Սուրբ Գէորգ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս
(2024 – 2025)
Ս. Գէորգ կիրակնօրեայ դպրոցի 2024-2025 տարեշրջանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի Յունիս 8, 2025-ին, կեդրոնիս Պարոնեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ Գանատայի Հայոց թեմ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ հոգեշնորհ Հայր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Յակոբ Քհնյ. Գեադաեանի, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Զաւէն Տէր Սահակեանի, միութիւններո ներկայացուցիչներու եւ ծնողներու։
Հանդիսութեան բացումը կատարուեացաւ աղօթքով, ապա հնչեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը եւ Կիրակնօրեայ մաղթերգը։ Այս տարի յատկանշնական էր Ս. Գէորգ կիրակնօրեայ հանդէսին, շրջանաւարտներո 7-րդ հունձքը եւ վկայականց բաշխումը։
Իւրաքանչիւր դասարան, տարուան ընթացքին սորված աղօթքներէն եւ սաղմոսներէն փունջ մը ներկայացուց, իսկ «Յոյս» դասարանի աշակերտները արտասանեցին բանաստեղծ Վահան
Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը եւ ներկայացուցին իրենց ձեռակերտ եկեղեցւոյ մաքէթը։ Ապա բեմ բարձրացան «Հաւատք» եւ «Յոյս» դասարաններո աշակերտները, որոնք
փոքրիկ ներկայացում մը պատրաստած էին «Ո՞վ է ընկերս» խորագրով։
Շրջանաւարտները պատրաստած էին տեսաերիզ մը՝ ամբողջ տարուան իրենց գործունէութեան եւ արտադասարանային աշխատանքներո մասին։ Ապա բոլորը բեմ բարձրացան եւ
արտասանեցին իրենց աւարտական ուխտը, որուն յաջորդեց վկայականաց բաշխումը ձեռամբ՝ Հոգեշնորհ հայր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի եւ Հոգեւոր հովիւ Տէր Յակոբ Քհնյ. Գեադաեանի։
Աւարտին՝ Հոգեշնորհ Հայր սուրբն ո հոգեւոր հովիւը, իրենց սրտի խօսքերն ո հայրական յորդորները փոխանցեցին շրջանաւարտներուն եւ պահպանիչով փակեցին սոյն հանդիսութիւնը։