Ինչպէ՞ս Կը Կատարուի Սրբացումը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ 4

Մենք տեսանք բոլոր եկեղեցիներու կողմէ ճանաչումը նոյն սկզբունքին, որ կը հիմնուէր ժողովրդական ճանաչումին վրայ, որուն եկեղեցին կու գար իր հեղինակութիւնը տալու: Ասիկա գրեթէ անփոփոխ իբրեւ սկզբունք մնաց սրբադասման հիմնական կերպը Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն, որոնց կարգին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ համար: Մինչդեռ Արեւմտեան՝ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ համար հետագայ զարգացումը եղաւ քիչ մը տարբեր: Այնտեղ, պահանջներու բերումով, սկզբնական ձեւին մէջ հետզհետէ շեշտուեցաւ եկեղեցւոյ իշխանութեան վճիռին կարեւորութիւնը: Ժամանակին հետ, տեղական եկեղեցիներու պատասխանատուներ երբեմն սուրբ մը ճանչնալու իրենց ձեռնարկին աւելի մեծ վարկ տալու համար՝ ուզեցին Հռոմի Պապին հաւանութիւնն ալ ունենալ: Այս մէկը հետզհետէ սովորութիւն դարձաւ եւ ժամանակի ընթացքին սովորութիւնը պաշտօնական վաւերացման բնոյթ ստացաւ: Եւ որովհետեւ շատ կողմերէ դիմումներ կու գային, հարկը ստիպեց որ յատուկ ձեւ մը կամ ընթացք մը որոշուի, եւ այսպէս, Պապին վաւերացումը օրինական արժէք ստացաւ:

Գալով մեր եկեղեցիին, դարձեալ հարցնենք, թէ ի՞նչպէս կանոնականացուցած է իր սուրբերը, հայ սուրբերը, ե՞րբ սկսած ենք զանոնք տօնել, ի՞նչպէս եւ որո՞ւ որոշումով կամ հեղինակութեամբ անոնք Տօնացոյցի անցած եւ տօնելի դարձած են:

Փորձենք կարգ մը պատասխաններ գտնել այս հարցումներուն:

Անցեալ դարուն պատրաստուած մէկ-երկու քրիստոնէականներու մէջ կը հանդիպինք յայտարարութիւններու՝ թէ մինչեւ 15-րդ դար սրբոց տօները սահմանուած են Ազգային Ժողովներով: Բայց նման պաշտօնական յիշատակութիւն մը չէնք գտներ:

Այլ մէկ յայտարարութեան մը մէջ կ’ըսուի թէ բաւական է թերթել Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ պատմութիւնն առաջին դարէն՝ այսինքն Ս. Թադէոսի եւ Բարդուղիմէոսի եւ անոնց նահատակակիցներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եւ մենք կ’ունենաք հաստատուն ապացոյց մը որ սրբադասութիւնը ոչ թէ մարդկային քննադատութեամբ ու վճիռով է որ կը տրուի, այլ աստուածային գործով է որ կը հռչակուի մարդու մէջ:

Տօնելի սուրբերու պարագային՝ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ճանաչումը կամ սրբադասումը յաճախ կատարուած է պատահականօրէն: Պիտի մատնանշենք մի քանի երեւոյթներ, որոնք տարբեր կերպեր ու հանգամանքներ կը վերյայտնեն.-

* Առաջին երեւոյթ: Այս պարագային ճանաչումը սկիզբ կ’առնէ անհատական բարեպաշտութենէն, անհատական նախաձեռնութեամբ, փոխանակ ժողովրդական բարեպաշտութենէն սկիզբ առնելու եւ պարզապէս յայտարարուելու եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ: Ասոր լաւագոյն մէկ օրինակը՝ Հռիփսիմեան ու Գայիանեան կոյսերու հռչակումն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ: Հազիւ Խոր Վիրապէն ելած, մեծ Սուրբը կը հարցնէ. «Ո՞ւր են Աստուծոյ վկաներուն մարմինները»: Ցոյց տուին վայրը՝ ուր Հռիփսիմեանք նահատակուած էին եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ անոնց մարմինները հաւաքեց, ամփոփեց եւ «Սուրբերը պատեց՝ իւրաքանչիւրը իր հագուստներով» կ’ըսէ Ագաթանգեղոս պատմիչը եւ այնտեղ հաստատեց նաեւ իր կայքը: Յաջորդ օր, թագաւոր, նախարարներ, աւագանի եւ ժողովուրդ կու գան կը ծնրադրեն Ս. Գրիգորի եւ «Աստուծոյ նահատակներու սուրբ ոսկորներուն առջեւ» եւ Ս. Գրիգոր իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով կը շեշտէ՝ թէ նահատակուած կոյսերը Աստուծոյ սիրելի սուրբ վկաներն են: Այստեղ յստակօրէն կ’երեւի, որ Հռիփսիմեանց իբրեւ սուրբ ճանաչումը կը սկսի Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, անմիջական եւ ինքնաբուխ: Նախաձեռնութիւնն ու ճանաչումը Գրիգորի անհատական հեղինակութեամբ կը կնքուի, երբ տակաւին ինք եկեղեցական կարգ կամ հանգամանք ալ չունէր:

* Երկրորդ երեւոյթ: Երբեմն սրբադասման առաջարկը կամ դիմումը եւ երբեմն ալ ուղղակի նախաձեռնութիւնը կու գայ շրջանի եկեղեցական իշխանութենէն, եպիսկոպոսէն կամ քահանայից դասէն, ինչ որ սրբադասման քիչ մը աւելի պաշտօնական բացատրութեամբ մը՝ իրաւական կերպն է:

Օրինակի համար, 13-րդ դարու պատմիչ-մատենագիր Ստեփանոս եպս. Օրբէլեան կը նշէ թէ՝ 5-րդ դարուն, Աւարայրի ճակատամարտէն անմիջապէս ետք, ինչպէս ա’յլ վայրերու՝ այնպէս ալ Սիւնեաց նահանգի զանազան վայրերու մէջ հարիւրաւորներ նահատակուեցան: Տեղացիներ ամփոփեցին սուրբերը, վկայարաններ եւ մատուռներ շինեցին անոնց վրայ: Օրուայ Գիւտ Կաթողիկոսը, երբ լսեց, հրամայեց մեծ վկայարան մը շինել եւ սուրբերուն ոսկորները հոն ամփոփել: Աւելի ուշ զանոնք փոխադրեցին նորակայոյց եկեղեցւոյ մը մէջ, ուր նաւակատիքը կատարեցին ութը օր:

Թէպէտ յայտնի չէ թէ Գիւտ Կաթողիկոս տարեկան տօն մը սահմանե՞ց անոնց համար թէ ոչ, բայց վկայարանի շինութենէն եւ տօնախմբութեան շուքէն ատիկան բնականօրէն կը մակաբերուի: Բայց այդ մասին ոչինչ կը գտնենք Յայսմաւուրքներու մէջ, ո’չ ալ մեր Տօնացոյցին:

Այլ երեւոյթներու մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդին:

Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: