Ինչպէ՞ս Կը Կատարուի Սրբացումը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ 5
Մենք նախորդ խորհրածութեան ընթացքին անդրադառձանք երկու երեւոյթներու մասին, թէ մեր եկեղեցին ինչպէս կատարած է սրբադասումը, այսօր կը շարունակենք խօսիլ այլ երեւոյթներու մասին եւս:
* Երրորդ երեւոյթ.- Բնականօրէն ամբողջ եկեղեցւոյ համար սուրբի մը պաշտօնական ճանաչումը գլխաւորաբար գործը պիտի ըլլար կեդրոնական վարչութեան, արաւելաբար կը հասկնանք եկեղեցւոյ գլուխը՝ Կաթողիկոսը: Սակայն զարմանալի է, որ կաթողիկոսներու կողմէ առնուած քայլերը՝ շնորհուած ճանաչումը եւ հաստատուած տօները յաճախ մնայուն չեն եղած, այլ՝ ժամանակն ու պարագաները իրենց յորձանքին հետ առեր տարեր են տօներն ալ, եւ ասիկա՝ առանց մասնաւոր պատճառի եւ առանց բացատրութեան:
Տանք օրինակներ՝ 339 թէ 340 թուականին տեղի ունեցաւ հայոց եւ պարսից միջեւ պատերազմ մը: Այն ատեն հայոց սպարապետ՝ Վաչէ Մամիկոնեան կը ժողվէ բանակը եւ պատերազմի կ’ելլէ: Բայց ահագին կորուստներ կ’արձանագրուին. Վաչէ ինքն ալ կը նահատակուի: Ամբողջ Հայաստան աշխարհը սուգի մէջ կը մտնէ: Օրուան Կաթողիկոսը՝ Ս. Վրդանէս Հայրապետ, մխիթարելով ընդհանուր ժողովուրդը կ’ըսէ թէ անոնք մեռան մեր աշխարհին, եկեղեցիներուն եւ Աստուծմէ պարգեւուած հաւատքին համար: Մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ կը յիշուի, թէ ի’նչպէս Հայրապետ մը իբրեւ վկայ եւ նահատակ՝ սուրբ կը հռչակէ հաւատքի եւ հայրենիքի համար ինկած մարտիկները, եւ անմիջապէս տօն կը հաստատէ: Եւ ո’չ միայն այսքան, այլ տակաւին՝ սկզբունք մըն ալ կը յայտարարէ այս առիթով, որ հետեւեալն է.- «Վրդանէս մեծ քահանայապետը ամբողջ երկրին մէջ օրէնք սահմանեց՝ տարուէ տարի կատարել անոնց յիշատակը: Նոյնպէս կանոն դրաւ, որ անոնք՝ որ անոնց օրինակով երկրի փրկութեան համար կը մեռնին՝ անոնց անունները յիշուին Աստուծոյ սուրբ սեղանին առջեւ, Պատարագի ժամանակ, սուրբերու անուններու յիշատակութենէն անմիջապէս ետք»:
Տարօրինակ իրողութիւն է, որ այս թանկագին յիշատակին կապուած եւ անխափան իբրեւ օրէնք սահմանուած այս տօնը մենք չունինք մեր Տօնացոյցին մէջ: Ինչո՞ւ: Օրմանեան սրբազան իր Ազգապատում գործին մէջ կ’ենթադրէ, որ Վաչէեանց տօնին հետագային միացած է Վարդանանց յիշատակը, որոնք աւելի փառաւոր եւ աւելի նշանաւոր տեղ գրաւեցին յաջորդ դարուն մէջ: Սակայն այս բացատրութիւնը ամբողջապէս գոհացուցիչ չէ:
Այլ օրինակ մը՝ 9-րդ դարու կիսուն, 853 թուի Նոյեմբերին, շուրջ 150 երիտասարդներ կապանքներով, բանտարկութեամբ եւ զանզան խոշտանքումներով Դուինի մէջ կը նահատակուին՝ իրենց հաւատքը չուրանալնուն համար: Ասոնք Ատոմ Անձեւացի քաջ նահատակին անունով ճանչցուած են որպէս նոր Ատոմեանք, զանազանելու համար առաջին Ատոմեաններէն, Ատոմ Գնունիի անունով, որոնք Աւարայրի ճակատամարտէն քիչ ետք նահատակուեցան եւ որոնք տօնելի են: Օրուան Կաթողիկոսը՝ Յովհաննէս Դ. Ովայեցի անմիջապէս տարեկան տօն սահմանած է՝ նահատակութեան ամսաթիւով, ժամանակի բոլոր միւս նահատակ սուրբերն ալ անոնց յիշատակին կապելով: Դար մը ետք, Յովհաննէս Դրասխանակերտցի պատմական կաթողիկոսը կը նշէ թէ «Անոնց նահատակութիւնը տարին անգամ մը պատուով կը տօնէին»: Ներկայիս ո՞ւր է հայրապետի մը կողմէ սահմանուած այս տօնը:
Դարձեալ, 10-րդ դարու առաջին կիսուն, Յովհաննէս Դրասխանակերտցի Կաթողիկոս նոր սուրբերու տօներ հաստատեց: Այսպէս, իր գրած պատմութեան գիրքին մէջ նահատակութեանց բազմաթիւ պարագաներ կը ներկայացնէ՝ ականատեսներէ քաղելով՝ ապա կ’աւելցնէ ըսելով.- «Այսպէս, բոլոր այս սուրբերը որոնց մասին ես պատմեցի, արդարօրէն տարեկան տօնախմբութեամբ միշտ կը պատուըուին քրիստոնէական եկեղեցիներուն մէջ: Անոնց յիշատակի օր սահմանուած է Մարերի ամսուան 27ը»: Թէպէտ ինք յստակօրէն չ’ըսեր, բայց յիշատակի օր սահմանողը ինքն էր, անշուշտ: Զարմանալին այն է, որ հայրապետական այս պաշտօնական կարգադրութիւնները դադրած են կիրառութենէ, եւ յիշուած տօները չունինք:
Այլ երեւոյթներու մասին եւս պիտի անդրադառնանք յաջորդին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: