Նոր Տարուայ Առաջին Սուրբ Պատարագ եւ Նուռի Օրհնութիւն

Նռնենու պտուղը կը խորհրդանշէ մարգարեները. դառը կեղեւը Հին Կտակարանի Օրենքն ու մարգարեութիւնները, որոնք կանխասացական վկայութիւններով կը նախապատրաստէին Փրկչի գալստեանը եւ կ’աւետէին աստուածային փրկագործութիւնը:
Կեղեւին մեջ պարփակուած կարմրագոյն պտուղը` Սբ Ավետարանն է ( Տէր Յիսուս Քրիստոս), որն իր քաղցրութեամբ` աստուածային սիրով, զոհաբերութեամբ ու շնորհներով պարգեւեց փրկութիւն եւ յաւիտենական կյանք.
«Բայց ապա Աստուած, մեր Փրկիչը, իր քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնեց եւ մեզ փրկեց, ո՛չ թէ մեր կատարած արդար գործերուն համար, այլ՝ պարզապէս ողորմած ըլլալուն համար։ Մեզի նոր ծնունդ տուաւ մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ վերանորոգեց։ Աստուած Սուրբ Հոգին առատօրէն մեր վրայ թափեց՝ մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի Քրիստոսի շնորհքովը արդարացած՝ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը, որուն կը յուսանք։» Տիտոս 3։4-7