Սուրբ  Եփրեմի  խրատները  բաժնուած  են  զանազան  գլուխներու,  այսօր պիտի անդրադառնանք չարախօս չ’ըլլալու մասին եւ չարախօսութեան եւ չարախօսներու  մասին:

* Առաջին՝ չարախօս չ’ըլլալու մասին:  

   Երանի՜ անոր, ով իր լեզուն չի պղծեր ուրիշները չարախօսելով, ով որ  լեզուով չ’ապականեր իր սիրտը, այլ կը հասկնայ, որ մենք բոլորս պատիժի ենթակայ ենք, եւ չ’ուրախանար երբ ուրիշները կը չարախօսէն, այլ կ’ընդվզի այդ կիրքին դէմ: 

 

   Քանզի ուրիշին մասին չարախօսութիւն չ’ընողը արդար եւ մաքուր կը մնայ: 

   Ան խոչընդոտի չի հանդիպիր եւ անոր խիղճը պղծուած չէ: Ով որ կը փախչի չարախօս ոգիներէն, ան իրեն հեռու կը պահէ չար մարդոցմէ եւ կը յաղթէ դեւերու բանակներուն:

 

   Ով որ չարախօս լեզու ձեռք չէ բերած, ան ձեռք կը բերէ մշտնջենական գանձը: Ով որ միտում չունի ուրիշները չարախօսելու, ան կը խուսափի եղբայրասպանութենէ, եւ ուրիշներն ալ զինք չեն չարախօսէր:

 

   Ով որ չի գայթակղիր չարախօսութեան ոգիով, ան ճշմարտապէս ընբռնած է, որ ինքը մարմնաւոր է եւ ինքզինք չէ արատաւորած:

 

  Ով որ չի համագործակցիր չարախօսներու հետ, ան կը բնակի հրեշտակներու հետ: 

 

  Ով որ իր լեզուն եւ ականջները չի թունաւորեր չարախօսութեամբ, ան լեցուն է սիրոյ բուժիչ զօրութեամբ:

 

   Ով որ իր շրթները չի պղծեր չարախօսութեամբ, անոր շրթները Սուրբ Հոգիի պտուղներու անուշահոտութիւնը կը բուրեն:

 

   Այդ պատճառով իրապէս երանելի է ան ով զերց կը մնայ չարախօսութենէն: 

 

* Երկրորդ՝ չարախօսութեան եւ չարախօսներու մասին: 

    Ով որ կ’ուրախանայ ուրիշներու չարախօսութիւնը լսելով, ան ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ զբաղուած է այդ բանով, որ ինքն ալ կը չարախօսէ ուրիշներուն: Քանզի ուրիշները չարախօսողը ինքզինք կը դատապարտէ: Ան աշխարհի ցանցերուն մէջ խառնուած եւ բարդ մարդ մըն է:

   Չարախօսի մէջ ամէն բան կայ՝ եւ զրպարտութիւն, եւ ատելութիւն, եւ բամբասանք, ուստի ան եղբայրասպան, անխիշճ եւ անբարեգութ մարդ է:

 

   Իսկ ով որ իր մէջ Աստուծոյ երկիւղը ունի, որու սիրտը որ մաքուր է, ան չի սիրեր ուրիշները չարախօսել, չ’ուրախանար ուրիշներու գաղտնիքերը իմանալէն, սփոփանք չի փնտրեր ուրիշներու անկումին մէջ:

 

   Այդ պատճառով լացի ու արցունքներու արժանի է ան, ով ինքզինք չարախօսութեան վարժեցուցած է: Եւ ի՞նչն է անկէ աւելի ատելի: Հետեւաբար, ջանացեք, որ ձեզմէ ոչ մէկը չմեղադրուի այդ մեղքին մէջ: Քանզի երբ մարդ կը գիտակցի իր ծանր մեղքերը, անով իշխանութիւն կ’ունենայ ինքն իր վրայ: 

   

   Այդ արատներով է որ մեզ կը որսայ սատանան, որովհետեւ այնպէս կ’ընէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը անտեսէ այդ մեղքերը, որպէս ոչինչ նշանակող բաներ: 

 

   Իսկ Պօղոս Առաքեալ չարախօսները կը դասէ այդ մեղքերը գործողներու թիւին մէջ, երբ ըսած է Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ.- «Ո’չ իգացեալները, ո’չ արուագէտները, ո’չ գողերը, ո’չ ագահները, ո’չ արբեցողները, ո’չ հեգնողները, ո’չ ալ յափշտակողները պիտի ժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Ա.Կր. 6:10):

 

   Հետեւաբար, փոխանակ չարախօսութեան, լսեցէք Աստուծոյ խօսքը, որ հոգիի խաղաղութիւն կը բերէ: Աստուծոյ խօսքը սրտի մաքրութեան ու սրբութեան աղբիւր է, կեանքի դեղ, չարէն պատճառուած հիւանդութեանց ու խոցերուն առողջացուցիչ բալասան, որով մեզ լուաց մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, երբ Յովհաննու Աւետարանին մէջ ըսաւ.- «Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այն խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ» (Յհ. 15.3):

 

   Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: