Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 

Թեմակալ Առաջնորդներուն, 

Հոգեւոր Դասուն, 

Ազգային Իշխանութեանց, եւ 

մեր ժողովուրդի զաւակներուն 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրա վանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, Հայրապետական օրհնու թեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի  սիրելի զաւակները, եւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուող Նոր  Տարուան սեմին կ’ըսենք՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. թող Նոր  Տարին Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային ճշմարտութիւն ներով, բարիքներով ու շնորհներով լեցուի մեր ազգին ու հայրենիքին  կեանքը: 

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, 

Անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարին Հայրապե տական յատուկ Հռչակագրով նուիրեցինք մեր կեանքին հետ անմի ջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի  մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջ տարուան  ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն,  գործերուն ու ընդհանրապէս կեանքին մէջ: Մեր թեմերուն ու ժողո վուրդի զաւակներուն վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեր փորձառու թիւնը ցոյց տուին, որ անոնք եղան մեր անհատական թէ հաւաքա կան կեանքը նոր հորիզոններու բացող, ինչպէս նաեւ նոր մտածելա կերպեր ու գործելակերպեր յառաջացնելու ձգտող իւրայատուկ քայ լեր: Արդ, մեկնելով այս քաջալերական երեւոյթէն, նոր բացուող 2026  տարին որոշեցինք հռչակել՝ 

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ 

Պարագայական որոշում մը չէ սա, այլ հրամայական անհրաժեշ տութիւն մը՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային  կարեւորութեան նահանջին: Արդարեւ, մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ  կրնայ մեզ հեռացնել մեր հոգեւոր արժէքներէն ու աւանդութիւն ներէն, մեր արմատներէն ու ինքնութենէն. այլ խօսքով՝ մեր կեանքին  գոյութեան աղբիւրէն, Աստուծմէ: 

Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ.– «Անոնք որ միա՛յն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղե կավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք  որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ’ապրին, անոնց մտածելակերպը հո գեւոր է»: Շարունակելով իր խօսքը, Առաքեալը կը հաստատէ՝ «Մարմ նականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝  կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ  

թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ  կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հե տեւին Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):  

Առաքեալին համար հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հոգեւորը նկա տել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աս տուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռ նանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը ֆիզիքականէն  անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմա նութեամբ ստեղծուած:  

Ներկայ ժամանակներուն, համաշխարհայնացած, աշխարհայնա ցած եւ ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած աշխարհին մէջ, ի  տես պատերազմներով ու բռնութեամբ լեցուն ընկերութեան կեան քին, կենսոլորտային վտանգներուն, տնտեսական եւ այլ բազմազան  տագնապներուն, դէպի հոգեւոր կեանք շարժում մը սկսած է դառնալ  ակներեւ ամէ՛ն տեղ եւ բոլոր կրօններէն ներս: Ոմանք դէպի հոգեւոր  հակումը կը նկատեն նիւթական աշխարհին մէջ մարդոց ունեցած ձախողութեան արդիւնք: Ուրիշներ, զայն կը մեկնաբանեն մէկ կող մէն, որպէս ծայրայեղ ու արմատական կրօնական շարժումներու  արտայայտութիւն ու միւս կողմէն՝ տակաւ աճող բռնարարքներու եւ  ահաբեկչական երեւոյթներու հակազդեցութիւն: Կան նաեւ ոմանք,  որոնք դէպի հոգեւոր շարժում հակումը կը մեկնաբանեն որպէս երկ նային միջամտութիւն՝ երկինքէն հեռացած եւ նիւթականով տիրա պետուած աշխարհին մէջ: Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի, հոգեւոր կեանքին նկատմամբ հետզհետէ աճող ձգտում մը, հետաքրքրութիւն  մը, հոգեւոր սնունդի կարօտ մը նկատառելի է՝ փառքով, հաճոյքով ու  նիւթականով յղփացած ներկայ աշխարհին մէջ: 

 

Դրական նկատուող այս երեւոյթին դիմաց նաեւ կը տեսնենք հո գեւոր կեանքի շահագործում: Հեռատեսիլներու վրայ երբեմն ակա նատես կ’ըլլանք այնպիսի տեսարաններու եւ ընկերային ցանցերու  ճամբով յաճախ կը լսենք այնպիսի երեւոյթներու մասին – օրինակ հիւանդութիւններու բուժում ու տարօրինակ գուշակութիւններ – որոնք մեծ մասամբ կեղծ են ու փաստօրէն կը հետապնդեն շահադի տական նպատակներ: Հոգեւոր արժէքները երբեմն կը շահագործուին բռնարարքներ կազմակերպելու եւ ատելութիւն սերմանելու նպա տակով: Միւս կողմէն, ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք հոգեւոր  կեանքին նկատմամբ արհամարհական մօտեցումներու, զայն նկա տելով անիմաստ ու ժամանակավրէպ: Յիշեալ բացասական ու հա կասական երեւոյթները ու մօտեցումները մեզ կը մղեն ճիշդ տեղե կութիւն, յստակ տեսակէտ եւ ուղղութիւն ունենալու հոգեւոր կեանքի իմաստին, նպատակին ու մանաւանդ անոր կարեւորութեան մասին: 

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ 

Հոգեւոր կեանքը աշխարհի բոլոր կրօններու կենցաղակերպին, մտածելակերպին ու գործելակերպին էական մասը կը կազմէ: Այս  ծիրէն ներս հասարակաց երեւոյթներու կողքին, կրօններու մօտ  կան նաեւ տարբեր մօտեցումներ: Միաստուածեան երեք կրօննե րուն՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մօտ նմանու թիւնները տիրական են, բայց նաեւ շեշտաւորումի ու արտայայտու թեան տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Հրէութեան մօտ հոգեւոր  կեանքը կ’արտայայտուի Թովրայի նկատմամբ հաւատարմութեան  ու աւանդութիւններու տառացի պահպանման մէջ, իսկ Իսլամութեան  մօտ Քուրանի եւ Հատիս Նապաուի ուսուցումներուն անթերի գոր ծադրութեան մէջ: Արեւելեան կրօններ՝ պուտիզմը, հինտուիզմը, Ճի նիզմը ու Սիխիզմը, հետեւելով իրենց հիմնադիրներու կեանքին ու մտածողութեան, կը շեշտեն բարոյական սկզբունքներուն կիրառումը եւ միստիկ աւանդութիւններով – խոկում, եոկա, խիստ ծոմապահու թիւն, ինքնազրկում, եւայլն – յատկանշուող վանական դրութիւնը:  Ափրիկեան կրօններ հոգեւոր կեանքը կ’արտայայտեն երգի, պարի  կամ մշակութի այլ ճիւղերու ճամբով: 

Աշխարհի կրօններու շարքին քրիստոնէութիւնը իր ողջ պատմու թեան ընթացքին իրեն յատուկ ուսուցումներու, սրբազան արժէքնե րու ու բարոյական սկզբունքներու շարքին նաեւ ներառած է այլ  կրօններէն հոգեւոր կեանքի հետ աղերս ունեցող որոշ կերպեր ու ա ւանդութիւններ, անոնց տալով քրիստոնէական իմաստ, ինքնութիւն  ու նկարագիր: Երեւոյթ մը, որ այնքան տիրական է մեր ժողովուրդի  պատմութեան մէջ, մասնաւորաբար հեթանոսութենէն քրիստոնէու թիւն դարձի ժամանակաշրջանին:  

Ի՞ՆՉ ԿԸՍԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի  առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետեւաբար,  Աստուածաշունչը աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունքնե րու, արժէքներու, պատուիրաններու եւ ուսուցումներու ամբողջու թիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մարդուն մեղանչումը եւ մարգարէներու թելադրութիւնը ու յիշեցումը՝ վերադառնալու Աս տուծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերը ու նմանութիւնը: Նոր Կտակարանը Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղու թեամբ ու առաքելութեամբ իրագործուած կոչ մըն է մարդուն՝ ապ րելու Քրիստոսով տրուած «լեցուն կեանքը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկնային արժէքներու եւ ընթանալու փրկութեան ճանապարհէն:  Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հոգեւոր կեանքը մարդուն վե րադարձն է իր երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ, ան Աստուծոյ ներկայու թիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործումով:  Հոգեւոր կեանքը զանազան կերպերով ու աւանդութիւններով  կ’արտայայտուի եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Քրիստոնէութեան եզա կի երեւոյթներէն մէկը հաւատքի ու մշակոյթի միախառնումն է. այլ  խօսքով՝ հաւատքը ինքզինք կ’արտայայտէ տուեալ մշակոյթի ճամ բով եւ մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր կը ստանայ հաւատքի  ազդու ներկայութեամբ: Այս իրողութիւնը ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ,  այլ բոլոր եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական երեւոյթ մըն է:  Ահա թէ ինչու, նկատի ունենալով ազգերու մշակոյթներուն տարբերութիւնը, հոգեւոր կեանքը տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտաւո րում ունեցած է քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Հին դարերէն սկըս եալ Աստուածաշնչական ուսուցումներուն ու մշակոյթի կողքին նաեւ  խորհրդապաշտութիւնը, դիցաբանութիւնը եւ բնազանցութիւնը իրենց որոշակի ազդեցութիւնը ունեցած են ընդհանրապէս քրիստոնէական  կեանքին ու մտածողութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի զանա զան երեսներուն ու յատկապէս վանականութեան վրայ:  Ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է  ծիսական ու վանական կեանքին վրայ: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մօտ վա նական կեանքին առընթեր՝ աստուածաբանական մտածողութեան  վրայ: Բողոքական եկեղեցիներու մօտ Աստուածաշունչը կեդրոնա կան ներկայութիւն եղած է, որպէս հոգեւոր կեանքի աղբիւր: Ափրիկ եան եկեղեցիներ, ինչպէս մատնանշեցինք, կը շեշտեն արուեստներու  ու յատկապէս երաժշտութեան ու պարի կարեւորութիւնը, որպէս հո գեւոր ապրումներու հարազատ արտայայտութիւն: Ասիական եկե ղեցիները, որպէս փոքրամասնութիւն շրջապատուած ըլլալով այլ  կրօններով, կրած են անոնց մտածելակերպին ու կենցաղակերպին զօրեղ ազդեցութիւնը: Իսկ Ամերիկայի ափրիկեան ծագում ունեցող Աւետարանական եկեղեցիները առաւելաբար ցուցական երեւոյթ ներու կարեւորութիւն կու տան, ազդուելով ափրիկեան մշակութա յին աւանդութիւններէն: Հետեւաբար, հոգեւոր կեանքը այսօր տար բեր կերպերով ու շեշտաւորումներով կը ներկայանայ մեզի քրիստո նէական աշխարհին մէջ: Բնականաբար, այս բոլորին հիմքը ու հէնքը երկնային արժէքներու հաւատարմութեամբ՝ Աստուծոյ ներկայութիւ նը ապրիլ է երկրաւոր կեանքին մէջ:  

Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհին մէջ եր կու երեւոյթներ կը մնան մտահոգիչ եւ ո՛չ ընդունելի.– Առաջին, քրիս տոնէութեան աւանդական արժէքներէն ու աստուածաբանական ու սուցումներէն հետզհետէ հեռացումը եւ արեւելեան կրօններու աւան դութիւններու ու կերպերու որդեգրումը: Երկրորդ, «հաւատալը», որ պէս անհատական ապրում, եւ մկրտութեամբ եկեղեցւոյ «պատկա նիլը» իրարմէ անջատելը՝ առաջնահերթութիւն տալով առաջինին եւ  փաստօրէն անտեսելով երկրորդը: Յիշեալ զարգացումներուն նկատ մամբ եկեղեցիները խիստ վերաբերում ցոյց տուած են: 

 

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ 

Հպանցիկ ակնարկ մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կը պարզէ  հետեւեալ պատկերը.– 

Ծէսի ճամբով առաւելաբար արտայայտուած է հոգեւոր կեանքը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Հին դարերէն սկսեալ ծէսը կեդրոնական ներկա յութիւն դարձած է հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողու թեան զարգացման, դաւանաբանական տեսակէտներու բանաձեւ ման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կազմաւոր ման մէջ: Երեւոյթ մը, որ ընդհանրական կարելի է նկատել յատկա պէս ուղղափառ եկեղեցիներու մօտ: Արդարեւ, ժամերգութիւններու,  խորհրդակատարութիւններու, սրբոց տօնակատարութիւններու եւ եկեղեցական աւանդութիւններուն աղբիւրը եղած է ծիսական կեան քը՝ բնականաբար առանցք ունենալով սուրբ եւ անմահ պատարագը:  Վանական կեանքը եւս անմիջականօրէն առնչուած ըլլալով ծէ սին, եղած է հոգեւոր կեանքի կարեւոր շրջագիծը: Հեռու առօրեայ կեանքէն, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ամբողջական ու հարազատ կատարու մով, ինչպէս նաեւ խստակրօն կենցաղակերպով յատկանշուող վանական կեանքը դարձած է հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս ուղղափառ եւ  կաթողիկէ եկեղեցիներուն մօտ, հոգեւոր կեանքին ամենէն ցայտուն  ու համապարփակ արտայայտիչը: Այսօր, դժբախտաբար, մեր եկե ղեցւոյ կեանքէն ներս պայմաններու պարտադրանքով վանական  կեանքը փաստօրէն նահանջած է: Վանական կեանքի, վերականգ նումը հարկ է որ կարեւոր տեղ գրաւէ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգու թեան օրակարգին վրայ: 

Մշակոյթը դարձած է մեր բարոյական, ծիսական, աստուածաբա նական, դաւանական եւ ընդհանրապէս հոգեւոր արժէքներու զար գացման ու արտայայտման էական միջոց: Կարելի չէ հոգեւոր կեան քը իր բոլոր տարածքներով անջատել հայ մշակոյթէն, եւ՝ փոխադար ձաբար:  

Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներու պարագային, նաեւ հայ եկեղեցւոյ մէջ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր կեանքը ենթակայ դարձած է մի ջավայրի ազդեցութիւններուն: Մերձաւոր Արեւելքէն ներս մեր եկեղե ցին, մնայուն կապեր ունենալով ասորական, յունական եւ լատինական հոգեւոր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն հետ, որոշ տարրեր առած է անոնցմէ, զանոնք հայացուցած ու միախառնած իր  աւանդութիւններուն: Արեւմուտքի մէջ եւս մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր  կեանքը միշտ ենթակայ եղած է իր շրջապատի ազդեցութիւններուն:  Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր  կեանքի ինքնարտայայտութեան կերպերը եւ շեշտաւորումները ժամանակի ընթացքին որոշ փոփոխութիւն կրած են, մեր հոգեւոր կեան քը կրցած է պահել իր իւրայատուկ ինքնութիւնը՝ Աստուածաշունչը,  մեր հայրապետներու հոգեւոր գրականութիւնը, մեր սուրբերուն վար քը եւ դարերու փորձառութիւնը ունենալով ներշնչման աղբիւր եւ  ուղեցոյց:  

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՍՕՐ 

Այսօր, պայմաններու բերումով մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր  կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբերաբար անցեալին: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ  է հետեւեալ մատնանշումները կատարել.– 

Առաջին, մեր եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն:  Բնականաբար, ուղղափառ եկեղեցիներու նման հայ եկեղեցին եւս կը շարունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ ծիսական կեանքին՝  նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը հոգեւոր կեանքի զար գացման մէջ: Հետեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, հրամայական եւ անյետաձգելի կը համարենք ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներկայ պայմաններու ու պահանջներու պատշաճեցումով, աւանդու թիւններու ու տօնախմբութիւններու ճոխացումով եւ ժողովուրդին  գործօն մասնակցութեամբ: 

Երկրորդ, դարձեալ պայմաններու բերումով, պատմութեան ըն թացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան եւ ծառայութեան  մէջ ազգայինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին: Մասնա ւորաբար ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքահայ կեանքէն ներս, հա յապահպանման մտահոգութենէն մղուած, եկեղեցին առաւելաբար  շեշտած է իր ազգային դերակատարութիւնը: Առանց անտեսելու ազ գային արժէքներու կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղեցին յա տուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով շեշտէ հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս՝ որպէս աղբիւրը մեր  բարոյական, մշակութային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:  Երրորդ, իրապաշտ մօտեցումը այսօր ցոյց կու տայ, թէ մեր կրօ նական շրջանակներէն ներս հոգեւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդ հանրապէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէ ներս՝ լու սանցքային: Ճի՛շդ է, յատկապէս տօնական օրերուն մեր եկեղեցի ները լեցուն են հաւատացեալներով: Ճի՛շդ է, մեր գաղութներուն մէջ կը գործեն հոգեւոր եղբայրակցութիւններ: Նաեւ ճի՛շդ է, Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ու իր թեմերը յատուկ կարեւորութիւն  կ’ընծայեն հոգեւոր կեանքի աճման՝ սուրբ գրոց սերտողութիւններու,  հոգեւոր լսարաններու, սրբոց տօնախմբութիւններու, քրիստոնէա կան դաստիարակութեան կազմակերպումով ու ծաւալումով, ինչպէս  նաեւ ծիսական կեանքին մեր հաւատացեալներուն հետզհետէ աճող  մասնակցութեամբ: Սակայն, հոգեւոր արժէքներու ներթափանցումը մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տա կաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանքներու: Ինչպէ՞ս…: 

Այս հարցադրումին անդրադառնալէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկա տենք նախ ընդհանուր ակնարկ մը նետել հոգեւոր կեանքի յատկա նշական երեսներուն:  

Ի՞ՆՉ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ 

Հոգեւոր կեանքի ճշգրիտ հասկացողութեան համար հրամայա կան է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.– 

– Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիստոս ինքն է՝ իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատգամները,  իր խաչն ու յարութիւնը: Այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մարդե ղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը՝ շաղախուած մարդու կեանքին, մտածումին ու գործին հետ: Պօղոս Առաքեալ կը  հաստատէ՝ «Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ’ապրի իմ մէջս:  Այս կեանքը, որ այժմ կ’ապրիմ մարմնով, կ’ապրիմ հաւատալով  Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի համար»: (Գղ 2.20): Ահա հոգեւոր կեանքի հիմքը:

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգիով ներշնչուած կեանքի ընթացք  մըն է, մարդու կեանքին իմաստ ու արժէք տուող հաւատքի մնայուն  փնտռտուք մը: «Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստոսի ներկայութիւնը կը  զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5)՝  հարց կու տայ Առաքեալը: 

– Հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ շնորհքով փրկութեան հրաւիրուած  ըլլալու կեանք է, եւ փրկութեան ճանապարհէն հաւատքով ու հաւա տարմութեամբ քալելու յանձնառութիւն է՝ միշտ զգոյշ ըլլալով չհեռա նալու փրկութեան ճամբէն՝ ինչպէս կը յիշեցնէ Առաքեալը (Եբր 2.1): 

– Հոգեւոր կեանքը ինքնակեդրոն կեանք չէ՝ հեռու աշխարհի իրա կանութիւններէն: Ան աշխարհի ժխորին մէջ երկնային արժէքներով ապրուած հաւատքի, սիրոյ ու զոհողութեան կեանք է. «Աշխարհի մէջ  ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելն է»՝ կ’ըսէ Առաքեալը  (Յկ 1.27):  

– Հոգեւոր կեանքը ինքնանպատակ կեանք չէ. քրիստոնեան իր  կեանքը չ’ապրիր սոսկ իր անձին համար, այլ գերազանցօրէն՝ երկրի  վրայ երկնային ճշմարտութիւններու կենսագործման, Աստուծոյ փառ քին ու թագաւորութեան համար: 

– Հոգեւոր կեանքը էապէս աղօթքի կեանք է: Աստուած-մարդ յա րաբերութիւնը հիմքը կը կազմէ հոգեւոր կեանքին: Քրիստոս աղօթ քին առանցքային կարեւորութիւնը շեշտեց եւ նոյնիսկ իր աշակերտ ներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (Մտ 6.5-14, Ղկ 11.1-13): 

– Հոգեւոր կեանքը հաւատքով թրծուած ու յոյսով զօրացած կեանք  է: Արդարեւ, իր երկրաւոր կեանքը Քրիստոսի նկատմամբ իր ունե ցած հաւատքով ու յոյսով հզօրացուցած Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ՝  «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի  մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են,  բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ.Կր 4.8-9): Այլ նամակի մը մէջ ան կ’ըսէ՝ «Նեղութիւնները մեզի  համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը տոկունութիւն, տոկունու թիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.3-4): 

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ զինուած պայքարի  կեանք է. պայքար՝ աշխարհի ապականութիւններուն ու մեղքերուն,  չարիքներուն ու չարերուն դէմ: Պայքար չարի դէմ՝ չարին բարիով յաղթելու հաւատքով ու կամքով կռանուած (Հռ 12.21): Առաքեալը կը  յիշեցնէ. «Աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամու թիւն ընել կը նշանակէ» (Յկ 4.4): 

– Հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի օրինակով ուրիշին օգտակար ըլլալ  է, աղքատին, կարօտեալին, հիւանդին ծառայել է՝ անհուն սիրով ու  նուիրումով: «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկական բարեպաշ տութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու  եւ օգնական ըլլալն է» կ’ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27): 

– Հոգեւոր կեանքը ո՛չ միայն երկնային ճշմարտութիւններով ապրուած կեանք է. այլ՝ զանոնք իր կեանքի օրինակով վկայող, ար տայայտող ու տարածող առաքելութիւն է: Արդարեւ, իր կեանքը ա ռաքելութեան վերածած Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ՝ «Աստուծոյ  պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ» (Ա.Կր 14.4): 

– Հոգեւոր կեանքը անմնացորդ սիրոյ բաշխում է հոն՝ ուր սէրը  բացակայ է, հոն՝ ուր ատելութիւն ու չարիք սերմանուած են: Հոգեւոր  կեանքը սիրել է մեզ ատողը ու հալածողը: Լսենք Առաքեալին պատ ուէրը.– «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու…  ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք  իրարու ներեցէք» (Կղ 3.13): 

– Հոգեւոր կեանքը հեռու մնալ է հաճոյքով, փառքով եւ նիւթական  առաւելութիւններով յղփացած կեանքէն ու Քրիստոսի ետեւէն քալել  է՝ սիրոյ, խոնարհութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ խաչը մեր  ուսին, ինչպէս Քրիստոս թելադրեց (Մտ 16.24): 

– Հոգեւոր կեանքը դաւանական տեսակէտերէ ու աստուածա բանական ուսուցումներէ հեռու, երբեմն նոյնիսկ զանոնք անտեսող  մօտեցումներով յատկանշուող կեանքի ընթացք չէ. այլ եկեղեցւոյ ինք նութեան ու համայնական կեանքին նկատմամբ հաւատարմութեամբ  ընդելուզուած կեանք է: 

– Հոգեւոր կեանքը եկեղեցիէն անջատուած անձնակեդրոն կեանք  չէ. հոգեւոր ու բարոյական արժէքները եկեղեցիէն դուրս ապրելու  իւրայատուկ եղանակ մը չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ համայնական կեան քի շրջագծէն ներս, հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած  կեանք է: 

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ ներգործող ներկայութեամբ շա ղախուած համբերութեան ու խոնարհութեան կեանք է: Իր կեանքին  օրինակով Պօղոս Առաքեալ կը պատուիրէ համբերութեամբ ու խո նարհութեամբ յանձն առնել նեղութիւնը, վիշտը ու չարչարանքը  (Բ.Կր 6.4-6), եւ ապա կ’աւելցնէ՝ «Մի այլայլիք՝ ոչ փառքէն եւ ո՛չ  անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն» (Բ.Կր 6.8): 

– Հոգեւոր կեանք ապրիլ չի նշանակեր աշխարհէն հեռանալ, այլ՝ հոգեւորը նկատելով գերիվեր քան նիւթականը, պայքարիլ է նոր ժա մանակներու կռապաշտութեան ու հեթանոսութեան չաստուածնե րուն դէմ, որոնք տեսանելի ու անտեսանելի կերպերով մեզ կը շրջա պատեն:  

– Հոգեւոր կեանքը, հաւատացեալի եւ հոգեւորի միջեւ տարբերու թիւն տեսնող կեանք չէ, առաջինը նկատելով՝ եկեղեցւոյ դաւանան քին ու աւանդութիւններուն հետեւող, երկրորդը՝ իր հոգեւոր կեանքը ի՛նք ստեղծող: Նման անջատում ճի՛շդ չէ: Միւս կողմէ, եկեղեցւոյ պատկանիլը բնական ընթացքով հոգեւոր չի դարձներ ենթական: Հո գեւոր կեանքը, ինչպէս ըսինք՝ եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մէջ հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:  

Արդ, որքա՜ն դժուար է հոգեւոր կեանք ապրիլը, չարով ու մեղքով  լեցուն աշխարհին մէջ: Սակայն, մկրտութեամբ Քրիստոսին հետեւե լու ուխտը կատարած քրիստոնեան կեանքի բոլոր պայմաններուն  մէջ կոչուած է Քրիստոսը ապրիլ: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ  մարդուն կեանքը: 

Հարկ է զգոյշ ըլլալ հոգեւոր կեանքի սխալ ըմբռնումներէն ու ար տայայտութիւններէն: Հաւատքի ու բանականութեան, ինչպէս նաեւ  եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն ներդաշնակ յարաբերութիւ նը հարկ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հոգեւոր կեան քին մէջ, այլապէս ան կրնայ հեռացնել ենթական Աստուածաշունչի  ու դաւանանքի ուղղափառ հասկացողութենէն, եւ առաջնորդել ո՛չ քրիստոնէական տարածքներ: Հարկ է նաեւ հեռու մնալ հոգեւոր  կեանքի չափազանցուած ցուցական արտայայտութիւններէն՝ մոռնա լով էականը եւ սոսկ արտաքին ձեւը նկատելով կարեւոր: Միշտ  յիշենք Փարիսեցիին եւ Սադուկեցիին առակը (Ղկ 18.9-14): 

 

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 

Ընդհանուր ակնարկով պարզելէ յետոյ հոգեւոր կեանքին յատ կանշական երեսները, այժմ դարձեալ ամփոփ գծերով կ’ուզենք կա տարել հետեւեալ հայրական թելադրութիւնները, թէ ինչպէս կարելի  է հոգեւոր կեանք ապրիլ, հոգեւոր կեանքին մէջ աճիլ՝ մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնելով ու իմաստաւորելով.– 

1) Առաջին հերթին, Աստուածաշունչը անանջատելի մասը պէտք  է կազմէ մեր կեանքին: Աստուածաշունչը սովորական գիրք չէ, ինչ պէս ըսինք: Քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնները, սկզբունք ները եւ արժէքները յստակօրէն պարզուած են հոն: Հետեւաբար,  Աստուածաշունչի ծանօթութիւնը էական է. անոր առօրեայ ընթեր ցումը պէտք է դառնայ մեր կեանքի բնական մասը: Սակայն, ընթեր ցումէն ու ծանօթութենէն անդին՝ հրամայական է ապրիլ Աստուա ծաշունչի պատգամը, զայն դարձնելով ուղեցոյցը մեր մտածումնե րուն, գործերուն ու ապրելակերպին:  

2) Աստուածաշունչին առընթեր, հոգեւոր գրականութեան ընթեր ցումը եւ Աստուածաշունչին առնչուած մեկնաբանութիւններուն իրա զեկ դառնալը կը նկատենք անհրաժեշտ, պայմանաւ որ անոնք պա րագայական հրատարակութիւններ չըլլան, այլ պատրաստուած ըլ լան գիտակ հեղինակներու կողմէ եւ ունենան եկեղեցւոյ հեղինակու թեան համաձայնութիւնը:  

3) Թեմերուն կողմէ հոգեւոր նիւթերու շուրջ դասախօսութիւննե րու ու սեմինարներու կազմակերպումը եւ մեր ժողովուրդի զաւակ ներուն հետեւողական մասնակցութիւնը կարեւոր են, որպէսզի հո գեւոր արժէքներու ծանօթութիւնը դառնայ աւելի ամբողջական ու  վաւերական:  

4) Սուրբ եւ անմահ պատարագի եւ ընդհանրապէս եկեղեցական  արարողութիւններու ու խորհուրդներու իմաստին ու նպատակին  պարզաբանումը ու ժողովուրդին փոխանցումը դարձեալ հրամայա կան է, որպէսզի հաւատացեալները կարենան մօտէն հաղորդ դառ նալ մեր ծիսական կեանքին մէջ պարզուած ճշմարտութիւններուն, ուսուցումներուն, սկզբունքներուն եւ արժէքներուն: 

5) Եկեղեցւոյ սուրբերուն տօնախմբութիւնը եւ աւանդութիւններու  վերակենսաւորումը, եւ այդ ծիրէն ներս ծոմապահութեան վերաշեշ տումը ազդու միջոցներ են մեր հաւատացեալներուն համար՝ հո գեւոր արժէքներով սնուցանելու իրենց կեանքը: 

6) Նիկիական հանգանակի – ուր պարզուած են եկեղեցւոյ դաւա նանքին հիմնական սկզբունքները – ճշգրիտ ծանօթացումը, ինչպէս  նաեւ Զղջում ի – ուր նկարագրուած են մարդկային մեղքերը եւ ա նոնցմէ Քրիստոնեայ մարդուն հրաժարումը – յաճախակի ընթերցու մը առ ի յիշեցում, կը նկատենք էական: 

7) Թելադրելի է, որ մեր հաւատացեալները ժողովուրդին մատչե լի ժամագիրքերու – ուր կարելի է գտնել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ  Աւագ Շաբթուան, ժամերգութիւններու ու խորհուրդներու բարեփոխ ուած եւ արեւմտահայերէնի թարգմանուած բնագրերը – ճամբով մօ տէն հետեւին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն: 

8) Ծխային եկեղեցիներու կողմէ կատարուող մարդասիրական ու  հովուական ծառայութիւններու վերակազմակերպումը եւ եկեղեցի– ժողովուրդ յարաբերութեան սերտացումը ու ծաւալումը՝ կենսական գործօններ են հայ կեանքէն ներս հոգեւոր արժէքներու առաւել ար մատացման:  

9) Մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող հոգեւոր եղբայրակցու թիւններուն գործունէութեան քաջալերանքը, եւ անհրաժեշտութեան  պարագային նման շարժումներ ստեղծելը կը նկատենք կարեւոր: 

10) Սուրբ եւ անմահ պատարագին իմաստը ու նպատակը հաղոր դութիւնն է Քրիստոսի մարմնին ու արեան: Մեծապէս գնահատելի է  ամէն Կիրակի հաւատացեալներու հաղորդութիւն առնելու հետզհե տէ աճող երեւոյթը: Հարկ է որ շարունակուի մեր հոգեւոր կեանքը  սնուցանող այս ընթացքը: 

11) Բարեսիրական աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայու թեան լծուած կեդրոններու, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն մատուց ուած օժանդակութիւնը հոգեւոր կեանքի հարազատ արտայայտու թիւններէն մէկն է: 

12) Մեծապէս թելադրելի է, որ մեր ծխային եկեղեցիները բաց  մնան հաւատացեալներուն առջեւ, որպէսզի անոնք կարենան որեւէ ժամանակ այցելել Աստուծոյ տունը եւ առանձնական աղօթքի ճամ բով ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ: Տակաւին կարելի է մատնանշել այլ երեւոյթներ ու քայլեր, որոնք  կրնան աւելի ամրապնդել հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը:  Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը մեր նախա սիրած միջոցներու շեշտաւորումով, սակայն առանց հեռու մնալու  մեր եկեղեցիէն, աստուածաշունչի ուսուցումներէն, մեր եկեղեցւոյ դա ւանանքէն, ուսուցումներէն, աւանդութիւններէն եւ առաքելութենէն:  Ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը հեռու մնալով ցուցական երեւոյթներէ  եւ որպէս սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն ծառայելով ու օգնութեան  ձեռք երկարելով մեր ազգի ու հայրենիքի կարիքներուն: Մեր սպասումն է, որ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններու, Կրօնական Ժողովներու ու հոգեւորականներու ծրագրուած ու հետե ւողական աշխատանքով, մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը աւելի աճի ու ծաղկի՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառու թեան ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման:  

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով, 

Աղօթարար՝ 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ  

1 Յունուար, 2026 

Անթիլիաս, Լիբանան