«Մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի»
Մատթէոսի աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի»: (Մտ 25.36): Ո՞վ է մերկ մարդը: Մերկը Աստուծոյ արդարութենէն եւ սրբութենէն մերկացած մարդն է: Մերկը աստուածապարգեւ անմահութիւնը կորսնցուցած անհատն է: Մերկը Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու փափաքէն եւ հաճոյքէն դատարկուած էակն է: Մերկը Աստուծոյ հետ ամէն տեսակի կապ, հաղորդակցութիւն եւ յարաբերութիւն դադրեցուցած արարածն է:
Մերկ կը նկատուին բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց անհաւատութեան եւ անհնազանդութեան պատճառով չեն վայելեր Աստուծոյ ընկերակցութիւնն ու պաշտպանութիւնը: Մերկը ուրեմն, անպաշտպան, անպահապան, անընկեր եւ երեսի վրայ ձգուած անհատն է: Մեղաւոր մարդը մերկ մարդ մըն է, իսկ մերկ մարդը՝ ենթակայ է չար ու պիղծ ոգիներուն ձաղկումին եւ ծաղրանքին առարկայ դառնալու:
Ան որ Քրիստոսով շնորհուած արդարութեան պատմուճանով չի ծածկեր իր հոգեւոր մերկութիւնը՝ ան մնայուն թիրախը կը դառնայ Սատանային կողմէ արձակուած մեղքի նետերուն: Հետեւաբար, մերկը հագցնել, կը նշանակէ առաջնորդել զայն Քրիստոսի, որպէսզի անկէ ստանայ լաւագոյն պատմուճանը: Մարդկութիւնը հոգեւոր մերկութիւնը ժառանգեց Ադամէն: Ահա թէ ինչո’ւ այդ մերկութիւնը յաճախ կոչուած է «Ադամական մերկութիւն»: Աստուած չստեղծեց Ադամը հոգեւորապէս մերկ: Ադամ այդ հոգեւոր մերկութեան մէջ ինկաւ Սատանային եւ անոր պիղծ ու չար ոգիներուն ձեռքով: Ասոր փաստը կը գտնենք բարի Սամարացիին առակին մէջ: Ղուկասու աւետարանին մէջ կը կարդանք.- «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր: Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք…» (Ղկ 10.30): Որո՞նք են այստեղ յիշուած աւազակները որոնք կը յարձակին մարդուն վրայ եւ կը մերկացնեն զինք: Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Իգնատիոս Վարդապետ, Ստեփանոս Սիւնեցի եւ ուրիշներ, կը հաստատեն որ աւազակները կը ներկայացնեն Սատանան եւ անոր չար գունդերը:
Աստուածորդին գթաց մարդուն վրայ եւ աշխարհ գալով մերկացաւ մարդուն ձեռքով եւ մարդուն համար, որպէսզի ազատագրէ մարդը Ադամական մերկութենէն: Յայտնութեան Գիրքին մէջ Քրիստոս Լաւոդիկայի եկեղեցիին կ’ըսէ.- «Դուն ողորմելի մըն ես, խեղճ ու աղքատ, մերկ եւ կոյր: Ուստի քեզի հետեւեալ խորհուրդը կու տամ.- Կրակէն անցած զուտ ոսկի գնէ ինձմէ, որպէսզի հարստանաս, եւ ճերմակ հագուստներ առ՝ հագնելու համար, որպէսզի մերկութեանդ ամօթը ծածկես» (Յյտ 3.17-18):
Ճերմակ հագուստը պատկերացումն է Քրիստոսապարգեւ արդարութեան, սրբութեան եւ անմեղութեան: Այդ հագուստը լուացուած եւ ճերմկցուած է Գառնուկին արիւնով (Յյտ 7.14): Մերկը հագցնելը ուրեմն, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ուղղել մեր նմանին քայլերը խաչին վրայ մեռած Գառնուկին, որպէսզի Աստուած այդ Գառնուկին բուրդով ծածկէ անոր մերկութիւնը եւ Գառնուկին շունչով ջերմացնէ անոր սիրտն ու հոգին:
Ինչպէս ֆիզիքապէս մերկ մարդը չ’ուզեր իր նմաններուն ներկայութեան կանգնիլ, այնպէս ալ հոգեւորապէս մերկ եղող մարդը բնա’ւ չ’ուզեր Աստուծոյ ներկայութեան բերուիլ: Դարձի չեկած մարդը չ’ուզեր լսել Քրիստոսի աշխարհ վերադառնալուն մասին: Քրիստոսով չարդարացած մարդը կը սարսափի երբ լսէ Աստուծոյ արդար դատաստանին մասին: Մեղքը մարդը կը դարձնէ վախկոտ եւ անհամարձակ:
Քրիստոսի կողմէ մեզի շնորհուած «ճերմակ պարեգօտները» կը փարատեն մեր ներսիդէն վախկոտութիւնը եւ համարձակութիւն կու տան մեզի կանգնելու մեր երկնաւոր Հօր առջեւ: Փրկութեան պատմուճանը մեզ համարձակ կը դարձնէ մեղքին դէմ մղած մեր պայքարին մէջ: Մեղքի կեանքը սիրող մարդը անհամարձակ կ’ըլլայ: Իսահակ Ասորի կ’ըսէ.- «Անկարելի է որ մարմնաւորին կապուած մարդը աղօթքի ժամանակ կարենայ համարձակութիւն ձեռք ձգել»:
Հարց տանք, մինչեւ այսօր քանի՞ հոգիներ կրցած էք հագցնել: Քանի՞ մարդ առաջնորդած էք Քրիստոսի խաչին: Քանի՞ անհատներ յաջողած էք հաւաքել Քրիստոսի պաշտպանարար թեւերուն տակ: Չըլլայ որ այլոց փրկութեան պատճառ ըլլալու փոխարէն կորստեան պատճառ ըլլաք: Չըլլայ որ դուք ալ պատկանիք անոնց շարքին՝ որոնք փոխանակ ծածկելու իրենց նմաններուն մերկութիւնը (մեղքերը), ընդհակառակը կը հրապարակեն զանոնք:
Լաւ բան է մեղքերը հրապարակելը եթէ երբեք ատոնք ձեր մեղքերն են: Ուրիշին մեղքերը հրապարակելու իրաւունք չունիք: Ուրիշին մեղքերուն մասին կրնաք խօսիլ մի’այն եւ մի’այն Քաւիչին՝ Քրիստոսի: Որպէսզի կարենաք հոգեւորապէս մերկ եղողները առաջնորդել Քրիստոսի արդարութեան պատմուճանին, նախ դուք պէտք է արդարացած ըլլաք Քրիստոսի արիւնով: ԶՔրիստոս իբրեւ Փրկիչ ընդունելնուդ պէս ճամբայ մի’ իյնաք ուրիշներուն փրկութեան աւետիս տալու: Նախ թոյլ տուէք որ Սուրբ Հոգին թրծէ ու եփէ ձեզ հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ ուշադիր եղէք չկորսնցնելու ձեր փրկութեան հագուստը: Այդ հագուստը կորսնցնելու կարելիութիւնը միշտ ի զօրու է: Ահա թէ ինչո’ւ Յայտնութեան Գիրքին մէջ Քրիստոս կ’ըսէ.- «Ահա ես գողի պէս կու գամ: Երանի՜ անոնց՝ որոնք արթուն կը մնան եւ իրենց հագուստները կը պահեն, որպէսզի մերկ չշրջին եւ իրենց ամօթոյքը չերեւի» (Յյտ 16.15):
Աստուած արդար եւ փրկութեան արժանի կը նկատէ մերկը հագցնող մարդը: Մերկը հագցնելը անոր մարմինին համար հագուստ տալը չէ միայն, այլ նաեւ Տիրոջ խօսքով անոր հոգին ջերմացնելն է: Հետեւաբար, ջերմացուցէք ձեր սիրտերը Սուրբ Հոգիին կրակով, որպէսզի դուք ձեր կարգին դառնաք ջերմութիւն, մեղքով ցրտահար դարձած այս աշխարհին մէջ:
Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի» նիւթի մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն:
