Խորհրդանիշն ու Ճշմարիտը 2
«Պիտի շարունակենք տալ բացատրութիւններ խորհրդանշական այն բաներուն, որոնք կը կատարուէին Օրէնքին տակ»
Առաջին՝ Լեղի խոտերն ու գօտեպնդուած մէջքերը:
Գառնուկին արեան սրսկումէն ետք, Տէրը կե հրամայէ զայն ուտել բաղարջով եւ լեղի խոտերով, գօտիները իրենց մէջքին, կօշիկները իրենց ոտքին եւ ցուպերը իրենց ձեռքին բռնած՝ աճապարանքով ուտել գառնուկը: Որովհետեւ եթէ մարդը ամէն իմաստով պատրաստ չըլլայ առաւելագոյն պատրաստակամութեամբ բարեգործութիւններ կատարելու, գառնուկէն ուտելու իրաւունք պիտի չունենայ: Հակառակ անոր, որ գառնուկը համեղ է, բաղարջը՝ ուտելու հաճելի, իսկ խոտերը միայն լեղի են, բայց մարդ մեծ դժուարութեամբ եւ դառնութեամբ կ’ուտէ բաղարջէն, որովհետեւ մեղքը, որ իր մէջ կը բնակի՝ անոր դառնութիւն եւ նեղութիւն կը պատճառէ:
Երկրորդ՝ Գիշեր ատեն ուտել Զատիկը (Գառնուկը):
Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Աստուած անոնց կը հրահանգէ, որ Զատիկը գիշեր ատենով ուտեն, որ խաւարին եւ լոյսին միջեւ գտնուող հանգրուանն է: Նոյնպէս ալ հոգին, երբ կը մօտենայ ազտագրուելու եւ փրկուելու հանգրուանին, ան խաւարի եւ լոյսի միջեւ կը գտնուի, եւ այս միջոցին Աստուծոյ զօրութիւնը իր կողքին կենալով կը գօտեպնդէ ու կը զօրացնէ զինք, եւ թոյլ չի’ տար, որ խաւարը անոր հոգիէն ներս թափանցելով՝ կլանէ զայն: Այնպէս՝ ինչպէս Մովսէս Հին Կտակարանին մէջ ըսաւ.- «Ասիկա Տիրոջ գիշերն է», նոյնպէս ալ Քրիստոս, երբ ժողովարանին մէջ գիրքը իրեն յանձնեցին, որ կարդայ, Ան այդ տարին յայտարարեց որպէս «Տիրոջ ընդունելի տարին» եւ փրկութեան օրը: Հին Կտակարանին մէջ յիշուած գիշերը պատիժի գիշերն էր, մինչ այստեղ՝ Նոր Կտակարանին մէջ, անիկա փրկութեան օրն է: Եւ իրողապէս ա’յս է ճշմարտութիւնը, որովհետեւ Հին Կտակարանին մէջ կարգաւորուած բոլոր երեւոյթները խորհրդանիշն ու շուքն էին գալիք ճշմարտութեան: Եւ Աստուած պարզապէս ծածուկ կերպով հոգիին փրկութեան ճշմարիտ պատկերը կը գծէր, որ խաւարի թանձր մշուշով պատուած էր եւ կապուելով՝ «մահափոսին խորը» (Սղ 88.6) նետուած էր: Եւ ան, առանց Քրիստոսի փրկագործութեան կարողութիւնը չունէր ազատութեամբ ընթանալու:
Երրորդ՝ Քրիստոս կ’ազատագրէ հոգին ստրկութենէ:
Տէրը յաղթականօրէն Եգիպտոսէն, (ստրկութեան վիճակէն) դուրս կը բերէ մարդը եւ ելքի ժամանակ կը սպաննէ անոնց, եգիպտացիներուն անդրանիկները: Այստեղ, փարաւոնին զօրութենէն բաժին մը կ’իյնայ եւ անոր փոխարէն սուգն ու ցաւը կ’իշխեն եւ կը տիրապետեն: Անոնք կը ցաւին, երբ կը տեսնեն, թէ ինչպէս կորսնցուցին Իսրայէլի ծառայութիւնը:
Տէրը հրամայեց իսրայէլացիներուն, որ եգիպտացիներէն ոսկի եւ արծաթ սպասներ խնդրեն եւ ելքի ատեն իրենց հետ տանին: Որովհետեւ երբ հոգին խաւարէն դուրս կու գայ, ան կը վերատիրանայ իր ոսկի եւ արծաթ անօթներուն, այսինքն՝ բարի մտածումներուն: Ասոնք այն մտածումներն են, որոնց միջոցաւ Տիրոջ պաշտամունք կը մատուցուի, եւ Աստուած ալ կը հաճի անոնց: Քանի որ պիղծ ոգիները, որոնք նախապէս դրացի էին հոգիին, ցրուած էին անոր մտածումները, տիրապետած՝ անոր վրայ եւ քանդած զայն: Երանի’ այն հոգիին, որ խաւարէն կ’ազատագրուի եւ վա՜յ անոր, որ չ’ազատագրուիր ու չ’աղաղակեր Աստուծոյ, որ ինք միայն կարողութիւնը ունի փրկել զինք դառն ու դաժան թագաւորներէն:
Չորորդ՝ Զատիկը ուտելէն ետք շարժման սկսիլ:
Զատիկը ուտելէ ետք, Իսրայէլի որդիները կը սկսին չուելու: Եւ այսպէս ալ հոգին դէպի յառաջ կ’ընթանայ, երբ Սուրբ Հոգիին կեանքը կը ստանայ եւ գառնուկէն ուտելով՝ անոր արիւնով սրբուած կ’ըլլայ, այսինքն՝ կերած կ’ըլլայ ճշմարիտ Զատիկը, Աստուծոյ խօսքը:
Հինգերորդ՝ Դառն ջուրերը կը քաղցրանան:
Հին Կտակարանին մէջ, երբ ժողովուրդը Մեռայի շրջանը հասաւ (Ելք 15.22), հոն աղբիւր մը կար, որմէ դառն ջուր կը բղխէր: Եւ երբ Մովսէս Տիրոջ աղաղակեց, Տէրը հրամայեց անոր, որ ան իրեն ցոյց տրուած փայտը դառն ջուրին մէջ նետէ: Եւ երբ փայտը ջուրին մէջ դրուեցաւ, դառն ջուրը անոյշ ջուրի վերածուեցաւ եւ կարելի եղաւ անկէ խմել: Նոյն ձեւով ալ հոգին դառնացաւ, երբ օձին թոյնը խմեց: Անոր բնութիւնը նմանեցաւ օձին դառն բնութեան եւ մեղաւոր դարձաւ: Այդ պատճառով ալ Աստուած կեանքի ծառը կը դնէ սրտի դառն աղբիւրին մէջ, եւ սիրտը կը դառնայ անոյշ ու քաղցր: Այսպիսով, ան պատրաստ կ’ըլլայ ծառայելու իր Տիրոջ, որովհետեւ Սուրբ Հոգին հագած կ’ըլլայ:
Փառք անոր, որ մեր կեանքի դառնութիւնը իր բարութեամբ կը քաղցրացնէ: Եւ վա՜յ անոր, որուն մէջ գոյութիւն չունի կեանքի ծառը, որովհետեւ այդպիսին երբեք բարութեան չ’ի փոխուիր:
Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան