Յիսուսի Աշակերտուհիները կամ Առաքեալուհիները
Կիներու միջազգային օր մը նշանակելու գաղափարը ծնունդ առած է 1909-ին Ամերիկայի մէջ: 1910-ին Քոփէնհակընի մէջ, Ընկերվար միջազգայնական ընդհանուր ժողովի ընթացքին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ կիներու յատուկ միջազգային օր մը ճշդելու գաղափարը: Զանազան շարժումներ շարունակուեցան մինչեւ 1970-ական թուականները եւ վերջապէս 1977-ին ՄԱԿ-ը հրապարակեց բանաձեւ մը, եւ 8 Մարտը հռչակեց կիներու իրաւունքներու եւ համաշխարհային խաղաղութեան օր:
Երբ ընթերցենք Մատթէոս, Մարկոս եւ Յովհաննէս աւետարանիչներուն գրած աւետարանները, հոն կը տեսնենք, թէ տիրապետող սեռը արականն է: Անոնց մէջ չենք հանդիպիր որեւէ հատուածի, ուր արձանագրուած է, թէ Քրիստոսի հետ առաքեալներուն կողքին կիներ կը շրջէին: Սակայն երբ բանանք Ղուկասու Աւետարանը հոն կը հանդիպինք կիներու, որոնք Քրիստոսի մշտական ընկերակիցներն էին: Աւետարանիչը կը գրէ.- «Իրեն հետ էին նաեւ կարգ մը կիներ, որոնք չար ոգիներէ եւ հիւանդութիւններէ բժշկուած էին, ինչպէս Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր եւ որմէ եօթը ոգի հանած էր, Հերովդէսի պալատին վերակացու Քուզայի կինը՝ Յովհաննան, Շուշանը, ինչպէս նաեւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց միջոցներով կը հոգային Յիսուսի պէտքերը» (Ղկ 8. 2-3):
Դիտելի է, թէ աւետարանիչը ո’չ միայն յիշած է կիներուն ներկայութիւնը Յիսուսի առաքելութեան մէջ, այլ զանոնք իրենց անուններով կոչած է: Թերեւս այս երեւոյթը 21-րդ դարուն մէջ ապրողներուս համար սովորական կը թուի, մանաւանդ որ կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր ֆէմինիզմը իր յստակ ներկայութիւնը հաստատած է ամէնուրէք: Սակայն, Մատթէոս, Մարկոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն մօտեցումը հետաքրքրութիւն շարժելով, թոյլ կու տայ մտածելու, թէ ի՞նչ էր վիճակը կնոջ եւ ընդհանրապէս իգական սեռին՝ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին եւ Քրիստոսի աշխարհ գալուստով ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է այդ իմաստով: Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար, պէտք է զանոնք դիտենք այդ օրուան մարդոց մտայնութեան եւ մօտեցման մէջ: Եւ որովհետեւ Քրիստոսի առաքելութիւնը առաւելաբար Պաղեստինի մէջ կեդրոնացած էր, հարկ է որ զայն դիտենք հրեաներու կեանքին մէջ:
Կինը հրէական մտածելակերպին մէջ դիտելու համար, պէտք է որ զայն տեսնենք հիմնական երկու շրջագիծերու մէջ.-
Առաջին՝ Կինը հրէական ընկերութեան մէջ
Մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան շրջանին, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս՝ Պաղեստինի մէջ կինը ընկերութեան մէկ մասնիկը չէր համարուէր: Անոր գործունէութիւնը, աւելի ճիշդ՝ օգտակարութիւնը կը սահմանափակուէր միայն ընտանիքի նեղ սահմաններուն մէջ: Իգական սեռը արականէն ստորադաս կը նկատուէր: Կիները ազատութեան եւ ինքնավարութեան իրաւունք չունէին: Անոնք կը կառավարուէին տղամարդոց կողմէ, ամուսնանալէ առաջ ենթակայ էին իրենց հայրերուն, ամուսնանալէ ետք՝ իրենց ամուսիններուն, իսկ մայրանալէ ետք՝ իրենց արու զաւակներուն: Անոնք իրաւունք չունէին իրենց ընտանիքէն դուրս գտնուող տղամարդոց հետ խօսելու: Իրաւունք չունէին որեւէ հարցի մասին իրենց կարծիքը յայտնելու: Իրաւունք չունէին որեւէ դէպքի մասին վկայութիւն տալու: Խիստ արգիլուած էր, որ ոեւէ կին իր անունով կանչուէր, նոյնիսկ իր ամուսնոյն կողմէ, երբ տունէն դուրս ըլլար:
Երկրորդ՝ Կինը հոգեւոր կեանքին մէջ
Աստուծոյ փոխանցած պատուիրանները միայն արական սեռին պատկանող անձերուն վերապահուած էին: Հրեայ հայրեր տան մէջ իրենց արու զաւակներուն Աստուծոյ խօսքը կը բացատրէին եւ Հին Կտակարանը կարդալ կը սորվեցնէին, որպէսզի երբ անոնք 12 տարեկան դառնային (օրինական տարիքը) սկսէին ժողովարանին մէջ Հին Կտակարանէն ընթերցումներ կատարել: Ղուկաս աւետարանիչ, երբ իր Աւետարանի 2.41-52 համարներուն մէջ «Յիսուս մանուկը տաճարին մէջ» խորագիրով մեզի ծանօթ հատուածը կը գրէր, ասիկա նկատի ունէր: Բոլոր տղամարդիկ պարտաւորութիւն ունէին Շաբաթ օրը պահելու, ժողովարան երթալու եւ պաշտամունքի մասնակցելու:
Հրեայ հայրեր իրենց էգ զաւակներուն եւ կիներուն կը սորվեցնէին Աստուծոյ պատուիրաններուն միայն ա’յն հատուածները, ուր «մի» բարը գործածուած էր: Ի տարբերութիւն արու զաւակներուն, իգական սեռին պատկանող զաւակները Աստուծոյ օրէնքը կարդալ չէին սորվեր, որովհետեւ այդ մէկը Աստուծոյ օրէնքը պղծել կը նշանակէր: Այս առումով, Քրիստոսի ժամանակակից ռաբբիներէն՝ Եղիազարը կ’ըսէ.- «Այն հայրը, որ իր դստեր Աստուծոյ օրէնքը կը սորվեցնէ, կը նմանի այն անձին, որ իր որդիներուն պիղծ խօսքեր կը սորվեցնէ»: Իսկ հրէական Միշնայ՝ գիրքին մէջ կը կարդանք.- «Աւելի լաւ է այրել օրէնքը, քան կիներուն ուսուցանել»: Կիներ որեւէ պարտաւորութիւն չունէին ժողովարան երթալու: Ժողովարանին մէջ նոյնիսկ անոնց համար նստելու յատկացուած տեղ չկար:
Ժողովարանին մէջ պաշտամունք կատարելու համար կարիքը կար տասը՝ տղամարդու: Պաշտամունքը կը սկսեր օրհներգութիւններով, որոնցէ մէկուն մէջ տղամարդիկ կ’ըսէին.- «Օրհնեա՜լ է Աստուած, որ զիս հեթանոս չէ ստեղծած, օրհնեա՜լ է Աստուած, որ զիս ստրուկ չէ ստեղծած եւ օրհնեա՜լ է Աստուած, որ զիս կին չէ ստեղծած»: Իսկ եթէ պատահէր, որ կիներ գտնուէին հոն, անոնք կ’ըսէին.- «Օրհնեա՜լ է Աստուած, որ զիս հեթանոս չէ ստեղծած, օրհնեա՜լ է Աստուած, որ զիս ստեղծած է Իր կամքին համաձայն»: Հոս յստակօրէն կը տեսնենք, որ կիներու ներկայութեան ստրուկ բառը չեն գործածեր, որովհետեւ ինչպէս վերեւ յիշեցինք, կինը իր հօր, ամուսինին կամ զաւակներուն ստրուկ ըլլալը կը կարծէին, որ Աստուծոյ կամքն է:
Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան