի զինք նշանակած է տեղւոյն քրիստոնէական դպրոցի տեսուչը: Սակայն 363-ին, երբ պարսիկները գրաւած են Մծբինը, Եբրեմ Ասորի հարկադրուած վերադարձած է Եդեսիա, կարճ ժամանակ ետք մեկնած է Եգիպտոս, ուր 8 տարի ճգնած է Թիպէթի նշանաւոր մենաստաններուն մէջ: 370-371-ին այցելած է Կապադովկիա Կեսարիա, ուր հանդիպած է Բարսեղ Կեսարացիին, որ ըստ աւանդութեան, զինք սարկաւագ ձեռնադրած է:
Ապրած եւ գործունէութիւն ծաւալած է Հայոց Միջագետքի Մծբին քաղաքին մէջ: Ընդհանրական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետներէն է, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համաքրիստոնէական սուրբ հայրերէն, որոնք ծանօթ են «երկոտասան վարդապետք» անունով: Մահացած է 373 թուականին, Ուռհա քաղաքին մէջ:
Եբրեմ Ասորիին գրիչին կը պատկանին կամ կը վերագրուին Ս. գրային բազմաթիւ մեկնութիւններ, դաւանական գործեր, ճառեր, աղօթքներ, ներբողներ, կցուրդներ, որոնք շարադրուած են արեւելաքրիստոնէական միտքին յատուկ խորհրդապաշտական ոգիով, յայտնութենական թափանցումներով եւ քնարականութեամբ:
Եբրեմ Ասորիին մեկնութիւններուն մէջ Աստուածաշունչին պատմութիւնը, տառացի իմաստը գերիշխող է այլաբանականին նկատմամբ: Դաւանաբանական աշխատութիւնները ուղղուած են իր ժամանակի զանազան աղանդներուն եւ հոսանքներուն դէմ:
Եբրեմ Ասորի գրած է բազմաթիւ հոգեւոր երգեր՝ նուիրուած Ս. Ծննդեան տօնին, Մկրտութեան, Ս. Յարութեան, Համբարձման, պահքին եւ այլն: Իր գրիչին կը պատկանին նաեւ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ Յարութեան մասին, թաղման կարգին եւ ապաշխարութեան երգեր:
Հայ եկեղեցին Եբրեմ Ասորիին յիշատակը կը տօնէ տարին երկու անգամ՝
1 Յունուարին մօտիկ Շաբաթ օրը եւ Հոկտեմբերի վերջին Շաբաթ օրը՝ «երկոտասան վարդապետաց»ին հետ:
Եբրեմ Ասորիին երկերուն մեծ մասը հայացած են Ե. դարուն, գրչագրուած եւ շրջանառութեան մէջ մտած բազմաթիւ ընդօրինակութիւններով: թարգմանուած են Հին եւ Նոր կտակարաններու մեկնութիւններ, կցուրդներ, աղօթքներ, կանոններ, քարոզներ, ճառեր եւ խրատներ: Մեր յաջորդ խորհրդածութիւնները պիտի ըլլան այդ խրատներու մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: