Յիսուսի Աշակերտուհիները կամ Առաքեալուհիները 2
Առաքեալները կը զարմանային, թէ ինչպէ՜ս խումբ մը կիներ կը թողէին իրենց ընտանեկան պարտականութիւնները, կը մոռնային իրենց տեղը ընկերութեան մէջ եւ համարձակութիւնը կ’ունենային Վարդապետի մը հետ շրջելու եւ հասարակական գործունէութեան նուիրուելու: Ասիկա մեծ գայթակղութիւն էր, թէ՛ առաքեալներուն, թէ՛ հրեայ ռաբբիներուն եւ թէ հրեայ ժողովուրդին համար: Աւետարաններուն մէջ մենք յստակօրէն կը տեսնենք կնոջ նկատմամբ եղած արհամարհական մօտեցումը: Յիշենք քանի մը օրինակ.-
Առաջին՝ Մատթէոս աւետարանիչ հինգ հազարի կերակրման դրուագի աւարտին կը գրէ.- «Ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած» (Մտ 14.21), իսկ Մարկոս աւետարանիչ կը գրէ.- «Ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր» (Մր 6.44): Մատթէոս աւետարանիչ նոյն մօտեցումով կը յիշէ չորս հազարի կերակրման մասնակցողներուն թիւը.- «Ուտողները շուրջ չորս հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները շհաշուած» (Մտ 15.38):
Երկրորդ՝ Երբ Յիսուս Բեթանիա կը գտնուէր, բորոտ Սիմոնին տան մէջ, կին մը, թանկագին իւղի շիշ մը իր ձեռքին, կը մօտենայ Քրիստոսի եւ իւղը Անոր գլխուն կը թափէ: Առաքեալները այս մէկը տեսնելով, կը վարկաբեկեն ու կը յանդիմանեն կինը, ըսելով.- «Ինչո՞ւ այդպէս վատնել անուշահոտը, կարելի էր զայն սուղ գինով ծախել եւ դրամը աղքատներուն տալ» (Մտ 26.9): Հոն Քրիստոս կը պաշտպանէ կինը եւ առաքեալներուն դառնալով կ’ըսէ.- «Ինչո՞ւ կ’անհանգստացնէք այդ կինը, քանի լաւ բան մը ըրաւ ինծի… Իմ մարմինիս վրայ այդ իւղը թափեց՝ իմ թաղմանս որպէս նշան: Լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ո’ւր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք» (Մտ 26.10-13):
Երրորդ՝ Երբ Տիրոջ երկու հրեշտակները Մարիամ Մագդաղենացիին, Յովհաննային, Յակոբոսի մօր՝ Մարիամին եւ իրենց ընկերացող կիներուն կ’աւետեն, թէ Քրիստոս յարութիւն առած է (Ղկ 24.5-7), աշակերտուհիները վերնատուն վերադառնալով աշակերտներուն կը փոխանցեն բարի լուրը, սակայն «Առաքեալները ցնորական կը համարեն անոնց պատմածները եւ չեն հաւատար» (Ղկ 24.11), որովհետեւ, ինչպէս նախապէս յիշեցինք, հրեաներուն համար կիներուն վկայութիւնը վաւերական վկայութիւն չեր համարուեր:
Հոս պէտք է աւելցնենք, որ առաքեալները փախուստ տուած էին Քրիստոսի ձերբակալման ատեն եւ ներկայ չէին Անոր խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան դէպքերուն: Սակայն մենք չորս աւետարաններուն մէջ կը տեսնենք, որ աւետարանիչները յիշած են այդ դէպքերը: Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս հակասութիւնը: Ճիշդ է, որ առաքեալները ներկայ չէին այդ դէպքերուն, սակայն Քրիստոսի աշակերտուհիները ներկայ էին: Եւ ինչ որ այսօր աւետարաններուն մէջ արձանագրուած կը տեսնենք այդ մասին, աւետարանիչներուն պատմուած է Քրիստոսի աշակերտուհիներուն կողմէ: Առաւել, Ղուկաս աւետարանիչ իր Աւետարանին մէջ Քրիստոսի մանկութեան առնչուած մանրամասնութիւնները կը յիշէ, որոնք դարձեալ պատմուած են կնոջ մը կողմէ՝ Մարիամ Աստուածածնի կողմէ:
Ինչ էր Քրիստոսի հետեւող կիներուն պարտականութիւնը:
Քրիստոսի աշակերտուհիներուն պարտականութիւնն էր Յիսուսի օգնել արտաքին միջոցներով: Յիսուս իր երկրաւոր առաքելութեան շրջանին Ինքզինք ամբողջապէս նուիրած էր քարոզչական գործի, ուստի Իր օրապահիկը ապահովելու համար որեւէ արհեստ չունէր: Առաւե՜լ, Քրիստոսի առաքեալները իրենց արհեստները թողած էին, որպէսզի մշտապէս Քրիստոսի ընկերակից դառնային: Աւելի’ն, ո’չ Քրիստոսը եւ ոչ ալ առաքեալները կու գային հարուստ ընտանիքներէ, որպէսզի հասոյթ ունենային: Այդ իսկ պատճառով, այս կիները, որոնք «մէկ կողմանէ ունեւոր եւ միջոցներ ունեցող կիներ էին, միւս կողմանէ երախտաւորներ էին, որովհետեւ չար ոգիներէ եւ հիւանդութիւններէ բժշկիուած էին», իբրեւ նշան սիրոյ, շնորհակալութեան ու մանաւանդ՝ երախտագիտութեան, կը հոգային Քրիստոսի եւ Իր առաքեալներուն բոլոր պէտքերը:
Քրիստոսի հետեւող կիներուն թիւն ու անունները:
Ղուկաս աւետարանիչ Քրիստոսի հետեւող կիներուն թիւն ու անունները ամբողջութեամբ կերպով չի յայտներ, այլ միայն կ’ըսէ.- «Իրեն հետ էին նաեւ կարգ մը կիներ, որոնք չար ոգիներէ եւ հիւանդութիւններէ բժշկուած էին, ինչպէս Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր եւ որմէ եօթը ոգի հանած էր, Հերովդէսի պալատին վերակացու Քուզայի կինը՝ Յովհաննան, Շուշանը, ինչպէս նաեւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց միջոցներով կը հոգային Յիսուսի պէտքերը» (Ղկ 8. 2-3): Ինչպէս կը տեսնենք այս հատուածին մէջ, միայն երեք կիներ իրենց անուններով կը յիշուին, սական Աւետարանիչին «շատ ուրիշներ» արտայայտութիւնը մեզի ենթադրել կու տայ, որ անոնք տասէ աւելի կիներ էին: Միակ աղբիւրը, որ մեզի Քրիստոսի աշակերտուհիներուն թիւը կը յայտնէ, եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւնն է:
Աւետարաններուն մէջ մենք չենք հանդիպիր աշակերտուհի կամ առաքեալուհի եզրերուն, ինչ որ ոմանց կրնայ իրաւունք տալ մտածելու, թէ Յիսուս կիները իբրեւ աշակերտուհի կամ առաքեալուհի չեր նկատեր: Սակայն, ասիկա որեւէ մէկ ձեւով իրականութեան չի համապատասխաներ: Աւետարաններուն մէջ մենք չենք հանդիպիր այդ եզրերուն, որովհետեւ աւետարանները գրող անձերը բացի Ղուկաս աւետարանիչէն, հրեաներ էին: Ուստի անոնք իրենց համոզումներով գրած են այդ աւետարանները: Եթէ Քրիստոսի հետ շրջող արական սեռին պատկանողները առաքեալներ կամ աշակերտներ կոչուեցան, պէտք չէ կասկածինք, որ Քրիստոս Իրեն հետ շրջող իգական սեռին պատկանողներն ալ կ’ընդունէր իբրեւ աշակերտուհիներ կամ առաքեալուհիներ: Այս գծով Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կ’ըսէ.- «Յիսուս աշակերտներուն հետ աշակերտուհիներ ալ ուներ, Իրեն ետեւէն հետեւորդներ ունէր ոչ միայն այրերէն այլ եւ կիներէն»:
Ին՞չ եղաւ Քրիստոսի կատարած փոփոխութիւնը:
Յիսուս աշխարհ գալով ամբողջապէս կը վերականգնէ կնոջ իրաւունքը, արժէքը, դերը եւ տեղը ընկերութեան կեանքին մէջ: Ան վերջնականապէս կը հաստատէ, թէ արուն եւ էգը իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած արարածներ, ունին համահաւասար արժանապատուութիւն, արժէք, պատիւ եւ իրաւունք: Ան նոյնիսկ թոյլ կու տայ, որ առաքեալներուն կողքին կիներ եւս շրջին Իրեն հետ: Այս իրականութեան ամէնէն խօսուն օրինակները այսօր մենք կը գտնենք քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ:
Եզրակացնելով, արժանապէս ու ճակատաբաց կերպով կարելի է հաստատել, որ եթէ ֆէմինիզմի շարժումը կը սկսի 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, Քրիստոս արդէն անկէ հազարաւոր տարիներ առաջ սկսած ու կնքած էր այդ շարժումը:
Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան