Սուրբ Եփրեմի խրատները բաժնուած են զանազան գլուխներու, այսօր պիտի անդրադառնանք անզայրացկոտութեան եւ դիւրագրգռութեան  մասին.-

* Առաջին՝ Անզայրացկոտութեան մասին:  

   Երանի անոր, որ դիւրութեամբ չի զայրանար կամ բորբոքիր: Ան մշտապէս խաղաղ է: Իրմէ հեռացնելով բորբոքուածութեան եւ բարկացողութեան ոգին՝ ան հեռու է պատերազմէն եւ խրովութենէն, մշտապէս հոգիով հանգիստ է եւ դէմքով՝ ուրախ: 

 

   Ով որ դիւրութեամբ չի բարկանար եւ պարապ խօսքերով չի յուզուիր, ան իրաւացիութեան եւ ճշմարտացիութեան գործիչ է: Ան առանց ճիգի կը զսպէ շատախօսութեամբ տարապողները եւ համբերատար է անոնց հանդէպ: 

   Ան չի վիրաւորեր, անոր հետ վատ բաներ չեն պատահիր, ան վեճերէն չ’ուրախանար, որովհետեւ բոլորի հանդէպ սէր եւ հոգատարութիւն ունի:

 

   Անզայրացկոտը վեճեր չի սիրեր, այլ մշտապէս պարկեշտ եւ լուրջ է, կը սիրէ խաղաղութիւնը եւ կը մնայ համբերատարութեան մէջ: Ով որ իր մէջ դիւրութեամբ չ’ընդունիր դիւրագրգռութեան ոգին, ան Սուրբ Հոգիի ժամանակաւոր բնակարան եւ իջեւան կը դառնայ: Դիւրագրգռութիւն չ’ունեցողը չի վշտացներ Սուրբ Հոգին: Ան կարող է ըլլալ հեզ բնաւորութեան տէր եւ նոյն ժամանակ ունենալ սէր, համբերութիւն եւ խոնարհութիւն:      

 

* Երկրորդ՝ Դիւրագրգռութեան մասին: 

    Ով որ դիւրագրգիռ է, յաճախ եւ շուտ կը բարկանայ նոյնիսկ չնչին բաներու համար: 

   Դիւրագրգիռներուն համար Յակոբոս Առաքեալը իր Ընդհանրական նամակին մէջ կ’ըսէ.- «Գիտցէք թէ մեր բարկանալովը չենք կրնար Աստուծոյ արդար ծրագիրը իրականացնել: Հետեւաբար ձեզմէ թօթափեցէ’ք ամէն աղտոտ սովորութիւն ու չար ցանկութիւն, եւ հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած Աստուծոյ խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել» 

(Յակ. 1.20-21):  

   Եւ իրականութեան մէջ, ան ձախաւեր եւ խեղճուկ է, որով կը պարտուի այդ կիրքէն:  Որովհետեւ զայրացկոտը, ինչպէս որ կ’ըսեն, կը սպաննէ իր հոգին: Եւ իրապէս բարկացկոտը կը սպաննէ  եւ կը կործանէ իր հոգին, քանզի իր ողջ կեանքը կ’անցնէ խռովութեան մէջ եւ հեռու է հանգստութենէն:

 

   Ան օտար է խաղաղութենէն, հեռու է նաեւ առողջութենէն, քանզի իր մարմինը անընդհատ կը հիւծուի, իր հոգին կը տրտմի, մարմինը կը թոշնի եւ դէմքը կը դառնայ դժգոյն, միտքը յարափոփոխ ու անկայուն, գիտակցութիւնը ուժասպառ եւ խորհուրդները ջուրի պէս կը հոսին եւ կը կոռչին: Ան բոլորի համար կը դառնայ ատելի:

 

   Այդպիսի մարդ մը հեռու է երկայնամտութենէ եւ սէրէ, դիւրութեամբ խրովքի մէջ կ’իյնայ պարապ խօսքերէ, դատարկ բաներէ վէճ կը ստեղծէ, ուր որ իր կարքը չկայ, այնտեղ գործերու կը խառնուի, որու հետեւանքով իր վրայ աւելի մեծ ատելութիւն կը բարդանայ:

 

   Այդպիսի մարդը կը սիրէ շատախօսութիւնը եւ կը պարծենայ անօգուտ բաներով: Անոր համար հաճելի է չարախօսութիւնը, բնաւ հեզութեան կարողութիւնը չունի, իսկ խորամանկութեան մէջ քաջասիրտ է: 

 

   Ով չ’արտասուէր անոր համար: Ան պժգալի եւ գարշելի է Աստուծոյ եւ մարդկանց առջեւ:

 

   Հետեւաբար դիւրաքրքիռը ամէն պարագայի անտանելի է: 

   

   Ուստի զգուշացէ’ք դիւրագրգռութենէն:    

 

   Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: