Յաղթող Եւ Սուրբ Հայրապետ
Երբ խուզարկու ակնարկ մը նետենք սրբոց վարքերուն, հոն շեշտուած է այն գաղափարը, որ կ’ըսէ, թէ սուրբերը իրենց ԵՍ-ը խոնարհեցնելով` Աստուծոյ անունն է, որ բարձրացուցած են եւ յայտարարած` իբրեւ մէ՛կ Աստուած, մէ՛կ ստեղծիչ եւ բոլորին գոյութեան միա՛կ պատճառ:
Անոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են Աստուծոյ խօսքին մեկնաբանութեան եւ տարածման: Սուրբերը իրենց ճգնողական կեանքին, հաւատքի ամրութեան եւ սրբակենցաղ վարքին համար է, որ Եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած են:
Հետեւաբար բաւարար չէ սուրբերուն յիշատակը տօնել եւ սուրբերուն գործերը պանծացնել, այլ ամէն բանէ առաջ հարկ է ճանչնալ սուրբերը, որովհետեւ առանց ճանչնալու` կարելի չէ սիրել եւ առանց սիրելու` կարելի չէ անոնց պատգամը կենսաւորել:
«Առաքմամբ Սուրբ Հոգւոյն յանապատէ կոչեցար. առեր պատիւ մեծութեան նման մեծին Յովհաննու, երգակցելով ընդ վերնոց… Սուրբ Հոգիին առաքումով անապատէն կանչուեցար, Մեծ Յովհաննէսի նման մեծութեան պատիւ ստացար, երկնայիններուն հետ երգակից եղար» (ՇԱՐԱԿՆՈՑ):
Սուրբ Յակոբի վարքին աննկարագրելի պատկերները հետեւեալ տողերով անդրադարձած են մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը: Մերթ` կոչած են Մովսէսի նման յաղթող` ընդդէմ չար փարաւոնին, մերթ` Յովհաննէս Մկրտիչի նման մեծութեան կանչուած, մերթ` Պետրոսի նման Քրիստոսի հօտը առաջնորդող եւ, վերջապէս, Քրիստոսի նման` մեռելները կենդանացնող: Սուրբ Յակոբ քրիստոնէական հաւատքով տոգորուած` իր կեանքը նուիրագործեց ծառայութեամբ, համբերութեամբ, խոնարհութեամբ եւ կամքի ամրութեամբ:Սուրբ Յակոբ մեր երկրորդ լուսաւորչին` Սուրբ Գրիգոր Պարթեւին զարմիկն էր: Սուրբ Յակոբ հաւատքի, կամքի եւ յոյսի սիւն եղաւ հայերուս համար:
Սուրբը ծնած է Մծբինի մէջ: Երիտասարդ տարիքին նուիրուած է ճգնաւորական կեանքին: Ըստ վարքագիրներուն, Սուրբ Յակոբ իր ճգնաւորական խիստ վարքին շնորհիւ արժանացած է սերովբէներու ու քերովբէներու դասերուն հետ փառաբանելու Տիրոջ Ամենասուրբ անունը:
Սուրբ Յակոբ իր կեանքի ընթացքին բազմաթիւ հրաշքներ գործեց: Ան զՔրիստոս ապրեցաւ եւ ապրեցուց իր միջավայրին մէջ: Ջուրին վրայէն քալեց, ի ծնէ անդամալոյծ մանուկը մկրտութեամբ բժշկեց, զինք նախատողները պատժեց եւ մեռած մարդը կենդանացուց:
Հրաշքներու կողքին, երբ պայմանները թելադրեցին եւ Տիրոջ կամքը յայտնուեցաւ Մարուգէ ճգնաւորին, Սուրբ Յակոբ հանդիսացաւ իբրեւ հովուապետ Քրիստոսի բանաւոր հօտին:Ան նշանաւոր դարձաւ իր ժամանակին մէջ իր հոգեշահ քարոզութիւններով, հրաշագործութիւններով ու ճգնաւորական խստամբեր վարքով:
Երբ ուզենք խօսիլ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին կեանքին ու գործունէութեան մասին պէտք է անդրադառնանք հետեւեալներուն:
1) Սուրբ Յակոբ` Հաւատքի Հայրապետը
Ի՞նչ է հաւատքը:
Հաւատքը վստահութիւն է: Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ. «Հաւատք` կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն, որոնց հանդէպ յոյս ունինք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն, որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11:1): Մենք` քրիստոնեաներս յոյս ունինք փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքին եւ վստահ ենք, որ այս փրկութիւնը կ’իրագործուի միայն ու միայն Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
Այս հաւատքի տեսլականով ապրեցաւ Սուրբ Յակոբ: Ան այն հաւատքի մարդն էր, որ իր հաւատքէն վերացած` ուզեց բարձրանալ Արարատ լերան գագաթը` գտնելու եւ իրեն հետ բերելու Նոյեան տապանէն մասունք մը եւ զայն յանձնելու Սուրբ Մարուգէ Ճգնաւորին:
Մծբնայ հայրապետը, հրեշտակներու առաջնորդութեամբ, հասաւ Արարատ գաւառը, բայց Աստուծոյ կարգադրութեամբ, չկրցաւ բարձրանալ մինչեւ Մասիսի կատարը: Ճամբան քնացաւ եւ աստուածառաք հրեշտակը անոր բերաւ տապանէն մասունք մը: Երբ արթնցաւ, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք այս շնորհին արժանացուց:
2) Սուրբ Յակոբ` Կամքի Մարմնացումը
Կամքը մարդուն կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի եւ մարդս կ’առաջնորդէ դէպի փափաքներու եւ ծրագիրներու իրականացում:
Մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին մենք աւելի քան եօթը անգամ «Տէրունական աղօթք»-ը կ’արտասանենք եւ կը կրկնենք «Եղիցի կամք քո» նախադասութիւնը:
Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ զայն:
Աստուծոյ կամքը կրնանք գիտնալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ եւ մեր կեանքին մէջ մեր ընթերցածները կիրարկելով: Այսինքն, երբ կը գտնուինք նեղ պայմանի մը մէջ, որ որոշումներ տալու հարկադրուած ենք, պէտք է մտածենք եւ վերյիշենք Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններն ու խօսքերը, որպէսզի կարողանանք մեր որոշումները Աստուծոյ կամքին համաձայնեցնել:
Աստուածաշնչական ընթերցանութեան կողքին, մեր անձնական աղօթքն ալ կարեւոր է: Սրտանց եւ հետեւողական աղօթքի միջոցով Աստուած իր կամքը կը յայտնէ եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ մեր հոգիներուն:
Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետ իր կամքը ենթարկած էր Աստուծոյ կամքին: Ապրած էր աստուածավայել կեանք մը: Իր կեանքը Քրիստոսի նուիրած էր: Իր քարոզութիւններով Քրիստոսի բուրմունքը տարածած էր իր շրջանի ժողովուրդին վրայ: Իր հրաշագործութիւններով դարձած էր Քրիստոսի հայելին` միշտ ու միշտ կատարելով Անոր կամքը:
3) Սուրբ Յակոբ` Հրաշագործ Կրօնաւորը
Եպիսկոպոսանալէն ետք հրաշք կատարելու շնորհքը աւելիով զարգացաւ իր մէջ: Կը պատմուի, որ Մծբինի մէջ երկու մեծահարուստ եղբայրներ կային: Մէկը, որ Կոստանդիանոսի արքունիքին մէջն էր եւ սիրելի էր կայսրին, ընդունած էր քրիստոնէութիւնը եւ` մկրտուած: Իսկ միւս եղբայրը` Կերդոն, մնացած էր իր մոլոր հաւատալիքներուն մէջ` ծաղրելով իր եղբայրը: Նոյն ատեն կը լսէ, որ Ս. Յակոբ առողջացուցած էր 15-ամեայ անդամալոյծ մը: Ուստի, կը դիմէ Ս. Յակոբին, որպէսզի իր փոքրիկն ալ, որ ի ծնէ անդամալոյծ էր, բժշկէ:
Ս. Յակոբ կ’ըսէ. «Մենք կը հաւատանք, թէ ինչ որ հաւատքով խնդրենք, պիտի տայ մեզի»:
Աւազան մը կը պատրաստեն եւ Կերդոնի ութամեայ տղան մէջը կ’իջեցնեն եւ կը մկրտեն Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Մանուկը կը բժշկուի եւ կը սկսի քալել: Ասոր վրայ Կերդոն իր ընտանիքով միասին կը մկրտուի, եւ սուրբին հռչակը կը տարածուի ամէն կողմ:
Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետ 325 թուականին մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական սուրբ ժողովին: Իր գրիչով գրուած շատ մը աստուածաբանական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ յօդուածներ հասած են ներկայ դարեր:
Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի յիշատակին նուիրուած «Յաղթող եւ Ս. Հայրապետ» շարականը, որուն հեղինակը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին է, շատ գեղեցիկ կերպով կը ներկայացնէ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը: Սուրբ Յակոբ իր հոգին կ’աւանդէ շուրջ 347 թուականին:
Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով` Անոր հաւատքն է, որ տարածեց մարդկութեան կեանքերէն ներս: Իր ունեցած ճգնաւորական կեանքով մեր դիմաց պարզեց աղօթական կեանքին կարեւորութիւնը: Ան իր ունեցած անկոտրում կամքով համայն մարդկութեան սորվեցուց, թէ կամքով մարդ կրնայ հասնիլ հո՛ն, ուր որ ինք կը կամենայ, բայց միշտ` մարդկային կամքը Աստուծոյ կամքին ենթարկելով:
Հետեւաբար, սիրելի՛ ընթերցողներ, այս է Սուրբ Յակոբին կեանքէն քաղուած պատգամները, որոնք կը փոխանցուին մեզի: Ըլլանք խոնարհ, հաւատքի մարդ, հեզ, աղօթական կեանքի նուիրուած եւ ամէնէն կարեւորը` վստահութեամբ եւ սիրով մօտենանք Քրիստոսի:
Շնորհաւոր Սուրբ Յակոբի տօն: Շնորհաւոր բոլոր անոնց, որոնք Յակոբ անունը կը կրեն, թող որ Սուրբ Յակոբի օրհնութիւնները անպակաս մնան մեր վրայէն: